Վայելելու համար Պարթեւ Կարեանի երաժշտական տաղանդը

Հայ երաժշտա­կան աւան­դը Պոլ­սոյ մէջ լա­ւագոյն ներ­կա­յաց­նող եր­գիչն է Սա­հակ Պար­թեւ Կա­րեան, որ վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց իր սոյն տա­րուայ հա­մեր­գա­յին ծրագ­րի ձայ­նագրու­թիւնը ֆլէշ յի­շողու­թեան դրու­թեամբ։

Ձայ­նագրու­թեան մէջ կը հան­դի­պինք Խա­չատուր Աւե­տիսեանի «Իմ Լաւ», «Կա­պոյտ Երազ», «Այ Սեւ Աչե­րով Աղ­ջիկ», «Իմ Անուշ Տա­ւիղ», «Իմ Եղեգ» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն եւ մեծ եր­գա­հանի ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու ձօ­նուած օրա­թորիայէն «Տաղ Յայտնու­թեան» հա­տուա­ծին։ Մա­ժաք Թօ­շիկեանի Յով­­հաննէս Շի­­րազի խօս­­քե­­­րուն վրայ յօ­­րինած «Արա­­րատ»ը, Ալեք­­սէյ Հե­­քիմեանի ան­­մո­­­րանա­­լի յօ­­րինում «Բա­­րի Արա­­գիլ»ը, Փոլ Պաղ­­տա­­­տեանի «Հայ Որ­­դիք», Յա­­րութ Փա­­մուքճուեանի «Քեզ Բա­­րի Լոյս» ծա­­նօթ եր­­գե­­­րը, եւս մաս կը կազ­­մեն 21 գոր­­ծե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող եր­­գա­­­ցան­­կին։

Պար­­թեւ Կա­­րեանի առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րէն է գոր­­ծակցիլ զա­­նազան­­նե­­­րու հետ եւ վեր հա­­նել անոնց երաժշտա­­կան վաս­­տա­­­կը։ Ար­­դա­­­րեւ այս աշ­­խա­­­տու­­թեան մէջ ալ ան կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իրեն ըն­­կե­­­րակ­­ցող բազ­­մա­­­թիւ նուագա­­ծու­­նե­­­րը, երգչու­­հի­­­ները եւ եր­­գա­­­հան­­նե­­­րը։ Հա­յերէն եր­գի սի­րահար­նե­րու հա­մար անգտա­նելի հա­ւաքա­ծոյ մըն է, որ դրուած է մեր սե­ղանին վրայ եւ կա­րելի է ապա­հովել Օս­մանպէյ Նուսթալ­ֆի գրա­խանու­թէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ