Դատական թատերաբեմը այս շաբաթ

Իրաւա­պաշտպան­ներ
ազատ ար­ձա­կուե­ցան

Իս­թանպուլ Մեծ Կղզիի մէջ 11 մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու ժո­ղովի պա­հուն բեր­ման են­թարկուելով սկսող գոր­ծընթա­ցի առա­ջին փու­լը աւար­տե­ցաւ ձեր­բա­կալուած­նե­րուն ազատ ար­ձա­կու­մով։ 25 Հոկ­տեմբե­րին կա­յացող առա­ջին նիս­տի աւար­տին դա­տակազ­մը որո­շեց դա­տավա­րու­թեան առանց ձեր­բա­կալու­թեան շա­րու­նա­կուե­լուն։ Այսպէ­սով Կիւ­նալ Քուրշուն, Իլք­նուր Իւսթիւն, Իտիլ Էսեր, Նա­լան Էր­քեմ, Փե­թեր Շթէօրտներ, Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան, Ալի Կա­րաուի եւ Վե­լի Աճու Յու­լի­սէն այս կողմ շա­րու­նա­կուած բան­տարկու­թեան պայ­մաննե­րէն ազա­տուե­ցան։ Մինչ այդ մա­մու­լի մէջ զա­նազան պնդումներ ար­ձա­նագ­րուեցաւ դա­տարա­նի այս որո­շու­մի ետին Գեր­մա­նիոյ արտ. գործ նա­խարար Սիկ­մար Կապ­րիէլի եւ նախ­կին վար­չա­պետ Կե­րարտ Շրէօտէ­րի միջ­նորդու­թեան մա­սին։ Գեր­մա­նական «Տէր Շպիկէլ» թեր­թի այս պնդու­մը ան­գամ մը եւս մտա­ծել կու տայ Թուրքիոյ մէջ դա­տարան­նե­րու քա­ղաքա­կանաց­ման վար­կա­ծը։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը ընդմիշտ կը պնդեն որ Թուրքիոյ մէջ ար­դա­րադա­տու­թիւնը ազատ է եւ կա­րելի չէ անոր վրայ ճնշում բա­նեց­նել։ Իսկ «Տէր Շպիկէլ»ի պնդու­մով ի հի­մանէ կաս­կա­ծի տակ կը մնայ այդ պնդու­մը, որ ար­դէն եր­բեք հա­մոզիչ չէ եղած հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Թուրքիոյ մէջ միայն միամիտ­ներն են որ պի­տի կրնան հա­ւատալ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու այդ տե­սակի պնդումնե­րուն։

«Էօզ­կիւր Կիւ­նտեմ»ի լրագ­րողներ ազատ են, «Ճումհու­րի­յէթ»ինը ո՛չ

Թուրքիա վեր­ջերս կը վա­յելէ ամե­նամեծ թի­ւով լրագ­րողներ բան­տարկող երկրի հան­գա­ման­քը։ Ան­շուշտ որ այս տե­սակի մրցա­նակի մը ար­ժա­նանա­լու ամօ­թարար խնդրին մէջ յա­տուկ բա­ժին ու­նին «Էօզ­կիւր Կիւ­տեմ» թեր­թի խմբա­գիր­նե­րը, յօ­դուա­ծագի­րերը, զօ­րակ­ցութեան իմաս­տով միօրեայ հեր­թա­փոխ հրա­տարակ­չութեան վա­րիչի պաշ­տօն ստանձնող­նե­րը եւ թեր­թի սե­փակա­նատէ­րերը։ Ար­դա­րեւ այդ բո­լորը միաս­նա­բար բեր­ման են­թարկուած եւ ապա ձեր­բա­կալուած էին իրենց հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն պատ­ճա­ռաւ։

25-26 Դեկ­տեմբեր թուական­նե­րուն կա­յացող դա­տական նիս­տը ազատ ար­ձա­կեց թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր՝ Ինալ Քը­զըլ­քա­յան եւ ար­տօ­նատէր՝ Քե­մալ Սան­ճը­լըն։ Նոյն օր կա­տարուեցաւ նաեւ «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թի գրող­նե­րուն դէմ կա­տարուած դա­տական նիս­տը, սա­կայն այստեղ ազատ ար­ձա­կու­մի որո­շումներ չկա­յացան եւ մնա­ցին բան­տի մէջ։

Քա­ւալա ձեր­բա­կալուած

Երբ դա­տարան­նե­րը ազատ կ՚ար­ձա­կէին մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րը եւ կարգ մը լրագ­րողներ, հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադրու­թիւնը կը խտա­նար հան­րա­ծանօթ մտա­ւորա­կան Օս­ման Քա­ւալա­յի բան­տարկու­թեան պայ­մաննե­րուն վրայ։ Սա­կայն այդ ակնկա­լու­թիւնը բո­լորո­վին ցնդե­ցաւ, երբ դա­տարա­նը վճռեց բան­տարկեալ պա­հել ծա­նօթ գոր­ծի­չը։ Նշենք որ Քա­ւալա­յի բեր­ման են­թարկուիլը երկրէ դուրս ալ տե­ղի տուած էր բա­ցասա­կան ար­ձա­գանգնե­րու։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ