Մխիթարեան Միաբանութեան 300 ամեակ Երեւանի մէջ

ՀՀՆախագահ Սերժ Սարգսեան Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնարկութեան 300 ամեակի տօնակատարութիւններու շրջագծով Բաղրամեան 28-ի նստավայրին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր, Հռոմի Պապական Տեղակալ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանը։

Նախագահի մամլոյ գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն հանդիպումը անցած է շատ ջերմ, ուր Հանրապետութեան նախագահը դրուատած է Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած միաբանութեան հսկայ ծառայութիւնը հայ գրականութեան եւ առհասարակ մշակոյթի ոլորտէն ներս։ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց Գերապայծառ Զէքիեանը եւ նշեց որ դէպի Վենետիկ կամ Վիյանա կատարած բոլոր այցելութիւններուն սովորութիւն դարձուցած է այցելել միաբանութեան մասնաճիւղերը եւ հանդիպիլ իրենց հետ։ Նախագահը նշեց որ միաբանութիւնը կը սատարէ նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրացման գործընթացին։ Ան դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ անձամբ Գերապայծառ Զէքիեանի հայ մշակոյթի զարգացման ի նպաստ կատարած աշխատութիւններուն համար։

Իսկ Գերապայծառ Զէքիեան ողջունեց նախագահի զօրակցութիւնը եւ մաղթեց Մխիթարեան Միաբանութիւնը վայելելով Հանրապետութեան Նախագահի աջակցութիւնը արժանի կերպով կը նշէ հիմնարկութեան 300 ամեակը։

Զէքիեան յայտնեց նաեւ սփիւռքի պայմաններուն մէջ Մայր Հայրենիքին գոյութեան պատճառած նեցուկը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի խնդիրները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ