ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հոն կեցի՛ր Վասիբ Շահին

Այն ինչ որ ըսինք նախապէս, հարկ եղաւ անգամ մը եւս կրկնել։ Ուժեր կան, որոնց դէմ կրնանք անզօր մնալ։ Այդ անզօրութեան պատճառաւ ոչ ոք իրաւունք ու­նի մեզ մե­ղադ­րե­լու։ Վեր­ջա­պէս այդ ու­ժին դէմ դի­մադ­րե­լը մեր կա­րողու­թե­նէն վեր է եւ ստի­պուած ենք պայ­քա­րելէ հրա­ժարե­լու։ Բայց ո՞րն է այն միտ­քը, որ պի­տի թե­լադ­րէ հա­մակեր­պիլ այդ պար­տութեան։ Որ­քան ալ ու­ժերս չնե­րեն կը յա­մառիմ, չեմ ծնկա­չոքեր բռնա­կալին դի­մաց, որ­պէսզի զո­հած չըլ­լամ գո­նէ ար­ժա­նապա­տուու­թիւն կո­չուա­ծը։ Կրնամ հասկնալ, եթէ ոմանք այս հրա­ւէրը չա­փազանց ռո­ման­դիզմ մը հա­մարեն։ Հա­ւաքա­կանու­թեան մէջ կրնան գտնուիլ մար­դիկ, որոնք սո­վորած ըլ­լան թէ ամէն ինչ կա­խեալ է շա­հէն ու միայն շա­հէն։ Անոնց գո­յու­թիւնը ըն­կե­րու­թեան մը հա­մար տա­նելի կ՚ըլ­լայ միայն այն ատեն, երբ ան­դին կան տա­կաւին բազ­մա­թիւ մար­դիկ, որոնք չեն հա­մակեր­պած այս կա­տարուածին եւ իրենց ամ­բողջ էու­թեամբ կը փոր­ձեն դի­մադ­րել իրենց եւ ին­չու չէ ամ­բողջ հա­սարա­կու­թեան մը պա­տիւը փրկե­լու հա­մար։ Անոնք ինքնա­բերա­բար պի­տի յա­ջողին միակ չա­փանի­շը պա­հի ան­մի­ջական շա­հը կար­ծողնե­րու ձայ­նը կտրել եւ, եթէ ոչ ընդմիշտ բայց գո­նէ որոշ ժա­մանա­կի հա­մար ձայ­նա­փողը վերցնել եւ ըն­թացքին դար­ձեալ հոգ չէ թէ ժա­մանա­կաւոր տի­րապե­տել։ Բե­րել իր խի­զախ դի­մադ­րութիւ­նը։ Կոխկրտել «շահս, միայն շահս» աղա­ղակող վա­ճառա­կանի ձայ­նը։ Չէ՛ որ, հա­կառա­կոր­դը հզօր էր, Չէ՛ որ մենք մին­չեւ վերջ չէինք կրնար պայ­քա­րիլ իր դէմ, բայց գո­նէ ըսէին. «ըրաւ իր բո­լոր կա­րելին, բայց ու­ժը այսքա­նին բա­ւեց միայն»։ Իսկ այ­սօր բո­լորո­վին ու­րիշ բան է մեր հաս­ցէին ըսուելիք­նե­րը։ Մի՛ խրտչիք, երբ ըսեն թէ «ի՞նչ կը սպա­սէիք որ»։ այս դժբախտ պայ­մաննե­րու տակ իրենք են, որ իրա­ւացի դուրս եկան։ Մենք ենք, որ ամ­բողջ ազ­գով մէկ խա­ղալի­քը դար­ձանք հա­մայնքա­յին օլի­կարխնե­րու եւ չկրցանք պար­տադրել այն ինչ որ պատ­շաճ էր։ Խա­բուած ենք ժո­ղովուրդ։ Այս պա­հուն մե­զի հա­մար թե­րեւս աւե­լի կա­րեւոր հար­ցադրում է, ար­դեօ՞ք իս­կա­պէս խա­բուած ենք միամիտ յի­մարի մը նման, թէ ոչ նող­կա­լով ամէն ին­չը տես­նե­լով դիտ­մամբ խու­սա­փած ենք այդ ցե­խին մէջ մխրճուելէ։ Սա­կայն հար­ցումի որ պա­տաս­խանն ալ ստա­ցուի հե­տեւան­քը ան­փո­փոխ պի­տի մնայ՝ ազ­գո­վին տու­ժե­ցինք։ Ար­տօ­նեցինք որ մի ոմն պե­տական պաշ­տօ­նեայ յան­ձին Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալ Վա­սիբ Շա­հինի ազատ հա­մար­ձակ իր կամ­քը պար­տադրէ մօտ 600 տա­րուայ աւան­դութիւն ու­նե­ցող աթո­ռի մը վրայ։ Այդ աթո­ռը ճիշդ է, որ իր պատ­մութեան մէջ ու­նե­ցած է ճգնա­ժամեր, որոնցմէ վերջ ի վեր­ջոյ դուրս եկած է մերթ դի­ւանա­գիտա­կան այս կամ այն ռազ­մա­վարու­թիւննե­րով, մերթ ալ պար­զա­պէս չա­րիքին յա­րատեւ չըլ­լա­լուն պարզ փաս­տով։

Իսկ այ­սօր զար­մա­նալիօրէն խա­ղալի­քի վե­րածուած ենք խմբա­կի մը ձեռ­քին մէջ, որոնք դոյզն իսկ չեն խպնիր բո­լոր այս պա­տահած­նե­րէն եւ տա­կաւին կը յա­մառին ըսե­լու թէ «կա­րեւոր է պե­տու­թեան հետ հա­մերաշ­խութիւ­նը»։ Այս խօս­քին դէմ ոչ մէկ առար­կութիւն։ Ան­շուշտ որ կա­րեւոր է պե­տու­թեան հետ հա­մերաշ­խութիւ­նը։ Ու­րեմն խնդրեմ մէ­կեր­նիդ գա­ցէ՛ք իմաց տուէք այդ նոյն պե­տու­թեան, որ­պէսզի ինքն ալ ուշքի գայ եւ հասկնայ թէ նոյնքան կա­րեւոր է ժո­ղովուրդին հետ հա­մերաշխ ըլ­լա­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Դուք որ պաշ­տօն ստանձներ էք պե­տու­թեան խօս­քե­րը հայ հա­սարա­կու­թեան պար­տադրե­լու հա­մար, խնդրեմ ան­գամ մըն ալ հա­կառա­կը փոր­ձե­ցէք եւ մեր կամ­քը փո­խան­ցե­ցէք պե­տու­թեան։ Պատ­մե­ցէք որ այս ժո­ղովուրդը ար­ժա­նի չէ նա­հան­գա­պետի մը քմա­հաճոյքնե­րով ուղղու­թիւն փնտռե­լու։ Ու­նի իր կարգ ու կա­նոնը, իր եր­կար տա­րինե­րէ եկած աւան­դութիւ­նը եւ գի­տէ թէ ինչ կա­նոնով, ինչ կար­գով պէտք է պատ­րիարք ընտրէ։ Ու­րեմն որ­պէս պե­տու­թիւն հե­ռու կե­ցէք սա հա­մերաշ­խութիւն կո­չուած վտան­գող անի­մաստ հա­շիւ­նե­րէ։ Այս ժո­ղովուրդը ո՛չ կռիւ ընե­լու ցան­կութիւն ու­նի, ո՛չ ալ իզուր տեղ խնդիր ստեղ­ծե­լու։ Անոր ու­զա­ծը շատ պարզ է, պատ­րիարք չու­նի Պատրիարքարանի մէջ եւ այս կացութիւնն ալ ընդունելի չէ։ Այսքան պարզ է մեր ցանկութիւնը եւ մենք այս պարզ ցանկութեան իրականանալուն համար ալ պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ։