Սեննուր Սեզերի լիակատար հաւաքածոյ

Գովք ամբոխի զօրութեամբ

 

Արձակէ աղաւնին… թող ալեկոծի մեր շնչով… ու սրբէ աչքերդ։ Դեռ օրը չէ եկած։

Ո՛չ աղա­ղակ­նե­րը կրնան կա­սեց­նել, ո՛չ ար­ցունքնե­րը։ Տե­սանք կո­տորած­նե­րը։ Կոտ­րուեցան գրիչ­ներն ու ակ­նոցնե­րը, կա­ւիճ­նե­րը… եւ արիւ­նը չէ չոր­ցած։

Ար­ձա­կէ աղաւ­նին… թող ալե­կոծի մեր շնչով…։ Կողք կող­քի ըլ­լա­լու ու­ժը վա­յելէ։ Սուգ չէ այս մխա­ցողը… սուգ չէ, վիշ­տը սիրտ մը պա­կաս մնա­լուն։

Ար­տա­սու­քը պայ­ծառ օրե­րուն ար­շա­լոյ­սին թող, շու­շաննե­րու կո­կոն­նե­րուն... Դեռ օրը չէ եկած։

Ե՛լ, քայ­լե­րուդ հետ­քը մնայ փո­ղոցին։ Սա փո­խուե­լու դար­պասն է եւ ան­շուշտ փո­խելու։

Ան արեամբ մա­կագ­րեց գրած­նե­րը։ Ու հա­ւատաց ամ­բոխնե­րուն։ Հի­մա ամ­բոխնե­րը թող փաս­տեն իրենց զօ­րու­թիւնը։

Հին, շատ հին դա­րերուն այս բազ­մութիւ­նը կրնար վե­րակեն­դա­նաց­նել մա­հացա­ծը։ Հի­մա սիրտ սրտի, ուս ու­սի եր­թի է կանգնած, ոճի­րը ար­գի­լելու հա­մար…

Սեն­նուր Սե­զեր

Բա­նաս­տեղծու­թիւնը ժա­մանա­կի ար­ձա­գան­գը կը պա­հէ իր մէջ։ Խինդ, աղա­ղակ, սու­լոցներ… Սի­րոյ եր­գեր կը խառ­նուին քայ­լերգե­րուն, ող­բերգե­րուն ման­կան ճի­չեր։ Բազ­մա­ձայն երգչա­խումբ մըն է բա­նաս­տեղծու­թիւնը, բազ­մանդամ նուագա­խումբ մը։ Բա­նաս­տեղծներ թէ­կուզ ար­քա­ներու գով­քը հիւ­սեն, այդ ձայ­նե­րը մուտք չեն գոր­ծեր բա­նաս­տեղծու­թեան նուագա­խումբին։ Մէկ տա­րի անց կը մա­շի կը փճա­նայ, այդ գո­վեր­գութեան կտա­ւը։

Կեան­քի գո­վեր­գութիւնն է որ չի մա­շիր, ար­դա­րու­թեան ու սի­րոյ գո­վեր­գութիւ­նը։ Մէյմնալ բռնա­կալ­նե­րուն ուղղուած եր­գի­ծան­քը կ՚ապ­րի դա­րերով։

**

Այս տո­ղերը առ­նուած են մեր ժա­մանակ­նե­րու վաս­տա­կաւոր բա­նաս­տեղծու­հի Սեն­նուր Սե­զերի Բա­նաս­տեղծու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին օրուայ առ­թիւ գրի առած պատ­գա­մէն։ Սեն­նուր Սե­զեր ման­կութե­նէն սկսեալ իր գի­տակ­ցութիւ­նը ձե­ւաւո­րեց բա­նուոր դա­սակար­գի պայ­քա­րին մէջ։ Այդ կազ­մը դրոշ­մուեցաւ նաեւ իր գրա­կանու­թեան ու բա­նաս­տեղծու­հին միշտ հա­ւատա­րիմ մնաց իր ուխտին։ Վեր­ջերս «Մա­նոս» հրա­տարակ­չա­տու­նը գե­ղատիպ հա­տորի մը մէջ հա­ւաքեց նշա­նաւոր բա­նաս­տեղծու­հիի բո­լոր գոր­ծե­րը, ուր կը հան­դի­պինք նաեւ Հրանդ Տին­քին ձօ­նուած այս քեր­թուածին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ