Արա Կիւլէրի անունով կը յիշուի իր աշխատանոցի փողոցը

Թուրքիոյ գեղարուեստի աշխարհի ամենայայտնի դէմքերէն լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի աշխատանոցին գտնուած փողոցը յետ այսու պիտի կոչուի իր անունով։ Կալաթասարայի հրապարակին մօտակայքը գտնուող «Թոսպաղա» փողոցի մէջ արդէն տարիներէ ի վեր կը գործէ անուանի լուսանկարիչի անունով յիշուած «Արա Քաֆէ» սրճարանը։ Այս մասին առաջարկը քննարկուած է Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետարանի խորհուրդի նիստին։ Առաջարկին առարկողներ եղած են պատճառաբանելով, թէ այս տեսակի անուանափոխութիւնները շփոթ կը յառաջացնեն ցրուիչներու մօտ։ Սակայն խորհուրդը հաստատած է կատարուած առաջարկը եւ որոշած է նախկին «Թոսպաղա» փողոցը կոչել՝ Արա Կիւլէր փողոց։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ