ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Քանի մը տարի առաջ էր, որ ծանօթացայ գաղափարապաշտ եւ նուիրեալ ուսուցչուհիի՝ տիկին Էլիզ Կոկանեանի հետ, որ խորապէս տպաւորեց զիս։ Մեր այդ հանդիպման ժամանակ պատմած էր 1954-55 թուականներուն Պոյաճըգիւղի մանկական ճամբարի մէջ ունեցած առաքելութիւնը։ Իր պաշտօնակիցներէն մէկը առաջարկած էր ամառնային արձակուրդի օրերուն աշխատիլ Պոյաճըգիւղի մէջ, իբրեւ կամաւոր մանկավարժ։ Այդ ժամանակ ճամբարի մէջ պատսպարուող երախաներու թիւը 30-ի շուրջ էր։ Պոլսոյ զանազան հայ դպրոցներէն հաւաքուած երախաներ, որոնք ընկերային պայմաններու անբաւարարութեան պատճառաւ յատուկ խնամքի կը կարօտէին, մէկտեղուած էին այդտեղ, ուր գոնէ օրը երեք ժում սնունդով պիտի ապահովուէին, պիտի օգտուէին առողջ կլիմայէն եւ աւելի կազդուրուած պիտի վերադառնային յաջորդ ուսման եղանակին։ «Իւրաքանչիւր օր ցերեկուայ ճաշէն ետք յատուկ կը խնամէինք երախաները եւ ապա երկու ժամուայ քունի պահը կը սկսէր իրենց։ Իսկ Կիրակի օրեր յատուկ շորեր հագած կը մասնակցէին տեղւոյն Սրբոց Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագին։ Դժուար ժամանակներ էին եւ բոլոր պայմանները դժուար հասանելի։ Այդ տարազները միայն արարողութեան պահուն կը հագնէին եւ ապա ետ կը հաւաքէի որպէսզի միշտ մաքուր եւ խնամեալ մնան»։ Այդ ժամանակ ալ ազդուած էի այս բոլորը լսելով։ Թափանցել ուզած էի անչափահաս այդ տղոց հոգեբանութեան եւ նաեւ տպաւորուած էի ուսուցչուհիի նուիրումէն։ Իզուր չէ որ միշտ կ՚ըսուի «ուսուցչութիւնը նուիրում պահանջող ասպարէզ է»։ Սակայն կար աւելի ու աւելին։ Տիկին Կոկանեան պատմած էր 6-7 Սեպտեմբերի այդ սարսափազդու օրերուն մասին։ «Այդ օր յատկապէս ալ երախաներու ամենափոքր ու ամենանիհար երկուքը, որ անմիջական հոգատարութեանս մէջ պահեմ ըսելով առած էի իմ սենեակս, բոլորս վախ ու սարսափով հետեւեցանք խուժանին, որ ձեռքը ջահերով մտաւ եկեղեցւոյ բակը, վնասեց եկեղեցիին ու ապա պարտէզին մէջ գտնուած եւ ցերեկուայ ժամերուն երախաներուն խաղավայրը ծառայող վրանը կրակի տալով հեռացաւ։ Անոնց հեռացումէն ետք բոլոր տղաքը հաւաքեցի, ապահովեցի սթէշըն ինքնաշարժ մը եւ ապահով կերպով տարի տղաքը բաժնեցի իրենց տուները»։ Շատ ազդուած էի այս բոլորը լսելով։ Նոյնիսկ իր պատմածները ֆիլմի մը ժապաւէնի նման երեւակայած էի աչքերուս առաջ։ Իսկ այսօր պատահութիւնները այնպէս ձեւաւորեցին, որ ինքս անձամբ այցելեմ այդ վայրը։ Շաբթու մէջ ստացուած հրաւէր մըն էր այս բոլորին պատճառը։ Ծանօթ քահանայ մը իմաց կու տայ թէ Պոլսոյ Հրանդ Տինք Վարժարանի սաները պիտի այցելեն քաղաքի այս արուարձանի եկեղեցին։ «Թաղականութեան կարգադրութիւնով փիքնիկ մըն է կատարուածը» ըսած էր, զիս հրաւիրող քահանան։ Այսքան բացատրութիւնը արդէն բաւական էր ինծի, որ իսկոյն հինգամեայ դուստրս առնեմ եւ ընկերակցիմ իրենց։ Եկեղեցւոյ մուտքէն արդէն կը լսուէր երախաներու ուրախ ճռուողիւնը։ Յաճախ մտածած եմ հայերէնը աշխարհի այն հարուստ լեզուներէն ըլլալու է, որոնք ունին բնութենէն փոխառնուած հարուստ բառամթերք։ Ահա սա ճռուողիւն բառը, որքան հարազատ է բառ մը բացատրելու առումով։ Խաղի պահուն այդ տարիքի տղոց ուրախ ճիչերը բնութագրելու համար դժուար թէ գտնուի աւելի համապատասխան բառ մը, քան ճռուողիւնը։ Եթէ այդ բառը պիտի չնշանակէր երախաներու ուրախ ճիչերը, պիտի ունենար միայն մէկ տարբեր նշանակութիւն, որն է թռչուններու գարնան գեղգեղումը։ Աստուած իմ ինչ հրաշալի է մանկութիւնը, եթէ ոչ մանկական ուրախ տրամադրութիւնը ուրիշ ի՞նչ կրնար այսքան մեծ ուրախութիւն պատճառել պարզապէս գնդակի մը ետեւէն վազելու համար։ Այո, գնդակով կը խաղային տղաք գունդ առ գունդ ամէն մէկը իր տարեկիցներով կողք կողքի, իսկ ես կը խորհէի հայոց եկեղեցւոյ առանձնայատկութեան մասին։ Իրաւ ալ աշխարհի վրայ արդեօք քանի ժողովուրդներ կան, որոնց սրբազան աղօթատեղին նման ճիչերով ողողուի եւ հաւատացեալներ ուրախանան վայելելով այդ աղմուկը։ Կարծես սա միայն մեր եկեղեցւոյ յատուկ երեւոյթ է եւ աշխարհի երեսին ուրիշ բազմաթիւ կրօններ պիտի դժգոհէին երախաներու պատճառած այս աղմուկէն։ Բայց ըսինք չէ՛ անոնց աղմուկ կարծածը մեզի համար բոլորովին ուրիշ նշանակութիւն ունէր։ Այդ աղմուկը ժողովուրդի մը կենդանութեան, նոյնիսկ կենսունակութեան ապացոյցն էր։ Այդ օր զգացի, որ Էլիզ Կոկանեանի հոգին ալ կը սաւառնի այդ աղմուկին մէջ։ Տարիներ ետք կը վերակենդանանան իր յիշատակները, գոնէ այս անգամ իմ միջոցաւ։ Ես եմ որ պիտի պատկերացնեմ իր կերպարը այս բակին մէջ։ Սա պահուն ուրիշ ինչ կրնամ ունենալ, որպէս բարեմաղթութիւն։ Մանուկներու ճիչը թող անպակաս ըլլայ այս պարտէզին մէջ եւ ինչու չէ թող յորդի նաեւ, թող հասնի մեր բոլոր եկեղեցիներու շրջափակին։ Բոլորիս բաժին թող վիճակի համոզուելու համր թէ, կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք։