Մշեցի Մկօն

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Պատմական եւ սոցիալ-քաղաքական տարբեր հանգամանքների բերումով հայութիւնը ար­դէն քա­նի դար է բռնած է գաղ­թի ու­­ղին։ Ընդ որում՝ հա­­յը ոչ միայն երկրէ եր­­կիր կը գաղ­­թէր, այ­­լեւ՝ գիւ­­ղէն քա­­ղաք կը ձգուէր։ Այսպէս էր եւ առա­­ջին աշ­­խարհա­­մար­­տէն առաջ, երբ հա­­յերը արեւմտա­­հայ­­կա­­­կան ազ­­գա­­­գաւառ­­նե­­­րէն կը գաղ­­թէին Պո­­լիս՝ ըն­­տա­­­նիքը կե­­րակ­­րե­­­լու, պարտքե­­րը վճա­­րելու մի­­տու­­մով։

Պանդխտու­­թեան հա­­զար-հա­­զար պատ­­մութիւններ ապ­­րած է հա­­յը։ Եւ այս պատ­­մութիւ­­նը կը վե­­րաբե­­րի մշե­­ցի Մկո­­յին, ով ըն­­տա­­­նիք, տուն-տեղ ձգած, կը բռնէ պանդխտու­­թեան ու­­ղին եւ Մու­­շէն ճամ­­բայ կ՚ընկնէ Պո­­լիս, որ քիչ մը դրամ վաս­­տա­­­կէ՝ հա­­րազատ­­նե­­­րուն ղրկէ։

Մկօն հաս­­նե­­­լով Պո­­լիս կը հան­­դի­­­պէ իր հայ­­րե­­­նակից Դրո­­յին։ Դրօն իր հա­­րազատ­­նե­­­րէն հար­­ցուփորձ կ՚ընէ, ապա կ՚ըսէ թէ ինք ըն­­կե­­­րու­­թեան մէ­­ջը բեռ­­նա­­­կիր կաշ­­խա­­­տի եւ կը խոս­­տա­­­նայ Մկո­­յին հա­­մար ալ գործ գտնել։

Այսպէս Մկօն ու Դրօն նոյն տե­­ղը բեռ­­նա­­­կիր կ՚ըլ­­լան։ Սա­­կայն Մկօն Դրո­­յի պէս առողջ չըլ­­լար, եւ օր մը ծանր բեռ մը առ­­նե­­­լով, բե­­ռը շա­­լակին գե­­տին կիյ­­նայ։ Դրօն հայ բժիշկ մը կը կան­­չէ, ան դե­­ղեր կը նշա­­նակէ եւ խոր­­հուրդ կու տայ, որ Մկօն այ­­լեւս ծանր գոր­­ծեր չը­­նէ։

Ժա­­մանակ անց Մկօն ոտ­­քի կ՚ել­­լայ՝ նի­­հարած ու հիւ­­ծած։ Եր­­կու ըն­­կերնե­­րը կ՚որո­­շեն դի­­մել Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի օգ­­նութեանը՝ գու­­ցէ յար­­մար գործ մը գտնեն։ Եր­­կուսով կ՚եր­­թան Պատ­­րիար­­քա­­­րան, քար­­տուղա­­րին կը բա­­ցատ­­րեն դրու­­թիւնը։ Քար­­տուղա­­րը պա­­տաս­­խան մը առ­­նե­­­լու հա­­մար քա­­նի օրէն կը կան­­չէ անոնց։

Քա­­նի օր յե­­տոյ քար­­տուղա­­րը անոնց կը յայտնէ, որ ահա եկե­­ղեցիին մէ­­ջը մո­­մավա­­ճառի կա­­րիք կը զգա­­ցուի, քա­­նի որ նախ­­կին մո­­մավա­­ճառը ծեր մարդ մըն էր, հի­­մա ան ծանր հի­­ւանդ պառ­­կած է, կը սպա­­սուի, որ շու­­տով պի­­տի մեռ­­նի, եւ այդ գոր­­ծը Մկո­­յին պի­­տի տրուի։ Այնպէս որ քա­­նի մը օրէն դար­­ձեալ թող գան։

Մկօն ու Դրօն քա­­նի մը օր անց կը ներ­­կա­­­յանան։ Քար­­տուղա­­րը կ՚ըսէ թէ մո­­մավա­­ճառը մա­­հացել է եւ խոս­­տա­­­ցածի պէս այդ գոր­­ծը Մկո­­յին պի­­տի յանձնուի։ Ապա կը հարցնէ թէ Մկօն ինչ կրթու­­թիւն ստա­­ցած է։

Մկօն ամօթ­­խած կ՚ըսէ թէ ինք գա­­ւառի դպրո­­ցի երես տե­­սած չկայ եւ ան­­գամ ստո­­րագ­­րութիւն դնել ան­­կա­­­րող է։

- Օ՜, -կ՚ըսէ քար­­տուղա­­րը, - ատ չե­­ղաւ, դուն գո­­նէ քիչ մը հա­­շիւ պէտք է գիտ­­նաս, մո­­մերը պի­­տի ըն­­դունիս, պէտք է ստո­­րագ­­րութիւն դնես։ Ու­­րեմն չե­­ղաւ։ Այս գոր­­ծը քե­­զի յար­­մար չէ։

Մկո­­յի աղա­­չանքնե­­րը ոչ մի օգուտ չեն տայ, միայն թէ պատ­­րիար­­քա­­­րանը գտնուող աղա­­ներէն մէ­­կը գրպա­­նէն քիչ մը փող կը հա­­նէ, անոր ափի մէ­­ջը կը դնէ։ Մկօն դուրս կու գայ Պատ­­րիար­­քա­­­րանէն եւ կ՚եր­­թայ Սա­­մաթիայի փո­­ղոց­­նե­­­րը կը թա­­փառի։

Մշե­­ցի Մկօն կը քա­­լէր ու կ՚անի­­ծէր իր սեւ օրը, որ ժա­­մանա­­կին քիչ մը գիր չէր սոր­­ված։ Եւ ահա ան փո­­ղոցի ան­­կիւնը կը հան­­դի­­­պէ ան­­շուք խա­­նութ մը, ուր հնա­­մաշ հա­­գուստով մար­­դիկ ելու­­մուտ կ՚ընէին։ Ներս կը մտնէ՝ գիտ­­նա­­­լու թէ աս ինչ տեղ է։ Կը պար­­զուի աս խա­­նու­­թը հրեայի մը կը պատ­­կա­­­նի, ան հոս­­կէ հոն­­կէ գտած շո­­րերը դրա­­մով կ՚առ­­նէ մարդկան­­ցից, կը մաք­­րէ, կ՚ար­­դուկէ եւ կը ծա­­խէ, իսկ ամ­­բողջու­­թեամբ ան­­պէտքնե­­րը որ­­պէս հումք կը յանձնէ։

Մկօն շու­­տա­­­փոյթ կ՚եր­­թայ պարկ մը կ՚առ­­նէ եւ ինքն ալ կը սկսի հա­­գուստ հա­­ւաքել եւ հրեայ խա­­նութպա­­նին վա­­ճառել։ Աս­­տի­­­ճանա­­բար որոշ գու­­մար կը սկսի խնա­­յել։

Բայց այս Մկօն շատ հե­­տաքրքիր սո­­վորու­­թիւն մը ու­­նէր։ Ան հա­­գուստը յանձնե­­լէն առաջ, գրպան­­նե­­­րը կը ստու­­գէր, նոր հրեային կը յանձնէր։ Չէ որ եր­­բեմն մանր դրամ­­ներ կը գտներ գրպան­­նե­­­րում։

Օր մըն ալ, իր ժո­­ղուած հա­­գուստնե­­րի գրպան­­նե­­­րը ստու­­գե­­­լիս, գրպան­­նե­­­րէն մէ­­կի մէ­­ջը տա­­րօրի­­նակ թուղթ մը կը գտնէ։ Հար­­ցուփորձ կ՚ընէ թէ այդ ինչ թուղթ է։ Վեր­­ջը կի­­մացուի թէ այն քրե­­տիֆոն­­սի է՝ վի­­ճակա­­հանու­­թեան տոմս մը, որ քա­­նի մը օրէն պի­­տի խա­­ղայ։

Քա­­նի մը օր յե­­տոյ Մկօն կը տա­­նի ստու­­գել կու տայ, եւ ի՞նչ՝ կը պար­­զուի առա­­ջին կար­­գի շա­­հում է՝ 2,000 ոս­­կի։ Մկօն այդ գու­­մա­­­րով խա­­նութ մը կը բա­­նայ կեդ­­րո­­­նական փո­­ղոցի վրայ, ցու­­ցա­­­տախ­­տա­­­կին գրել կու տա իր անու­­նը՝ Տէր­­տէ­­­րեան Մկօ, հատ մըն ալ անձնա­­կան կնիք շի­­նել կու տայ, որ ստո­­րագ­­րութիւն դնե­­լու կա­­րիք չըլ­­լայ։ Դրո­յին իր մօտ լաւ գոր­ծի կը դնէ, ետ­քը իր հա­րազատ­նե­րուն Պո­լիս կը տե­ղափո­խէ, ուր միասին կ՚ապ­րեն առօք-փա­ռօք։

Օր մըն ալ Պատ­րիար­քա­րանի քար­տուղա­րը խա­նութ կու գայ առեւ­տուր ընե­լու։ Ան Մկո­յին որ կը տես­նէ, աչ­քե­րին չի հա­ւատար՝ մի­թէ աս այն գիր չի­մացող Մկօն է, որ ստո­րագ­րութիւն ան­գամ չէր կրնար դնիլ։ Մկօն կը մօ­տենայ քար­տուղա­րին եւ կ՚ըսէ։

- Մի զար­մա­նար, ես եմ, գիր ու ստո­րագ­րութիւն չգիտ­ցող Մշե­ցի Մկօն։ Եթէ գիր ու հա­շիւ գիտ­նա­յի, մին­չեւ ծե­րանալս եկե­ղեցու մէ­ջը մո­մավա­ճառ պի­տի ըլ­լա­յի, իսկ հի­մա կը տես­նես վա­ճառա­կան եմ, ոչ թէ գիր, հա­շիւ, ստո­րագ­րութիւն, այլ բա՜խտ ըսէ, բա՜խտ։ Այս աշ­խարհիս մէ­ջը մարդ պէտք է բախ­տա­ւոր աստղի տակ ծնած ըլ­լայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ