Որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ Պաքու-Ախալքալաք-Կարս երկաթուղին

Թուրքիոյ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մասնակցութեամբ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղին։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնեն, իբրեւ նոր ժամանակներու մետաքսի ճամբան։ Այս բացատրութիւնը կը փաստէն, այն պնդումով թէ Լոնտոնէն մեկնարկող գնացքը անխափան պիտի կրնայ հասնիլ մինչեւ Փեքին։

Խնդիրը սակայն տարածաշրջանի համար ունի աւելի տարբեր նշանակութիւն։ Արդարեւ կ՚արտատպենք Եդուարդ Այվազեանի յօդուածը քաղուած Սամցխէ-Ջաւախքի մետիայ վերլուծական կեդրոնէն։

ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Պաքու-Ախալքալաք-Կարս երկաթգծի շինարա­րու­թեան ծրագ­րի մա­սին հան­րութիւ­նը տե­ղեկա­ցաւ 2007 թուակա­նի Փետ­րուարի 7-ին, երբ միջ­պե­տական փաս­տա­թուղթ մը ստո­րագ­րուեցաւ եր­կաթգծի շի­նարա­րու­թեան վե­րաբե­րեալ։ Այդ օրուանէն սկսե­լով չեն դա­դարիր խօ­սակ­ցութիւննե­րը եր­կաթգծի շի­նարա­րու­թեան ու շա­հագործման նիւ­թի շուրջ։ Հար­ցը այն է, որ տուեալ ծրագ­րէն դուրս կը մնայ Հա­յաս­տա­նը։ Այս երե­ւոյ­թը աւե­լի շատ քա­ղաքա­կան, կամ աւե­լի ճիշդ հո­գեբա­նական նշա­նակու­թիւն ու­նի ՀՀ-ի հա­մար, քան տնտե­սական։

Հո­գեբա­նական ազ­դե­ցու­թիւնը իրա­կանու­թեան մէջ պայ­մա­նաւո­րուած է այնպէս, որ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղովրդի հա­մար պար­զից-պարզ է, թէ ինչ ծրա­գիր է Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգի­ծը եւ որն է անոր իրա­գործման նպա­տակը։ Ան 21-րդ դա­րի նոր փան­թուրքիս­տա­կան ծրա­գիր է Թուրքիան Ատրպէյ­ճա­նին կա­պելու հա­մար։

1915-1920 եւ 1988-1994 թուական­նե­րուն փան­թուրքիզ­մի ծրա­գիրը չի­րակա­նացաւ հայ­կա­կան տա­րածքնե­րի մի­ջոցով եւ հի­մա այն տնտե­սական ծրագ­րի տես­քով կ՚իրա­կանա­նայ Վրաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րած­քով։

Առա­ջին հա­յեաց­քով կար­ծես ան դրա­կան կ՚ազ­դէ Հա­յաս­տա­նի վրայ այն իմաս­տով, որ Թուրքիան ու Ատրպէյ­ճա­նը կը թու­լացնեն իրենց փան­թուրքիս­տա­կան նկրտումնե­րը իրար միանա­լու ճիշդ ալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ու Ար­ցա­խի տա­րած­քով։ Սա­կայն այստեղ կայ մի պահ, որը լուրջ մտա­հոգուելու առիթ կու տայ։ Հար­ցը այն է, որ հա­յաբ­նակ Ջա­ւախ­քը տուեալ եր­կաթգծի շա­հագործման հե­տեւան­քով տա­րիներ ետք կրնայ վե­րածուել թուրքաբ­նակ շրջա­նի, իսկ ան ու­ղիղ վտանգ է Վրաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նու­թեան հա­մար։

Պա­քու-Թբի­լիսի-Ճէյ­հա­նի նաւ­թա­մու­ղի եւ Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգծի առ­կա­յու­թիւնը Վրաս­տա­նի տա­րած­քին, երկրի հա­մար ու­նի ինչպէս դրա­կան, այնպէս ալ բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թիւն։ Վրաս­տա­նի տնտե­սական շա­հը տուեալ ծրագ­րե­րուն վի­ճարկման են­թա­կայ չէ, սա­կայն նոյն ժա­մանակ վի­ճարկման առար­կայ չէ նաեւ այն փաս­տը, որ Սամցխէ-Ջա­ւախ­քը տուեալ ծրագ­րե­րու մի­ջոցով կը վե­րածուի Ատրպէյ­ճա­նի եւ Թուրքիայի հա­մար ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող տա­րած­քի։

Դժուար չէ կան­խա­տեսել, թէ որը պի­տի ըլ­լայ տուեալ երկրնե­րու յա­ջորդ լայ­նա­մասշտաբ ծրա­գիրը Սամցխէ-Ջա­ւախ­քի տա­րածաշրջա­նին վրայ։ Այն ար­դէն իսկ մեկ­նարկած է փորձնա­կան ձե­ւով եւ օրէ-օր կը ստա­նայ աւե­լի լրջա­գոյն բնոյթ։ Խօս­քը ֆի­զիկա­պէս թուրքա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին է, որը ար­դէն իսկ ամուր ար­մատներ թո­ղած է Ախալցխա­յում ան­բա­րոյա­կանու­թեան բիզ­նե­սի զար­գացման առու­մով, ին­չի հա­մար քա­ղաքի մէջ բա­ցուած են տաս­նեակ ռես­տո­րան­ներ ու սրճա­րան­ներ, որոնք թուրք յա­ճախորդնե­րուն ան­պայման կ՚առա­ջար­կեն այլ ծա­ռայու­թիւններ եւս։ Այս բո­լորէն ել­նե­լով կա­րելի է միայն են­թադրել, թէ ինչքա­նով մեծ­նա­լու է տուեալ «բիզ­նես»ի կա­րիքը Ախալ­քա­լաքում մօ­տակայ ապա­գային, երբ շա­հագոր­ծուի Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգի­ծը։ Ախալ­քա­լաքում ար­դէն գոր­ծող թուրքա­կան մաս­նա­կի խա­նութնե­րու կող­քին սունկի պէս կ՚աճի թուրքա­կան ու ատրպէյ­ճա­նական ռես­տո­րան­նե­րը ու հիւ­րա­նոց­նե­րը։ Եւ այս միայն սկիզբն է։ Ամե­նայն հա­ւանա­կանու­թեամբ դէպ­քե­րը ըն­թա­նան Պա­թու­մի սցե­նարով։ Գե­ղեցիկ շի­նու­թիւններ եւ զար­գա­ցող տնտե­սու­թիւն։ Աշ­խա­տան­քի տե­ղերը հիմ­նա­կանին թուրքե­րու եւ նուազ չա­փով վրա­ցինե­րու հա­մար։ Ապա­գային թուրք մես­խեթցի­ները Թուրքիայի եւ Ատրպէյ­ճա­նի օգ­նութեամբ աւե­լի մեծ ցան­կութիւն կը դրսե­ւորեն Սամցխէ-Ջա­ւախ­քի տա­րածաշրջան վե­րադառ­նա­լու հա­մար, ուր ար­դէն բա­ւակա­նին ամ­րապնդուած կ՚ըլ­լան իրենց ցե­ղակից­նե­րը։

Երե­ւի անի­մաստ է խօ­սել այն մա­սին, թէ ինչ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յե­տոյ մօտ 20-30 տա­րի անց։ Այն ինչ տա­րիներ առաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­թում հնա­րաւոր է կրկնուի նաեւ Ջա­ւախ­քի մէջ։ Բնա­կան է եթէ Վրաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը այդ բո­լորէն դա­սեր չքա­ղեն ու այսպէս շա­րու­նա­կուի, ապա շատ շու­տով Պա­քու-Թբի­լիսի-Ճէյ­հա­նի նաւ­թա­մու­ղը եւ Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգի­ծը Սամցխէ-Ջա­ւախ­քը կը հսկէ օրէ-օր բազ­մա­ցող թուրքա­կան ազ­գաբնակ­չութիւ­նը։

Ար­դէն իսկ Ատրպէյ­ճա­նէն կը հնչեն պա­հանջներ, որ Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգծէն ոչ մի պա­րագա­յին պէտք չէ օգ­տուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը։ Այ­սինքն կը պար­զուի, որ եր­կաթգծի ծրա­գիրը ան­թա­քոյց ու­նի նպա­տակ Հա­յաս­տա­նը մե­կու­սացնե­լու հա­մար։

Շատ կա­րեւոր է, որ Վրաս­տա­նը չեն­թարկուի Ատրպէյ­ճա­նի տուեալ սադ­րանքնե­րուն, քան­զի ապա­գային միայն հայ­կա­կան կող­մի օգ­նութեամբ հնա­րաւոր կ՚ըլ­լայ դի­մակա­յել վե­րոն­շեալ խնդիր­նե­րուն եւ հա­ւասա­րակշռել թուրք-ատրպէյ­ճա­նական ներ­կա­յու­թիւնը Սամցխէ-Ջա­ւախ­քի մէջ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով Վրաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը պէտք է յի­շեն, որ ցան­կա­ցած քայլ, որը ուղղուած է Ջա­ւախ­քի հա­յու­թիւնը թու­լացնե­լուն, պու­մե­րան­կով հա­րուա­ծելու է ուղղա­կի Վրաս­տա­նի շա­հերը։

Ար­դա­րեւ ատրպէյ­ճա­նական լրա­տուա­միջոց­ներն ալ ու­շադրու­թիւնը սե­ւեռած են Սամցխէ-Ջա­ւախ­քի տա­րածաշրջա­նի նկատ­մամբ։ Անոնք ամէն կեր­պով կը փոր­ձեն շա­հար­կել Ջա­ւախ­քի մէջ հայ­կա­կան ան­ջա­տողա­կանու­թեան նիւ­թը, որ­պէսզի ոչ միայն լա­րեն հայ-վրա­ցական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, այլ անոր հիմ­քի վրայ իրենց նկատ­մամբ Վրաս­տա­նէ ներս ձե­ւաւո­րեն դրա­կան հա­սարա­կական կար­ծիք, ին­չը ան­շուշտ կը նպաս­տի Ատրպէյ­ճա­նի ու Թուրքիայի սեւ ծրագ­րե­րու իրա­կանաց­մա­նը Սամցխէ-Ջա­ւախ­քի մէջ։

Բա­ւակա­նին վեր­ջերս Ախալ­քա­լաքի Գումբուրդօ գիւ­ղի մէջ եկե­ղեցիի շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջադէ­պի ժա­մանակ, ատրպէյ­ճա­նական մա­մու­լը կրկին յի­շեց Վա­հագն Չա­խալեանին եւ պա­տահա­ծի հա­մար մե­ղադ­րեց իրեն, առանց նկա­տի ու­նե­նալու թէ Չա­խալեանը ոչ մէկ կապ ու­նէր տուեալ մի­ջադէ­պի հետ, այլ նաեւ իր ին­տերնե­տային էջի վրայ սադ­րանքէն հե­ռու մնա­լու առա­ջին կոչ հնչեց­նողնե­րէն մէկն էր ան։

Այս ամէ­նուն հե­տեւեց Վրաց ուղղա­փառ եւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցի­ներու հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թիւնը, որը Սեպ­տեմբե­րի 30-ին տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջադէ­պի բուն թե­մայէն շե­ղուե­լով, ծա­ռայեց հա­սարա­կու­թեան մէջ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցիի հան­դէպ անվստա­հու­թեան ալի­քի մը բարձրա­նալուն։ Բա­րեբախ­տա­բար տուեալ խիստ միակող­մա­նի յայ­տա­րարու­թիւնը չստեղ­ծեց նոր լա­րուա­ծու­թիւն, որու առա­ջացու­մը ձեռնտու կ՚ըլ­լար միայն հայ եւ վրաց ժո­ղովուրդնե­րու թշնա­մինե­րուն շա­հերուն։

Ան­գամ վի­ճելի հա­մարուող եկե­ղեցի­ներու նման չա­փազանց զգա­յուն հար­ցը պէտք չէ լա­րուա­ծու­թիւն մտցնէ մեր ժո­ղովուրդնե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մի­ջեւ, քան­զի երէ­կուայ ար­տա­քին վտան­գը այ­սօր մեր պե­տակա­նու­թեան ներսն է եւ ցան­կա­ցած լա­րուա­ծու­թիւն կը ծա­ռայէ միայն նրա շա­հերուն։

Բա­ւական է յի­շել, թէ ինչպէս բիւ­զանդա­ցինե­րը ԺԱ դա­րին կը ցան­կա­նային վե­րահսկել Հա­յոց եկե­ղեցին եւ նրա առաջ­նորդին ու ամէն առի­թով կը մի­ջամ­տէին անոր ներ­քին գոր­ծե­րուն։ Այդ ռազ­մա­վարու­թեան հե­տեւան­քով բիւ­զանդա­ցիներ գա­ցին աւե­լի խո­րը ու յար­ձա­կուե­ցան Անի քա­ղաքի վրայ, վերջնա­կանա­պէս թու­լացնե­լով հայ­կա­կան թա­գաւո­րու­թիւնը, որու հե­տեւան­քով թուրք-սել­ջուկնե­րը սկզբին գրա­ւեցին Անին եւ յե­տոյ յար­ձա­կուե­ցան քրիս­տո­նեայ Բիւ­զանդիայի վրայ։ Ի վեր­ջոյ եր­կու պե­տու­թիւններն ալ ին­կան եւ այդ տա­րածքնե­րու վրայ ձե­ւաւո­րուե­ցաւ այ­սօ­րուայ Թուրքիան։

Ժա­մանակ­նե­րը իհար­կէ փո­խուած են, սա­կայն թուրքա­կան մե­թոդը չէ փո­խուած։ Տուեալ պե­տու­թիւննե­րը ամէն կերպ կը ջա­նան, որ եր­կու քրիս­տո­նեայ ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ, ըլ­լայ ան եկե­ղեցի­ների կող­մէն տա­րուող ան­հե­ռատես քա­ղաքա­կանու­թեան ար­դիւնք, թէ այլ ազ­գա­միջեան նիւթ, յա­ռաջաց­նէ ընդհա­րու­մի իրա­վիճակ, որ­մէ հնա­րաւոր կ՚ըլ­լայ հեշ­տութեամբ օգ­տուիլ եւ ամ­րապնդել իրենց սե­փական դիր­քե­րը։ Այս իրո­ղու­թեան պէտք է գի­տակ­ցին թէ մեր եկե­ղեցի­ները, եւ թէ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ու հա­սարա­կու­թիւնը։

Գի­տակ­ցինք, թէ չգի­տակ­ցինք, ամէն դէպ­քի մէջ Պա­քու-Ախալ­քա­լաք-Կարս եր­կաթգծի բաց­ման արա­րողու­թիւնը, նախ­նա­կան տուեալ­նե­րով, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմբե­րի 30-ին։ Բնա­կանա­բար եր­կաթգծի բաց­ման փաս­տը ինքնին ոչ մի վնաս կրնայ հասցնել մեր ժո­ղովրդին ու պե­տութեանը, սակայն երկաթգծի շահագործումէն ետք պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլալ, որ Սամցխէ-Ջաւախքը չարժանանայ Աճարիայի եւ Վրաստանը ուղղափառ Բիւզանդիայի ճակատագրին, որմէ տարածաշրջանի մէջ կրկին կը տուժէ միայն Հայաստանը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ