Պոլսահայ գրաւոր մամուլի երկու կարեւոր թերթերը այս օրերուս արդար հրճուանքով կը նշեն կրկնակ յոբելեաններ։ «Ժամանակ» ուրախ է իր ընթերցողներուն հետ բաժնելով թերթի հրատարակութեան 110-րդ փառաւոր տարեդարձի ուրախութիւնը։ Իսկ «Մարմարա» կ՚ողջունէ թերթի սիւն հանդիսացող խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի այս ծառայութեան մէջ բոլորած 50 տարին։ Բնականաբար այս զոյգ յոբելեանները պատճառ դարձան, որ երկու թերթերն ալ իրենց էջերը տրամադրեն զանազաններէ հասած շնորհաւորութեան ու ողջունի գրութիւններու։ Քաջ կը գիտակցինք ներկայ ժամանակներուն հայերէն թերթ հրատարակելու յամառ աշխատանքին դժուարութիւններուն։ Ուրեմն կը ձայնակցինք «Ժամանակ»ի խմբագրին, այն հաստատումին, թէ «Ժամանակ կը մնայ աշխարհի սակաւաթիւ օրաթերթերէն մին, որ կ՚արտադրուի արեւմտահայերէնով։ Իր լինելութեամբ, իսկ վիթխարի ժառանգութեան մը մերօրեայ համեստ իրաւայաջորդն է ան»։
«Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան թերթի ղեկը ստանձնած օրէն այս կողմ յաջողեցաւ ուրոյն դիմագիծ մը տալ իր վարած թերթին։ Այստեղ եւս յիշատակման արժանի է արեւմտահայերէնի նկատմամբ ցուցաբերուած գերզգայուն հոգատարութիւնը։ Երբ սփիւռքի բազմաթիւ կեդրոններու մէջ արեւմտահայերէնով լոյս տեսնող զանազան թերթեր տարիներու ընթացքին նահանջեցին իրենց լեզուական նախասիրութիւններուն մէջ, ո՛չ միայն լեզուական, այլ ուղղագրական կանոնով ալ հետեւեցան արեւելահայերէնի, «Մարմարա» նոյնիսկ արտատպումներու պարագային փորձեց արեւմտահայերէնի վերածելով իր ընթերցողներուն փոխանցել այդ նիւթերը։
«Ակօս» սրտանց կ՚ողջունէ իր պաշտօնակիցներու այս ուրախ յոբելեանները մաղթելով իրենց հրատարակութիւններու մէջ յաւիտենականութիւն, իսկ սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանին երկար եւ արեւշատ օրեր։