ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Կար չկար, մի հարուստ ագարակատէր կար։ Աղջիկ մը ունէր։ Կինը մահացած էր՝ աղջիկ պարգեւելէն վերջ։ Ագարակատէրն այլեւս ամուսնացած չէր՝ աստուածավախ ըլլալու պատճառով։
Օրէն մէկը մարդը ուխտ կ՚ընէ երթալ Մեքքա, հաճի ըլլալ։ Որոշում կ՚առնէ աղջկան ձգել գիւղի մխտարի խնամքին՝ ան յարգուած, ճանչցուած մարդ էր։ Մխտարը սիրով կը համաձայնէ եւ ագարակատէրը ճամբայ կ՚ընկնի։
Ամիսներ կ՚անցնին, բայց ագարակատէրը չի վերադառնայ։ Այն ժամանակներում Մեքքա հասնելը շատ դժուարին բան մըն էր՝ ոտքով կը ճամբորդէին, երկրէ երկիր կ՚անցնէին, ընթացքում, անպատճառ, փորձութիւններու կը բախուէին։ Ոմանք այդպէս էլ իրենց մուրազին չէին հասնի։
Ահա մխտարն ալ կը որոշէ, որ իր ագարակատէրն այդպէս էլ ետ չի դառնայ, գուցէ մահացած է ճամբին։ Օր մը աղջկան առանց գլխաշոր կը տեսնէ, կը սիրահարի, ուշքն ու պատիւը կը կորցնէ եւ աղջկան կը ստիպէ իր հետ բաղնիք երթալ։
Աղջիկը ճարահատեալ կը համաձայնէ, բայց պայման կը դնէ, որ նախ ինքը մխտարին կը լողցնէ, ապա՝ ինքը կը լողանայ։ Աղջիկը մխտարին լաւ կ՚օճառէ, իր փէշէն պատռած կտորով կը փակէ ծորակի բերանը, մխտարին կը պտտէ, ապա կը հրէ ցած ու ինքը կը փախուստի կը դիմէ։
Աղջիկը կը հասնի անտառ մութն ընկած ժամանակ, կը բարձրանայ ծառի ճիւղի վրայ՝ գիշերելու։ Մխտարն ալ գիւղում սուտ լուր կը տարածէ թէ ագարակի աղջիկը փախել է տնէն օտար տղամարդու մը հետ։
Առտու կանուխ անտառի միջով անցնելիս կը լինի թագաւորի տղան՝ իւր թիկնապահներով ու որսկան շներով։ Ան ծառի վրայ կը նկատէ աղջկան, կը հարցնէ արդեօք ան ի՞ն է, թէ՞ ճին։ Աղջիկն ալ կ՚ըսէ թէ ինք իր պէս մարդու զաւակ է եւ ցած կ՚իջնէ ծառէն։
Թագաւորի տղան որ կը տեսնէ աղջկայ գեղեցկութիւնը, միանգամէն կը սիրահարի եւ կը հասկնայ որ իր դիմացինը հասարակ աղջիկ չէ։ Բայց աղջիկը ճշմարտութիւնը չի պատմեր, կ՚ըսէ թէ ինք որբ է, գլուխն առած կ՚երթայ տեղ մը աշխատելու։
Թագաւորի տղան աղջկան իր պալատ կը տանի, գեղեցիկ հագուստներ կը հագցնէ, այնքան կը հաւնի, որ շուտով կամուսնանայ անոր հետ։ Կ՚անցնի երկու տարի, կ՚ունենան երկու զաւակ։ Թագաւորի տղան թէեւ չէր հարցնէ իւր կնոջ անցեալի մասին, բայց միշտ կը զգար, որ ան վիշտ մը ունի իր սրտում։
Օր մը, երբ աղջիկը շատ վշտացած կ՚ըլլայ, թագաւորի տղան կը հարցնէ պատճառը, աղջիկը կ՚ըսէ թէ ինքը ամէն ինչ ճշտութեամբ չէ պատմած, իրականին ինք հարուստ ագարակատիրոջ աղջիկ մըն էր, հայրը ուխտի էր գնացել, բայց ճանապարհին մահացել էր, իսկ ինքը յուսահատած՝ առանց ծնողքի, ձգել է տուն տեղ, ճամբայ ընկել ու թագաւորի տղուն հանդիպել։
Թագաւորի տղան որոշում կ՚առնէ իւր կնոջը երեխաների եւ թիկնապահների հետ ղրկել նրա ծննդավայրը՝ կարօտն առնելու։ Ճամբի կէսին նրանք կը կանգնեն անտառում՝ գիշերելու։
Թիկնապահներու գլխաւորը աղջկան դեռ առաջին անգամ անտառում ծառի վրայ տեսնելու ժամանակ շատ հաւնած էր անոր։ Ան կէսգիշերին կը մտնէ աղջկայ վրանը եւ կը պահանջէ սուս մնալ ու յանձնուիլ։ Աղջիկը կ՚ընդդիմանայ։ Այդ ժամ թիկնապահը կը հանէ իւր սուրը եւ երեխաներուն երկու կտոր կ՚ընէ։
Կինը կը տեսնէ որ ճար չկայ, կ՚ըսէ՝ թող քո ըսածը ըլլայ, միայն երթամ գետը լոգնամ, գամ։ Այսպէս կինը կը փախչէ, կ՚երթայ ուղիղ իր հօր ագարակը։ Այնտեղ կը հանդիպէ իրենց հովիւին, նրան ոսկի կու տայ եւ կը վերցնէ շորերը ու հովուութիւն կ՚ընէ իր հօր տանը. կը պարզուի հայրը չէր մահացել, արդէն վերադարձել էր, բայց կերպարանափոխութեան պատճառով աղջկան չէր ճանաչել։
Թիկնապահն ալ ետ կը դառնայ, թագաւորի տղուն կը պատմէ, թէ այդ կինը ինքն իր երեխաներին սպանել, հեռացել է, բայց թագաւորի տղան կը կասկածի։ Քանի մը օր ետքը նա կը հրամայէ երթալ իր կնոջ յիշատակներուն ուղղութեամբ։
Վերջապէս կը հասնին կնոջ գիւղի ագարակին մօտերը։ Հովիւ աղջիկը կը նկատէ իր ամուսնուն եւ գառները կը քշէ դէպի հօր տունը։ Հայրը կ՚ընդունէ թագաւորի տղուն, նրանք միասին կ՚ընթրեն, ետքը կը սկսեն պատմել իրենց գլխի եկածները. հայրը, որ իր աղջիկը կորսնցուցած է, մխտարը՝ իր հին երգը կ՚երգէ, թագաւորի տղան ալ՝ իր իմացածը։
Այդ պահին հովիւ աղջիկը կը պատմէ իր պատմութիւնը, թէ մխտարի ու թիկնապահի պատճառով ինչեր ապրած է, ետքը կը հանէ իր փափախը՝ հիմա ինծի ճանչցաք արդէն, - կը հարցնէ։
Թագաւորի տղան կախաղան հանել կու տայ մխտարին ու թիկնապահին։ Այսպէս հայրը, աղջիկն ու թագաւորի տղան նորէն կը գտնեն իրար։