24Հոկտեմբեր Երեքշաբթի օր պատրիարքական ընտրութեան խնդիրով զբաղուող չորս հոգինոց խմբակ մը տեղապահ սրբազանի բացակայութեան պայմաններուն տակ, այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Կուսակալ Վասիբ Շահինին։ Ինչպէս յայտնի է տեղապահ սրբազանը միջոցի մը համար մեկնած է իր նախկին պաշտօնավայր Գերմանիա, ուրկէ կը վերադառնայ 30 Հոկտեմբերին։ Եւ դարձեալ ծանօթ է որ սրբազանը իր մեկնումէն առաջ պատրիարքարանի մէջ կայացած մամլոյ ժողովի ընթացքին յայտնած էր, որ պետական պաշտօնեաներու հետ հանդիպելու համար պրն. Պետրոս Շիրինօղլուէն երկու անգամ խնդրած էր որ ժամադրութիւն մը ապահովէ, բայց այդ խնդրանքին պատասխան չէր ստացած։ Այժմ բաւական իմաստալից է, այս հանդիպումի Պէքճեան սրբազանի բացակայութեան կայանալը, յատկապէս ալ երբ կը խօսուի պետութեան Պէքճեան սրբազանի դէմ դժկամութեան մասին։
Մենք յստակօրէն ըսած էինք թէ եթէ պետութիւնը այդ տեսակի համոզում մը ունի, պարտի այդ համոզումը բացայայտօրէն Պէքճեանին փոխանցել։ Անգամ մը եւս չկատարուեցաւ պատշաճը եւ ընդհակառակը խնդիրը հասարակութեան կը փոխանցուի բոլորովին զարտուղի եղանակներով։ Հասած տեղեկութիւններու համաձայն կուսակալ Շահին եւ իրեն ընկերակցող բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաները ծանրացած են Թուրքիոյ քաղաքացի երկու եպիսկոպոսներու Արամ Արք.ի եւ Սահակ Մաշալեանի գործակցութեամբ ընթացող նոր շրջանի մը վրայ։ Պոլսահայ այլ թերթերու համաձայն պետութիւնը չի ճանչնար ընտրեալ տեղապահ Պէքճեան սրբազանը եւ Նախաձեռնարկ Մարմինը։ Եթէ գործադրուի իրենց առաջադրած կարգադրութիւնը արդէն գործել պիտի սկսին ընտրութեան տանող աշխատութիւնները։ «Ակօս»ին քաղած լսումներուն համաձայն կուսակալ Վասիբ Շահինէն պահանջուած է այս առաջարկներուն գրաւոր փոխանցումը։ Իսկ Շահին առարկութիւն չէ ունեցած այս պահանջին դիմաց։
Եթէ այս լսումները ճիշդ են սա բացայայտ ապացոյցն է պետութեան պատրիարքական ընտրութեան միջամուխ ըլլալուն։ Պետութիւնը ի՞նչ պատճառաբանութեամբ կը մերժէ տեղապահ սրբազանը եւ Նախաձեռնարկ Մարմինը։ Ի՞նչ իմաստ ունի Աթէշեան եւ Մաշալեան սրբազաններու թրքահպատակ ըլլալու մասին շեշտադրումը։ Բոլորս գիտենք որ պատրիարքական ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունին, բոլոր անոնք որոնք ծնած են Թուրքիոյ մէջ, կամ նոյնիսկ եթէ ոչ իրենք՝ իրենց ծնողները թուրքիացի եղած են։ Եթէ այստեղ մատնանշուածը Պէքճեան սրբազանն է, այս դիտողութիւնը դարձեալ անտեղի է, քանի որ Պէքճեան եւս Թուրքիա ծնած է եւ Թուրքիոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ եպիսկոպոսն է։ Ուրեմն ո՞ր չափանիշն է գործադրուածը։ Պետութիւնը պատրիարքական ընտրութեան խնդրին մէ՞ջ ալ իր նախապատուութիւնը կը շնորհէ տեղական եւ ազգայինի վրայ։ Ափսոս որ գործընթացը, թէ պետութեան այս տեսակի տարօրինակ միջամտութիւններով եւ թէ կարգ մը ազգայիններու այդ տեսակ միջամտութիւններու գետին պատրաստող ընթացքներով յարատեւօրէն անելի կը մատնուի։
Պոլսահայութիւնը արժանի չէ այս տեսակի տարօրինակ խաղերու։ Այս համայնքը ինը տարիէ ի վեր արժանի կերպով պատրիարք մը ընտրելու համար իր բոլոր կարելին կը գործադրէ։ Պէքճեան սրբազան ուրիշ աշխարհէ չէ եկած դէպի մեր քաղաքը։ Ան ընտրուած է Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումով։ Նոյնպէս Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմուած է համայնքային հաստատութիւններու ժողովին հետեւանքով։ Այդ բոլորը պաշտօնի կոչուած են ընտրութիւնը արդարօրէն իրականացնելու համար։ Վերջապէս պատրիարքը ժողովուրդի ձայներով պիտի ընտրուի։ Հետեւաբար մանաւանդ ալ տեղապահ սրբազանի բացակայութեան կայացած այս տեսակի ժողովները գործընթացը ալ աւելի դժուարացնելէ զատ արդիւնք մը չեն կրնար տալ։ Այս համայնքին կարգ մը դերակատարները տարիներ շարունակ իրենց շուրջ բոլորը լոլոզեցին «պետութիւնը այսպէս կ՚ուզէ կամ այնպէս կ՚ուզէ» ըսելով։ Ափսոս որ այդ սովորութիւնը վերջին տարիներուն ալ աւելի տեսանելի կը դառնայ։ Մենք կը կարօտինք թափանցիկութեան։ Պետութիւնը թող հրապարակէ Պէքճեան սրբազանի կամ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներուն հանդէպ իր դժկամութեան պատճառները։ Նոյնը պարտին ընել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի բոլոր դերակատարները։ Ապա թէ ոչ ամբողջ համայնքը պիտի մատնուի ծածուկ սպառնալիքներով ուղղութիւն տրուած հաւաքականութեան մը դիրքին։ Մենք այս դիրքին արժանի չենք։