Անգամ մը եւս զեղծարարութեան շշուկներ կը շրջին ազգապատկան հողատարածքի մը շուրջ։ Այս անգամ Պիւյիւքտերէ թաղի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ նշաւակ կը դառնայ զանազան մեղադրանքներու։ Խնդիրը կը ծագի եկեղեցապատկան նախկին գերեզմանի տարածքին շահագործման ակնկալութենէն։ Նախապէս «Ակօս»ի էջերուն մէջ արձագանգած էինք այս զեղծարարութեան մասին պնդումներու, քանի որ Մուրատ Սիւմէ պաշտօնի եկած օրէն սկսեալ ձեռնարկած էր կարգ մը անընդունելի քայլերու։
Ան նախ փորձած էր եկեղեցւոյ պարտէզը վարձու տալ սրճարանի մը, պատճառաբանելով թէ եկեղեցին կարիք ունի այդ եկամուտին։ Այդ օրերուն կրօնական իշխանութեան ալ միջամտութեամբ Սիւմէ հրաժարած էր այդ քայլէն եւ հատուցում տալով միայն յաջողած էր վարձակալը դուրս հանել իր գրաւած տարածքէն։ Այս անգամ տհաճ հոտերը կը հասնին նախկին գերեզմանատունէն, որ Վաքըֆներու օրէնքի վերջին փոփոխութիւններով վերստին տրամադրուեցաւ եկեղեցիին։ Հիմա Սիւմէ կ՚ուզէ այդ տարածքին վրայ շինութեան արտօնութիւն ձեռք բերել եւ արժեւորել հողատարածքը։
Ան վերջերս «Ակօս»ին տուած լուսաբանութիւնով մը հերքած էր այս մասին պնդումները ըսելով որ ինք ո՛չ մէկ նախաձեռնութիւն ունեցած է եկեղեցւոյ տարածքին համար։ Սակայն փաստացի տուեալներով կ՚ապացուցուի ճշմարտութիւններ եւ պարզ կը դառնայ որ Սիւմէ ստած է իր յայտարարութիւններուն մէջ։
Միւս կողմէ նոյն թաղի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցին ալ դատ բացած է Սիւմէի դէմ,պնդելով, որ ան դիտումնաւոր կերպով յափշտակած է լատին կաթողիկէ համայնքին պատկանող գերեզմանատունը եւս։ Անցեալին եկեղեցին այս զարգացումէն ալ անհանգիստ եղած եւ պահանջած էր որ Մուրատ Սիւմէ վերադարձնէ կաթողիկէ համայնքին պատկանող տարածքը։ Բայց այս վերջինս անդրդուելի մնացած էր եւ մերժած տարածքը վերադարձնել իր բուն տիրոջ։ Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ կը յստականայ, թէ Սիւմէ իշխանութիւններու մօտ եկեղեցին ներկայացնելու համար 7 Օգոստոս 2017-ին իրաւական փոխանորդ նշանակած է Չեթին Նայիմ անուն անձը։ Իսկ այս վերջինը իր ձեռքբերած լիազօրութիւնը 25 Օգոստոս 2017-ին փոխանցած է Ֆերեալ Թանրըվերտի անուն անձին։
Սիւմէի տեղի տուած զեղծարարութիւնները բաւական բազմաբնոյթ են, որոնց կարգին կ՚արժէ յիշել եկեղեցական պատկան դպրոցի շէնքի վարցու տալու պայմանները։ Արդարեւ թաղի երբեմնի Սահակ Մեսրոպ վարժարանը Սիւմէի կողմէ վարցու տրուած է 20 տարի պայմանով եւ ամսական 500 ԹԼ.-ի նման ծիծաղելի գումարով։