26 ամեակին առաջին անգամ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը Իսթանպուլէ ներս առաջին անգամ համերգով եւ ըն­դունե­լու­թեամբ նշո­ւեցաւ 14 Հոկ­տեմբեր Շա­բաթ երե­կոյ, Պե­շիկ­թաշ՝ Ֆուլյա մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Մի­ջոցառ­ման հիւ­րընկալ­ներն էին Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծութեան Կազ­մա­կեր­պութեան ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Ար­սէն Աւա­գեան եւ իր տե­ղակալ Իկոր Մար­տի­րոսեան։ Հա­յաս­տա­նէ ժա­մանած Քա­տանս նո­ւագա­խումբի հա­մեր­գին հա­մեստ մաս­նակցու­թիւն մը բե­րաւ նաեւ Պոլ­սոյ «Մա­րալ» պա­րային հա­մոյ­թը։

Ար­սէն եւ Մե­րի Աւա­գեան ու Իկոր եւ Լիանայ Մար­տի­րոսեան ամոլ­նե­րը դահ­լի­ճի մուտքին մի առ մի ող­ջունե­ցին բո­լոր հրա­ւիրեալ­նե­րը։ Ներ­կայ էր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան, որուն կ՚ըն­կե­րակ­ցէին Արամ արք. Աթէ­շեան եւ Սա­հակ եպիս­կո­պոս Մա­շալեան։ Քա­ղաքիս հայ աւե­տարա­նական եկե­ղեցին կը ներ­կա­յաց­նէր Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու եւ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի անու­նով ներ­կայ էր Հայր Վար­դան վար­դա­պետ Գա­զան­ճեան։ Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սէ­լինա Տո­ղան եւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան եւս մաս­նակցե­ցան տօ­նակա­տարու­թեան։ Իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին նաեւ Ռու­սիոյ, Պե­լարու­սի, Իրա­նի եւ Գեր­մա­նիոյ Իս­թանպու­լի հիւ­պա­տոսա­րան­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ դի­ւանա­գէտ­ներ։ Պե­շիկ­թա­շի քա­ղաքա­պետին կը փո­խարի­նէր խորհրդա­տու Նուրհան Փա­լաքօղ­լու։ Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետա­րանի խոր­հուրդի ան­դամ Վազ­գէն Պա­րըն եւ բազ­մա­թիւ պոլ­սա­հայեր ամ­բողջո­վին լե­ցու­ցած էին ըն­դարձակ դահ­լի­ճը։

Մի­ջոցառ­ման հա­ղոր­դա­վար­ներն էին Պեր­ճուհի Պեր­պե­րեան եւ Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու։ Յայ­տա­գիրը սկսաւ կազ­մա­կեր­պիչ յանձնա­խումբի ատե­նապետ եւ «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան տնօ­րէն Արա Գօ­չու­նեանի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ՍԾՏՀԿ-ի մօտ մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Ար­սէն Աւա­գեանի ու­ղերձնե­րով։ Գօ­չու­նեան եւ Աւա­գեան իրենց ելոյթնե­րուն մէջ շեշ­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խու­թեան Իս­թանպու­լի մէջ առա­ջին ան­գամ նշո­ւելու յա­տուկ նշա­նակու­թիւնը։ Գօ­չու­նեան պատ­մա­կան անդրա­դարձ մը կա­տարե­լով յի­շեց նաեւ 1919 թո­ւին Առա­ջին հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան տա­րեդար­ձին Պոլ­սոյ մէջ կա­յացած ժո­ղովը։ Ակ­նարկեց ան­կա­խու­թեան տա­րեդար­ձին Թարգման­չաց Տօ­նի հետ զու­գա­դիպե­լուն եւ ող­ջունեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Սերժ Սարգսեանը եւ պե­տական անձնա­կազ­մը, բա­րեմաղ­թութիւններ յայտնե­լով։ Նշեց Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ. ի եւ հո­գեւո­րական­նե­րու աղօթքնե­րուն Հա­յաս­տա­նի հա­մար կա­րեւո­րու­թիւնը։ Իսկ Աւա­գեան խօ­սեցաւ անցնող 26 տա­րինե­րուն դժո­ւարու­թիւննե­րուն եւ այդ դժո­ւարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար կա­տարո­ւած աշ­խա­տանքնե­րուն շուրջ։ Ան նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը յա­ջողած է աշ­խարհաց­րիւ հա­յու­թիւնը իր շուրջ հա­մախմբե­լու։ Աւա­գեան ելոյ­թը աւար­տեց այս մի­ջոցառ­ման իրա­կանաց­ման նպաս­տողնե­րուն շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով։

Ապա բեմ բարձրա­ցաւ պոլ­սա­հայոց սի­րուած աս­մունքող Սիլ­վա Կո­միկեան։ Կո­միկեան ար­տա­սանեց Վազ­գէն Ա. Կա­թողի­կոսի պատ­գա­մը՝ ձօ­նուած Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նաց­ման ու­րախ երե­ւոյ­թին։

Այս բո­լորէն ետք բե­մը յանձնո­ւեցաւ «Քա­տանս» նո­ւագա­խումբի հինգ նո­ւագա­ծու­նե­րուն՝ կի­թառա­հար Յա­կոբ Ջա­ղաց­պա­նեան, ջու­թա­կահար Վա­րազ­դատ Խա­չու­մեան, Ձեռ­նա­դաշ­նակ Մե­րու­ժան Եգա­նեան, դաշ­նա­կահար Սո­ֆի Մի­քայէ­լեան եւ քոնթրպաս Գուրգէն Ամի­րեանի։ Հայ երաժշտու­թեան դա­սական դար­ձած մե­ղեդի­ները, Սա­յաթ Նո­վայի կամ Կո­միտա­սի ծա­նօթ եղա­նակ­նե­րը նոր ու իւ­րա­յատուկ դաշ­նա­ւորու­մով մա­տու­ցող խումբը մեծ յա­ջողու­թեամբ ներ­կա­յացուց նաեւ Աս­թոր Փիացո­լայի եւ այլ եր­գա­հան­նե­րու յօ­րինումներ։ Խումբը երբ կը կա­տարէր Խա­չատուր Աւե­տիսեանի «Իլիկ­նե­րով պար» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, «Մա­րալ» պա­րային հա­մոյ­թի վեց պա­րու­հի­ներ ալ ներ­կա­յացու­ցին նոյ­նա­նուն պա­րը։ «Քա­տանս»ի ելոյ­թը երաժշտա­կան ան­մո­ռանա­լի վա­յելք մը դար­ձաւ բո­լոր ներ­կա­ներուն հա­մար, որոնք հա­մեր­գի աւար­տին իրենց գո­հու­նա­կու­թիւնը կ՚ար­տա­յայ­տէին ոտնկայս ան­վերջա­նալի ծա­փահա­րու­թիւնով։

Աւար­տին բե­մին վրայ յու­շա­նուէր­ներ բաժ­նո­ւեցան մի­ջոցառ­ման աջակ­ցողնե­րուն։ Ներ­կա­ները կող­քի սրա­հին մէջ սար­քո­ւած ըն­դունե­լու­թեան պա­հուն առի­թը ու­նե­ցան, թէ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը եւ թէ կազ­մա­կեր­պիչնե­րը շնոր­հա­ւորե­լու եւ իրա­րու հետ տպաւորութիւններ փոխանակելու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ