Խճճուած միտքերու խառնուրդ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Պատրիարքական ընտրութեան հարցը, որ երկար տարիներու իր ան­լուծե­լիու­թիւնով կա­թուա­ծեալ մարմնի մը վե­րածուած էր գրե­թէ, տե­ղապա­հի ընտրու­թեամբ (15 մարտ, դշ.) առիթ գտաւ փոք­րի­շատէ շնչե­լու՝ ինչպէս գե­տը կը հո­սի հեշ­տութեամբ, եր­կար ժա­մանակ խցա­նուած հու­նէ մը դժուարաւ ըն­թա­նալէ ետք։ Վայ­րը, զոր գրե­թէ նուաճած ենք այ­սօր տե­ղապա­հի ընտրու­թեամբ ու նա­խաձեռ­նարկ մարմնի կազ­մութեամբ, իրա­ւական հաս­տա­տուն գե­տին մըն է, ուր վաղ թէ ուշ պի­տի կա­յանայ, պէ՛տք է կա­յանայ, պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը։ Իրա­ւական զան­ցա­ռու­թիւն մը կամ եկե­ղեցա­կան կա­նոն­նե­րու խախ­տում մը գո­յու­թիւն չու­նի այդտեղ, ինչպէս որ կար նախ­քան տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը, երբ ստեղ­ծուած էր «պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանորդ»ի պա­րակա­նոն աս­տի­ճան մը պատ­րիար­քա­րանի վար­չութեան մէջ, ան­յայտ ժա­մանա­կաւ ու իրա­ւասու­թեան պղտոր սահ­մաննե­րով։

Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան տագ­նա­պի եր­կար տա­րինե­րուն թրքա­հայ հա­սարա­կու­թիւնը փոր­ձեց ու կը փոր­ձէ ինքն իր­մով լու­ծել հար­ցը. զայն այ­սօ­րուան իրա­ւական գետ­նին հասցնե­լու յա­ջողու­թիւնն ալ առա­ւելա­պէս իր ջան­քե­րով եղած է, հա­կառակ խան­գա­րիչ այ­լե­ւայլ ազ­դակնե­րու, որոնք շին­ծու էին շատ ան­գամ։ Ինչպէս սո­վորա­բար կը պա­տահի, պե­տու­թիւն կո­չուող վար­չա­մեքե­նան, ոգիի մը պէս առեղ­ծուածա­յին ընդհան­րա­պէս, ան­դէմք ու ան­կերպա­րան, եր­բեմն ան­հասցէ ու ան­վայր՝ փո­խանակ օգ­նե­լու, կար­գա­ւորե­լու, ճամ­բայ մը ցոյց տա­լու, բար­դուեցաւ խան­գա­րիչ ազ­դակնե­րու գու­մա­րին վրայ։ Թե­րեւս սխալ ըլ­լայ ամ­բողջա­պէս ան­դէմք ու ան­կերպա­րան կո­չել պե­տու­թիւնը, որուն ներ­կա­յացու­ցի­չը կը հան­դի­սանայ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուն՝ ատե­նապե­տը Ս. Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցին, որ իր հեր­թին է՛ ան­հասցէ ու ան­վայր պե­տու­թեան գրա­սենեակը, ընտրու­թեան կազ­մա­կերպման պաշ­տօ­նական պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը կրող կու­սա­կալու­թե­նէն ալ յա­ճախ։ Վստա­հու­թեամբ կը գրեմ՝ յեն­լով Շի­րինօղ­լուի հե­տեւեալ յայ­տա­րարու­թեան վրայ. “… resmi makamlardan iletilen mesajlarւ cemaatimize aktarmaktayւmMesajları aktarırken kişisel yönlendirmelerde bulunmaktan imtina etmekteyim. Bana söylenenleri açıkça ve olduğu gibi aktararak, cemaatimizde bir ortak aklın oluşmasına katkı getirmeyi amaçlamaktayım” («Ժա­մանակ», 6 Հոկ­տեմբեր 2017)։

Ու­րեմն հի­մա փոր­ձենք տես­նել, թէ ար­դեօք Շի­րինօղ­լու հա­սա՞ծ է իր նպա­տակին՝ հա­սարա­կաց միտք մը յա­ռաջ բե­րելու ուղղու­թեամբ։ Տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն, այ­սինքն 15 Մար­տէն ի վեր իր կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն գլխա­ւոր կէ­տերը հե­տեւեալ­ներն են։

(Մէջ­բե­րումնե­րը «Ժա­մանակ»էն։ Ուղղա­կի մէջ­բե­րումնե­րը դրուած են չա­կեր­տեալ, իսկ թեր­թին լրա­տուու­թիւնը՝ առանց չա­կեր­տի)։

-“… çok üzülerek de olsa, toplumumuzu sarsıntılardan uzak tutacak bir formülün temennisi olarak, Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan’ı kaymakam görevinden istifaya davet etmekteyim.” («Ժա­մանակ», 3 Ապ­րիլ 2017)

-Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի խօս­քե­րով, ար­ժե­ւորե­լով վեր­ջին մօ­տաւո­րապէս երեք ամիս­նե­րու զգա­յացունց իրա­դար­ձութիւննե­րը եւ թրքա­հայ հա­մայնքա­յին կեան­քէն ներս յա­ռաջա­ցած փա­կու­ղին՝ պատ­կան մար­միննե­րը պատ­րաստա­կամու­թիւն կը յայտնեն՝ Ընտրեալ-տե­ղապահ Տ. Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանի հան­գա­ման­քը ճանչնա­լու ուղղու­թեամբ։ («Ժա­մանակ», 19 Մա­յիս 2017)

-«Պա­րոն կու­սա­կալին կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած պատ­գամնե­րը, ընդհա­նուր առ­մամբ, ամ­բողջ մը կը կազ­մեն ան­ցեալ շա­բաթ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կող­մէ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոցի մէջ մե­զի ըսուած­նե­րուն հետ։ Այ­սինքն, պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն մօ­տեցու­մը զար­գա­ցած է՝ Տ. Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանը որ­պէս տե­ղապահ ճանչնա­լու ուղղու­թեամբ։ Մեր նկա­տառ­ման այս փու­լին յստա­կօրէն կը յանձնուի, որ պե­տու­թիւնը կ՚աջակ­ցի ո՛չ թէ ան­ձե­րու, այլ հաս­տա­տու­թիւննե­րու։ Ներ­կայ վի­ճակին մէջ մենք կրնանք յու­սադրուիլ, թէ նոր պատ­րիար­քի մը ընտրու­թեան շու­տով պի­տի կա­րենանք ձեռ­նարկել, պատ­րաստա­կամու­թիւն մը զգա­լի է՝ հա­մապա­տաս­խան ար­տօ­նու­թիւննե­րու տրուելուն ուղղու­թեամբ»։ («Ժա­մանակ», 24 Մա­յիս 2017)

-“Sayın Cumhurbaşkanımız Recep Tayyib Erdoğan Beyefendinin oluru ve çok değerli devlet büyüklerimizle yaptığımız bu iki aylık görüşme neticesinde Karekin Arkyebisgobos Bekçiyan sırpazan devlet tarafından Türkiye Ermenileri Patrikhanesi Değabahı olarak kabul edilmiştir.” (Ս. Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցին մէջ կա­յացած համ­բարձման տօ­նակա­տարու­թեան սի­րոյ սե­ղանին արտասանուած խօս­քէն հա­տուած մը, 25 Մա­յիս 2017)

-Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուն ալ Համ­բարձման սե­ղանին ըն­թացքին հան­դէս եկաւ ծա­ւալուն ելոյ­թով մը։ Ան ամ­փոփ անդրա­դար­ձաւ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդրին եւ իր խո­րին երախ­տա­գիտու­թիւննե­րը յայտնեց պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն նկատ­մամբ՝ պե­տու­թեան կող­մէ Տ. Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանի հան­գա­ման­քի ճա­նաչ­ման հա­մար վա­ռուած կա­նաչ լոյ­սին բե­րու­մով։ («Ժա­մանակ», 26 Մա­յիս 2017)

-“Toplum olarak, tüm saflaşma ve görüş ayrılıklarımızı bir yana bırakarak, Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan’ın etrafında birleşmeliyiz. Patriklik Makamımız’ın bekası ve istikrarı için bu tartışmasız bir zorunluluktur. Kendileriyle işbirliği sergilemek mevcut koşullarda kaçınılmaz bir ödevdir.” («Ժա­մանակ», 1 Յու­նիս 2017)

-«Ես բաժ­նե­ցի իմ հա­մեստ տե­սակէտ­ներս, յա­ջողու­թիւն մաղ­թե­ցի Նո­րին Սրբազ­նութեան ու կրկնե­ցի, որ իմ ու­ժե­րու նե­րած չա­փով պի­տի աջակ­ցիմ անոր գոր­ծունէու­թեան»։ («Ժա­մանակ», 11 Յու­լիս 2017)

-Պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ Տ. Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեան եւ Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շալեան երէկ այ­ցե­լեցին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր ըն­դունուեցան Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի կող­մէ։ Հան­դի­պու­մէն վերջ Շի­րինօղ­լու մե­զի յայտնեց, որ ջերմ զրոյց մը ու­նե­ցած է եր­կու սրբա­զան­նե­րուն հետ եւ ու­րա­խու­թիւն յայտնեց անոնց օրհնու­թիւնը ստա­նալու առի­թին հա­մար։ Ատե­նապետ Շի­րինօղ­լու նշեց, որ կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ ու­նե­ցած են՝ հա­մայնքա­յին ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րու շուրջ։ («Ժա­մանակ», 17 Օգոս­տոս 2017)

-…Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուն ալ այդ բո­լորի լոյ­սին տակ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յացուց իրեն մի­ջոցաւ փո­խան­ցուած պատ­գամնե­րը։ Պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հետ ու­նե­ցած յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն շնոր­հիւ՝ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուն ալ տե­ղեակ դար­ձած է առ­կայ խնդիր­նե­րուն։ Ան ժո­ղովա­կան­նե­րուն բա­ցատ­րեց, որ յաչս պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն տա­կաւին չէ հա­սունցած պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան մը ձեռ­նարկե­լու պա­հը։ («Ժա­մանակ», 13 Սեպ­տեմբեր 2017)

-“Özellikle Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan’ın sertleşen uslubu seçim sürecinin çıkmaza sürüklendiğinin tartışmasız bir ispatı niteliğindedir. Tükenmişliğin itirafıdır. Meydan okumalarla sorunlar çözülmez, çözülemez. Patrikhanemiz’in mevcut yönetimi ve mevcut Müteşebbis Heyetle cemaat olarak patrik seçimine gidemeyeceğimiz bugün artık aşikardır.” («Ժա­մանակ», 6 Հոկ­տեմբեր 2017)

-«Միշտ կը կրկնեմ՝ ներ­կայ վի­ճակով ան­կա­րելի է, որ որ­պէս հա­մայնք կա­րենանք նոր պատ­րիար­քի մը ընտրու­թիւնը իրա­կանաց­նել։ Չեմ ու­զեր ոեւէ մէ­կը մե­ղադ­րել կամ քաւ լի­ցի, որ հա­մար­ձա­կիմ վի­րաւո­րական ար­տա­յայ­տութիւններ ու­նե­նալու, բայց եւ այնպէս, մեր ներ­կայ Նա­խաձեռ­նարկ մարմնով ու տե­ղապա­հով եր­բեք պի­տի չկա­րենանք եր­թալ ընտրու­թեան։ Սա է ճշմար­տութիւ­նը։ Կա­մայ թէ ակա­մայ գոր­ծուած են սխալ­ներ, առ­նուած են ան­հե­ռատես քայ­լեր»։ («Ժա­մանակ», 11 Հոկ­տեմբեր 2017)

-Շի­րինօղ­լու յայտնած էր, որ պե­տու­թիւնը Պատ­րիար­քա­րանին կող­մէ կա­տարուած ըն­թա­ցակար­գա­յին թե­րու­թիւններ կը տես­նէ, տրա­մադիր չէ ճանչնա­լու տե­ղապահ Տ. Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանի հան­գա­ման­քը, նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հա­մար գոր­ծընթա­ցը բո­լորո­վին հա­սունցած չի հա­մարեր, ուստի կ՚ակնկա­լուի Նա­խաձեռ­նարկ մարմնի լու­ծա­րու­մը։ («Ժա­մանակ», 25 Հոկ­տեմբեր 2017)

-“Bir ruhani olarak kendilerine saygımız sonsuzdur, ama bugün idari bir krizle karşı karşıya bulunuyoruz. Sayın Bekçiyan kaymakam olarak tanınmadığını bildiği halde bu yanlış propaganda yöntemini tercih ediyor. Kendisinin önünde yol bitmiştir. Bunu görmesi ve artık cemaate daha fazla zarar vermeden, süreci tıkamadan, doğal akışı engellemeden çekilmesi gerekiyor.” («Ժա­մանակ», 27 Հոկ­տեմբեր 2017)

(Հարկ է նշել, թէ Շի­րինօղ­լու եր­բեք չ՚ըսեր (կամ դռնփակ կ՚ըսէ, սա­կայն հա­սարա­կու­թիւնը չի գի­տեր), թէ որո՛նք են «առ­կայ խնդիր­ներ»ը, թէ որո՛նք են պե­տու­թեան «տե­սած» «Պատ­րիար­քա­րանին կող­մէ կա­տարուած ըն­թա­ցակար­գա­յին թե­րու­թիւններ»ը, թէ որո՛նք են «կա­մայ թէ ակա­մայ գոր­ծուած սխալ­ներ»ը, «առ­նուած» «ան­հե­ռատես քայ­լեր»ը)։

Շի­րինօղ­լուի այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, թե­րեւս նաեւ տե­ղապա­հին հետ անձնա­կան հան­դի­պումնե­րու ժա­մանակ ուղղա­կի ըսած­նե­րը հիմք հան­դի­սացան, որ­պէսզի տե­ղապահ Պէք­ճեան իրա­ւացի կեր­պով հան­դէս գար հե­տեւեալ յայ­տա­րարու­թեամբ. “Gün geliyor, “Devletin sizinle problemi yok,” diyor, gün geliyor, “Devlet Bekçiyan’ın üstünü çizdi,” diyor. Devlet adına konuşan bir murahhas ise, devlet bu kadar sık karar değiştirmeyeceğine göre, Sayın Şirinoğlu bir karar vermeli, devlet kendisine ne demiş, niçin ona söylemiş, bir ulağa, aracıya koca devletin ihtiyacı var mı, bunları düşünmeli, gözden geçirmeli.” («Ակօս»ի կայ­քէջ, 15 Հոկ­տեմբեր 2017)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ