Պետութեան գաւազանը եւ ազգին արժանապատուութիւնը

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Այս շա­բաթ ինչպէս պոլ­սա­հայ գրա­ւոր մա­մու­լի, «Ակօս»ի էջերն ալ լե­­ցուն են մեր ժո­­ղովուրդին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը վի­­րաւո­­րող բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով։ Բա­­ցի պոլ­­սա­­­հայե­­րէ, հետզհե­­տէ հա­­մայն հա­­յու­­թեան օրա­­կար­­գի նիւթ դար­­ձած է պոլ­­սա­­­հայոց հո­­գեւոր առաջ­­նորդի ընտրու­­թեան ձա­­խողած գոր­­ծընթա­­ցը։ Այստեղ ժո­­ղովուրդի ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը խան­­գա­­­րողը պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան խնդրին մէջ տա­­րինե­­րէ ի վեր գոր­­ծադրուած կարգ ու կա­­նոնը մէկ կողմ թո­­ղելով կարգ մը ան­­ձե­­­րու քմա­­հաճոյքնե­­րուն գո­­հացում տա­­լու երե­­ւոյ­­թէն կը ծա­­գի։ Իսկ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը վստահ է, որ իր քմա­­հաճոյ­­քով կրնայ կամք պար­­տադրել բո­­լոր մար­­զե­­­րէ ներս։ Վեր­­ջա­­­պէս ընտրուած քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րու կար­­գա­­­լոյծ ըլ­­լա­­­լը, այդ ճնշու­­մին դի­­մադ­­րողնե­­րուն վրայ տե­­ղացող սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րը այ­­սօ­­­րուայ կա­­ռավա­­րու­­թեան կ՚ապա­­հովեն այն ինքնավստա­­հու­­թիւնը, թէ ի զօ­­րու է ամէն ու­­զա­­­ծը գոր­­ծադրե­­լու։ Վեր­­ջին հա­­շուով պէտք է նշենք որ իր նշա­­նակած քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րուն նման չենք ար­­տօ­­­ներ, որ մեր ժո­­ղովուրդին գլխուն ալ պատ­­րիարք մը նշա­­նակէ։ Սա­­կայն այստեղ մե­­զի հա­­մար խիստ կա­­րեւոր է, այդ «չենք ար­­տօ­­­ներ» առար­­կութիւ­­նը ուխտի մը նման ըն­­դունե­­լու երե­­ւոյ­­թը։ Ահա հոն է որ կը դժուարա­­նանք «չենք ար­­տօ­­­ներ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը ար­­դար ձե­­ւով գոր­­ծա­­­ծելու, քա­­նի որ մեր հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ կան մար­­դիկ, որ անձնա­­տուր եղած են պե­­տու­­թիւն կո­­չուած մե­­քենա­­կանու­­թեան դի­­մաց եւ հրա­­ժարած իրենց բո­­լոր սե­­փական իրա­­ւունքնե­­րէն։ Մինչդեռ պե­­տու­­թիւն կո­­չուա­­ծը ան­­շուշտ որ հզօր ուժ մըն է եւ կրնայ մեր հա­­րազատ իրա­­ւունքնե­­րուն իսկ ար­­գելք ըլ­­լալ։ Այդտեղ ոչ մէկ տա­­րակար­­ծութիւն, խնդի­­րը մեր այդ պար­­տադրան­­քին դի­­մաց բռնած ու­­ղին է։ Մենք պի­­տի հա­­մակեր­­պի՞նք մե­­զի պար­­տադրուածին, թէ ոչ պի­­տի մեր­­ժենք, պա­­հելով ազ­­գին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը։ Այս է մեր էական հար­­ցադրու­­մը։ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապե­­տը իր նա­­խասի­­րու­­թիւնը կը փոր­­ձէ պար­­տադրել ամ­­բողջ ժո­­ղովուրդի մը կամ­­քին։ Խա­­ղալի­­քի կը վե­­րածէ ժո­­ղովուրդի կամ­­քը եւ ապա կը փոր­­ձէ վախ պատ­­ճա­­­ռել պե­­տու­­թեան գա­­ւազա­­նը ցոյց տա­­լով։ Ի՛նչ ցա­­ւալի է որ նոյն ան­­ձը Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան օրն ալ դի­­մած էր, այդ նոյն ժան­­գո­­­տած զէն­­քին կա­­րողու­­թեան։ Իբ­­րեւ թէ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը առար­­կեր են պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ կա­­տարուած տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թեան։ Ո՞ր իրա­­ւունքով։ Ո՞ր օրէն­­քի, ո՞ր յօ­­դուա­­ծով է որ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը իրա­­ւունք պի­­տի ու­­նե­­­նայ ընտրուած տե­­ղապա­­հը մեր­­ժե­­­լու։ Այդ մա­­սին ո՛չ ազ­­գա­­­յին սահ­­մա­­­նադ­­րութեան եւ ոչ ալ երկրի օրէնսգրքին մէջ յօ­­դուած մը գո­­յու­­թիւն ու­­նի։ Կա­­րելի է ըսել որ պե­­տու­­թիւնը իր ու­­զա­­­ծը կրնայ ընել։ Ան­­շուշտ որ ճիշդ է այս, քա­­նի որ պե­­տու­­թիւնը ու­­նի զէնք, բա­­նակ եւ ուժ։ Այդ բո­­լորէն օգ­­տուելով կ՚ընէ այն ինչ որ կ՚ու­­զէ։ Ար­­դա­­­րեւ ան­­ցեալը այդ տե­­սակ ոտնձգու­­թիւննե­­րով լե­­ցուն պատ­­մութիւն մը կը ժա­­ռան­­գէ մե­­զի։ Այս երկրի պատ­­մութեան մէջ նոյ­­նիսկ պատ­­րիարքներ կա­­խաղան ելած են։ Ճշդենք որ կան­­խենք դիւ­­րի­­­մացու­­թիւննե­­րը։ Այո՛ պե­­տու­­թիւնը կրնայ իր կամ­­քը պար­­տադրել միայն այն ատեն, երբ պի­­տի ըն­­դունի թէ այդ պար­­տադրան­­քը իրա­­ւունքնե­­րու բա­­ցայայտ բռնա­­բարում մըն է եւ եր­­բեք կապ չու­­նի պատ­­րիար­­քա­­­րանի այս կամ, այն զան­­ցա­­­ռու­­թեան հետ։ Վեր­­ջա­­­պէս հա­­յերն են որ պի­­տի ճշդեն, թէ ով տե­­ղապահ պի­­տի ընտրեն, ժա­­մանա­­կաւոր կեր­­պով որո՞ւ պի­­տի յանձնեն ազ­­գը ղե­­կավա­­րելու պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը։ Այն ինչ որ նա­­խապէս ըսինք, կրկնենք ան­­գամ մը եւս՝ սա մեր ժո­­ղովուրդի ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան խնդիրն է եւ չենք թո­­ղուր որ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կամ Շի­­րինօղ­­լուն իրենց քմա­­հաճ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րով արա­­տաւո­­րեն զայն։

Աղեք­­սանդր Մա­­քետո­­նացի իր ժա­­մանա­­կին ամե­նահ­զօրն էր։ Տիոկե­նես «Ստուեր մի՛ տար ու­րիշ բան չեմ ու­զեր» ըսե­լով յա­ջողե­ցաւ այդ հզօ­րու­թիւնը ծունկի բե­րել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ