Ներկայ ժամանակներուն ալ աւելի յստակացած է պոլսահայ հասարակութեան մէջ տիրող դասալքութիւնը։ Այս սիւնակի մէջ զանազան անգամներ անդրադարձած ենք մեր համայնքէն ներս տիրող պառակտումներու մասին։ Իրականութեան մէջ հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը լոկ իր տրամաբանութիւնը գործածելով կը գտնէ աւելի իմաստուն մեկնաբանութիւններ։ Սակայն ի՛նչ զարմանալի է որ, իբրեւ թէ նոյն համայնքի ծոցէն ելած վարչականներու խաւը, բոլորովին ուրիշ ուղի մը որդեգրած է։ Այդ ուղղութեան հետեւողները կարծես բոլոր կապը խզած են, թէ իրենց հաւաքականութեան եւ թէ ամենապարզ տրամաբանական կանոններու հետ։ Հաւաքականութեան հետ կապը խզելու հետեւանքով հրաժարած են նաեւ թափանցիկութենէ։ Ցաւալիօրէն անճարակ է նաեւ պոլսոհայոց վարչական խաւը։ Խնդիր լուծելու կարողութիւնը կորսնցուցած այդ խմբակն է, որ ամբողջ համայնքը խաղալիք դարձուցած է, քանի մը բարերարի ձեռքերուն։ Իրա՛ւ, կ՚արժէ հարցնել, քանի լիրանոց բարերարութիւն պէտք է ամբողջ համայնքի մը կամքը ձերբակալելու համար։
Պարտինք յայտնել թէ բարերարներու իրենց կամքը պարտադրելը հին պատմութիւն է մեր ժողովուրդին համար։ Այդ աւանդութեան հիմքերը կը հասնին մինչեւ թագաւորութեան շրջան։ Սակայն ի տարբերութիւն այսօրուայ խեղճութենէ, անցեալին միշտ ունեցած ենք նաեւ այդ միահեծան իշխանութիւնը հակակշռող ուժեր։ Այդ ուժերը յայտնուած են իբրեւ մտաւորականութիւն, կուսակցութիւն, մամուլ, կրթական մշակ եւ այլ երեւոյթներով։
Ի՞նչ է անցեալի եւ այսօրուայ տարբերութիւնը։ Պարզ է պատասխանը՝ անցեալին ազգ էինք եւ ժողովուրդ, այսօր վերածուած ենք համայնքի մը ճղճիմութեան։
Այս պոռթկումին տեղի տուողը թերթի էջերուն մէջ յայտնուած լրատուութիւն մըն է։ Բոլորս լսած ենք Հայաստանէն աշխատանքի համար եկած ընտանիքներու զաւակներուն ուսում ջամբող Հրանդ Տինք Վարժարանի անունը։ Այս դպրոցը տարիներէ ի վեր կը գործէ Կէտիքփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նկուղին մէջ։ Մօտ անցեալին օրակարգի եկաւ դպրոցը աւելի յարմարաւէտ վայր մը, աւելի ճիշդ աշակերտի չգոյութեան պատճառաւ փակուած երբեմնի Պօղոսեան Վառվառեան Վարժարանը։ Ողջունելի այս միտքը ափսոս, որ կը հանդիպի Գումգաբուի դրսի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի դժկամութեան։ Թաղականութիւնը անցեալին շէնքը օգտագործած էր իբրեւ կալուած եւ սենեակ առ սենեակ վարձու տուած զանազան աշխատանքներու։ Նոյնպէս երկու հայրենակցական միութիւններ եւս երդիկ մը գտած էին, այդ դպրոցին մէջ։ Երբ Հրանդ Տինք դպրոցը հոն փոխադրելու առաջարկ մը կայացաւ, բոլոր վարձակալները պարպեցին իրենց զբաղեցուցած երբեմնի դասարանները։ Միայն մէկը, որ նոյն ժամանակ թաղական խորհուրդի մաս կը կազմէ, մերժեց իր զբաղեցուցած տարածքը յանձնել եւ անելի մատնեց դպրոցի փոխադրութիւնը։
Այս պահուն թաղական խորհուրդի ատենապետն ալ փոխանակ իր պաշտօնակցին հետ գլուխ ելլելու, կը յամառի նախապէս ճշդուած ծրագիրը դրժելու։
Ցաւալի է իր ներկայացուցած պատճառաբանութիւնը։ «Ես չեմ արտօներ, որ դպրոցի ճակտին գրուի –Հրանդ Տինք Բողոքական Դպրոց- վերտառութիւնը» կ՚ըսէ ատենապետը։ Անհիմն ու անիմաստ առարկութիւն մը, քանի որ նման անուանում մը մինչեւ օրս չէ լսուած։ Եւ այդ ինչ տեսակ խտրական ոգի մըն է հայ ազգի այս կամ այն դաւանանքի հանդէպ։
Մեր նկատումով առաքելական, կաթողիկէ կամ բողոքական անուանումներէն աւելի կարեւոր շեշտադրում է «հայ» կոչումը։ Քաղաքին մէջ ունինք կաթողիկէ դպրոցներ, որոնց աշակերտութեան մեծամասնութիւնը առաքելականներն են։ Նոյնը կարելի է ըսել երբեմնի ժողովարանի դպրոցին համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցչութիւնը կը գործէ հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող շէնքի մէջ։ Անվարան կը խորհինք թէ մեր այսօրուայ վարիչները, այդ հաստատութեան համար ալ նոյն դժկամութիւնը կ՚ունենային։
Անարժանները իր գլխուն վարչային կարգած հայ համայնքը պիտի բաժնէ ժողովուրդ ըլլալու յատկութենէն դադրելով գոյացած այս խեղճութեան ամօթը։