Արհեստին ուժը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Աս պատմութիւնը պոլսահայոց հեքիաթ մըն է, որ շատ կը նմա­նի Վա­չական թա­գաւո­րի ու Անա­հիտի մա­սին աւան­­դազրոյ­­ցին։

Յայտնի է թէ հին ժա­­մանակ­­նե­­­րը թա­­գաւոր­­նե­­­րը սո­­վորու­­թիւն մը ու­­նէին ծպտուած պտտե­­լու իրենց երկրին մէջ՝ ժո­­ղովրդի իրա­­կան դրու­­թեանը ծա­­նօթ ըլ­­լա­­­լու հա­­մար։ Այն ժա­­մանակ­­նե­­­րը երի­­տասարդ թա­­գաւոր մը կ՚ըլ­­լայ։ Ան իր կա­­ռավար­­չին հետ օր մը ծպտուած կ՚եր­­թայ գիւ­­ղե­­­րով շրջե­­լու եւ ճա­­նապար­­հին բլու­­րի վրայ ծեր գիւ­­ղա­­­ցու մը կը հան­­դի­­­պի։

Մի­­մեանց բա­­րեւ տալ առ­­նե­­­լուն ետ­­քը թա­­գաւո­­րը կը խնդրէ աս գի­­շեր հիւր ըլ­­լալ ծեր մար­­դու տա­­նը։ Էհ, հիւ­­րը Աստծունն է, ինչ պի­­տի ըսէր ծեր գիւ­­ղա­­­ցին՝ կ՚ու­­զէ, թող ըլ­­լայ։

Տուն բարձրա­­նալու ճամ­­բին թա­­գաւո­­րը կ՚ըսէ.«Հօ­­րեղ­­բա՛յր, եկուր այս բլու­­րէն վեր ել­­լա­­­լու ժա­­մանակ դուն զիս կռնակդ առ, որ յոգ­­նութիւն չզգամ, իսկ բլու­­րէն վար իջ­­նե­­­լու ժա­­մանակ՝ ես քեզ կռնակս կ՚առ­­նեմ»։

Գիւ­­ղա­­­ցին աս տե­­սակ խնդրան­­քէն շատ կը զար­­մա­­­նայ, ապա կը բա­­ցատ­­րէ տա­­րօրի­­նակ երի­­տասար­­դին, որ ին­­քը շատ ծեր է այդ բանն ընե­­լու հա­­մար։

Տուն կը հաս­­նին, հիւ­­րե­­­րը գոր­­գին կը նստին, իսկ ծեր գիւ­­ղա­­­ցին իր աղջկայ մօտ կը շտա­­պէ եւ նրան կը պատ­­մէ իր հիւ­­րե­­­րի տա­­րօրի­­նակ խնդրան­­քի մա­­սին։ Աղ­­ջի­­­կը, որ շատ խե­­լացի կ՚ըլ­­լայ, կ՚ըսէ թէ. «Հայ­­րի՛կ, դուն ճիշդ չես հասկցեր անոնց խնդրան­­քը, անոնք ըսել կ՚ու­­զէին, որ բլու­­րէն վեր ել­­լա­­­լու ժա­­մանակ դուն որ­­պէս մե­­ծահա­­սակ մարդ բան մը պատ­­մես, որ ին­­քը յոգ­­նութիւն չզգայ, իսկ վար իջ­­նե­­­լու ժա­­մանակ՝ իրենք կարճ բան մը կը պատ­­մեն»։

Թա­­գաւո­­րը կը լսէ հօր եւ աղջկայ զրոյ­­ցը եւ շատ կը զար­­մա­­­նայ աղջկայ իմաս­­տութեամբ։ Ապա աղ­­ջի­­­կը կ՚եր­­թայ ընթրիք պատ­­րաստե­­լու։ Կը մտա­­ծէ, որ ընթրի­­քը տրա­­մաբա­­նական ու հա­­նելու­­կա­­­յին ըլ­­լայ եւ 12 հատ հաւ­­կիթ կը խա­­շէ, աման­­նե­­­րուն մէջ կը լեց­­նէ կաթ, մա­­ծուն, սեր, մեղր եւ եր­­կու հատ ալ մեծ ու կլոր գիւ­­ղա­­­կան հաց ու հօ­­րը կը կան­­չէ թեփ­­սին տա­­նելու։

Հայ­­րը կը տես­­նէ 12 հատ հաւ­­կի­­­թը եւ եր­­կու հատ հա­­ցը ու կը մտա­­ծէ, որ իրենք 3 հո­­գի են, երե­­քական ձուն ու մէ­­կական հա­­ցը իրենց կը բա­­ւէ, այ­­դու թէփ­­սիէն երեք ձու եւ երեք հաց կը վերցնէ ու կը պա­­հէ մի կողմ։ Մնա­­ցածը կը տա­­նի եւ կը հիւ­­րա­­­սիրէ ծպտուած թա­­գաւո­­րին ու կա­­ռավար­­չին։

Թա­­գաւո­­րը ու­­շա­­­դիր կը զննէ աղջկայ պատ­­րաստած հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը եւ ծե­­րու­­կին կը հարցնէ։

- Հօ­­րեղ­­բա՛յր, այս ի՞նչպէս կ՚ըլ­­լայ։ Ձեր գիւ­­ղին արե­­ւը կ՚երե­­ւայ կլոր է, ամա ձեր լու­­սի­­­նը եր­­բեք չի՞ կլոր­­նար։ Իսկ ձեր տա­­րին ալ, կար­­ծես, ինն ամիս է, երեք ամի­­սը պա­­կա՞ս է։

Գիւ­­ղա­­­ցին նո­­րէն բան չի հասկնար աս խօս­­քե­­­րէն, միայն կը շփո­­թի։ Աղ­­ջի­­­կը աս որ կը լսէ, ընթրի­­քին վեր­­ջը կը հարցնէ իւր հօ­­րը թէ ին­­չու այն երեք ձուն ու հա­­ցը ափ­­սէին մէ­­ջէն հա­­ներ էր։ Թա­­գաւո­­րը սա էլ կը լսի եւ շատ կը հաւ­­նի աղջկան եւ խել­­քը եւ գե­­ղեց­­կութիւ­­նը. որո­­շում կ՚առ­­նէ պա­­լատ դառ­­նա­­­լուն պէս խնա­­մախօս ղրկել եւ ամուսնա­­նալ աղջկայ հետ։

Եր­­կու օր ետ­­քը պա­­լատա­­կան խնա­­մախօս­­նե­­­րը մեծ ըն­­ծա­­­ներով կու գան աղջկայ ձեռ­­քը խնդրե­­լու։ Ծե­­րու­­կը նո­­րէն մեծ զար­­մանք կ՚ապ­­րի, կը շփո­­թի, ամա կ՚ըսէ թէ ատ իր խել­­քի բա­­նը չէ, թող իր աղջկան հարցնեն։

Աղ­­ջի­­­կը թէ­­պէտ կը հա­մաձայ­նի թա­գու­հի ըլ­լալ, բայց պայ­ման առաջ կը դնէ՝ թա­գաւո­րը պար­տա­ւոր է ոեւէ ար­հեստ գիտ­նալ, զի ամէն մարդ ար­հեստ մը պի­տի գիտ­նայ, կ՚ու­զէ ան­գամ թա­գաւոր ըլ­լայ։

Թա­գաւո­րը աղջկայ պայ­մանն ար­դար կը հա­մարի եւ կը սկսի վար­պե­տի մը հետ ձե­ռագործ սոր­վիլ։ Կարճ ժա­մանակ անց թա­գաւորն ու աղ­ջի­կը կ՚ամուսնան։ Կ՚անցնեն տա­րիներ, թա­գաւո­րը ազատ ժա­մանակ գոր­գեր կը գոր­ծէր, գաղտնա­նախ­շեր կը յօ­րիներ, որոնց իմաս­տը միայն ինքն ու թա­գու­հին կը հասկնա­յին։

Օր մը թա­գաւո­րը որ­սորդու­թեան կ՚եր­թայ, վա­րազի ետե­ւէն հաս­նե­լու հա­մար շատ առաջ կ՚ընկնէ իր շքախմբէն եւ աւա­զակ­նե­րու լա­րած թա­կար­դը կ՚ընկնէ։ Ինչ կ՚ընէ, աւա­զակ­նե­րէն չի կրնար փախ­չիլ։

Այդ ժամ նա աւա­զակ­նե­րէն գու­նա­ւոր թե­լեր, ասեղ ու կտոր մը կը խնդրէ, նախ­շե­րով գե­ղեցիկ ձե­ռագործ մը կը պատ­րաստէ եւ կը պա­տուի­րէ այն տա­նել պա­լատ ու թա­գու­հուն նուիրել, ին­չի հա­մար թա­գու­հին անոնց մեծ վար­ձատրու­թիւն կու տայ։

Աւա­զակ­ներն այդպէս ալ կ՚ընեն։ Թա­գու­հին կը կար­դայ ձե­ռագոր­ծը, ուր ման­րա­մասն ներ­կա­յացուած էր թա­գաւո­րի գտնուելու վայրն ու պայ­մաննե­րը։ Թա­գու­հին մեծ զօրք կը հա­ւաքէ ու կ՚եր­թայ, կը գտնէ այդ տե­ղը, կ՚ազա­տէ թա­գաւո­րին եւ կը բե­րէ պա­լատ։ Ահա թէ ին­չեր կ՚ընէ ար­հեստին ու­ժը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ