ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումները, որոնք հասարակ քաղաքացին իսկ կաշկանդելու նպատակ կը հետապնդեն, շատոնց արդէն դարձած են մեր առօրեային անբաժանելի մասնիկը։ Երկրի մը ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերէն մէկն ըլլալու սահմանուած քաղաքացիական հասարակութիւնը կազմակերպեալ ջանքերով կը հետապնդէ դէպի ժողովրդավարութիւն ընթանալու նպատակ ունեցող երկրի քաղաքացիներուն ոտնահարուած իրաւունքները. միջոցները այլազան են՝ ցոյցեր, ժողովներ, քննարկումներ, իրաւական միջոցառումներ, ինչպէս՝ դատական հետապնդում, խորհրդարանի հետ աշխատանք, հրապարակումներ եւլն.։
Քաղաքացիական հասարակութիւնը, որուն դէպի իշխանութիւն հասնելու կամ իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու տարիներուն կ՚ապաւինէր այժմու կառավարութիւնը, քայքայումի եզրին է նոյն այդ կառավարութեան ապօրինի միջամտութիւններուն հետեւանքով։ Ընդդիմադիր իւրաքանչիւր ջանք, պայքար, իրաւական արդար պահանջք իր գոյութեան համար սպառնալիք նկատող կառավարութիւնը, որ օժտուած է բնականոնը արտականոն ցոյց տալու յոռի տաղանդով, բանտերը լեցուցած է լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու, հանրային գործիչներու, կուսակցականներու բազմութեամբ՝ երկիրը բնապահպանականի առընթեր հետզհետէ վերածելով նաեւ խօսքի ու խղճի ազատութեան ընդարձակ անապատի մը։
Երբ ՀՏՓ-ական գործիչներ կը ձերբակալուին՝ յառաջ կը քշուի իրենց ՓՔՔ-ական ըլլալու մեղադրանքը, երբ լրագրողներ կը ձերբակալուին՝ յառաջ կը քշուի իրենց կիւլենական ըլլալու մեղադրանքը, Մեծ կղզիի մէջ իրաւապաշտպաններ երբ կը ձերբակալուէին՝ յառաջ կը քշուէր իրենց միաժամանակ ՓՔՔ-ական ու կիւլենական ըլլալու մեղադրանքը, լրագրողներ երբ կը ձերբակալուին՝ յառաջ կը քշուի իրենց ՓՔՔ-ական, կիւլենական, ՏՀՔՓՃ-ական, ԻՇԻՊ-ական ըլլալու մեղադրանքը… Ի մի բան, մեղադրանքներու կամ ամբաստանութիւններու պարկէն յարմարագոյնը կամ ըստ ճաշակի մէկ քանին կը վերագրուի կասկածելի հռչակուած անձին, անձերուն, խմբակին։
Երբ սկսաւ այս ալիքը՝ ես, ինչպէս շատերը, միամտաբար կը կարծէի, թէ կառավարութիւնը ամենանախնական ձեւերով հաշուեյարդարի նստած է իր անմիջական քաղաքական ընդդիմադիրներուն հետ, սակայն այսօր համոզուած եմ, թէ ոչ մէկս պաշտպանուած ենք իշխողներու, պէտք է ըսէի՝ բռնացողներու, քմահաճ կարգադրութիւններէն, եւ, ինչպէս վերջերս յաճախ կը սիրէ կրկնել նախագահը, գիշեր մըն ալ յանկարծ անոնք կրնան յայտնուիլ մեր դուռին առջեւ (լոզունգ՝ որ կը գործածուէր Հրանդ Տինքին սպառնացող ամբոխին կողմէ ալ։ Հետեւանքը՝ յայտնի է բոլորիս)։
Նման տրամադրութիւն մը կը խտանայ մէջս՝ ի տես Օսման Քավալայի ձերբակալութիւնը։ Արդեօք կա՞յ մէկը որ ճանչցած չէ զինքը, գոնէ յակայ-յանուանէ։ Ահա մէկ քանին իր ղեկավարած «Անատոլու Քիւլթիւր»ի հովանին վայելած ձեռնարկներէն՝ «Ժամանակ» օրաթերթի 100-ամեակի գրեթէ բոլոր հանդիսութիւնները (համերգ, գիտաժողով, ցուցահանդէս, 2009-2013), հայերէն-քրտերէն մանկական գիրքերու հրատարակութիւն, Կոմիտաս վարդապետի 140-ամեակին առթիւ զանազան միջոցառումներ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2010), Հայաստան-Թուրքիա բնականոնացման գործընթացի ծիրէն ներս բազմաթիւ նախագիծեր եւ դեռ ուրիշներ, որոնց մասին զուսպ ոճով տեղեկութիւններ կարելի է կարդալ «Անատոլու Քիւլթիւր» կազմակերպութեան կայքէջին վրայ։ Ասոնց պէտք է աւելցնել նաեւ «Տեփօ»ին մէջ սարքուած ցուցահանդէսները, ասուլիսները… Նաեւ իր ներկայութիւնը մեզ անմիջականօրէն հետաքրքրող ձեռնարկներուն՝ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներէն սկսեալ մինչեւ Արա Կիւլէրին նուիրուած յոբելինական ձեռնարկը… Ինչպէս Այշէ Աթիքօղլու կը գրէր, զինքը կը տեսնէինք բազմաթիւ ձեռնարկներու ընթացքին, ընդունելութիւններու ժամանակ, բազմութեան մէջ կանգնած կ՚ըլլար համեստօրէն, խաղաղ ու առանձին՝ Յիսուսի պէս։
Քավալային հասցէագրուած մեղադրանքը, նախքան պաշտօնական յայտարարութիւնը, կարդացինք իշխանամէտ մամուլին մէջ։ Արդէն նախագահն ալ, որ շատոնց իր վրայ առած է նաեւ ամբաստանողի, դատախազի, դատաւորի բազմակի յատկութիւնները, Քավալայի մասին ալ յայտնեց իր վճիռը։ Ձերբակալութեան առաջին օրերուն Քավալային կինը՝ փրոֆ. Այշէ Պուղրա յայտարարած էր, թէ հաւանաբար սխալմունք մը պատահած է եւ պատկան մարմինները պիտի ուղղեն զայն։ Ա՛լ յայտնի է որ բաւական գիտակից կերպով ձերբակալած են սիրելի Քավալան։
Ալիքը, զոր կը յարուցէ ակնյայտնի խուճապի մը մէջ գտնուող կառավարութիւնը, երբեք այսքան մօտիկ չէի զգացած մեր ափերուն։ Մօտիկութիւնը ոչ միայն կապ ունի Օսման Քավալային մեր հասարակութեան հետ ունեցած մերձաւորութեան, այլ նաեւ մարդու իր տեսակին։ Քավալային այս երկրին ու անոր մշակոյթին մատուցած ծառայութիւնները, Անատոլուի հեռաւոր քաղաքներէն մինչեւ Պոլիս, հասարակութեան մեծամասնութենէն մինչեւ յետին փոքրամասնութիւնը, անկասկած դրական դիմանկար մը կը ստեղծեն իր հաշւոյն։ Անձ մը, որուն անպարտութեան երաշխաւորը կարելի է ըլլալ անվարան։ Այսինքն, որպէս անհատ կրնաք ըլլալ որեւէ մէկը, բարեգործ մը, բարերար մը, սիրելի անձ մը, սակայն ապահովագրուած չէք երբեք խուճապահար կառավարութեան քմահաճ զայրոյթէն։ Ցաւալի կ՚ըլլայ նաեւ այն լռութիւնը, զոր կրնան ցուցադրել ձեր մերձաւորները։