Ստուերներու լուսանցքէն՝ պայծառ մի ճառագայթ

Երբեմն կը հանդիպիմ լուսանկարիչներու, որոնց գործերը խորապէս կը տպաւորեն զիս եւ ես ինքզինքս անարժան կը զգամ իրենց դիմաց։ Կը տարուիմ խորհելով թէ պէտք է աւելի խտանամ աշխատանքիս վրայ եւ աւելի ստեղծագործ դառնամ։ Նոյնիսկ երբեմն կը մտածեմ լուսանկարչական գործիքս աղբաման նետել եւ ուրիշ բաներով զբաղելու մասին։ Մէյմը իմ նկարներուս կը նայիմ, մէյմը իրենց եւ ես ինծի կը համոզուիմ որ բաւականին լաւ չեմ։ Բայց կը շարունակեմ լուսանկարել։ Առաջին հերթին մատնուած հիացումի զգացումը ներշնչումի կը վերածուի եւ նոր ուժ մը կ՚ապահովէ յառաջանալու համար։ Դարձեալ մեծ վարպետի մը հետ եմ։ Մոխրագոյն մազերով, նուրբ դէմքով ու մեղմ ձայնի շեշտադրութեամբ 70-ական տարիները բոլորող Գագիկ Յարութիւնեանի հետ կը զրուցեմ իր գործերուն մասին։ Նստած ենք Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան ընդարձակ ցուցասրահին մէջ։ Սրահը մեծ վարպետին լուսանկարելէ դադրելու որոշումէն 18 տարիներ ետք, այս օրերուս կը հիւրընկալէ իր գործերէն բաղկացող «Ժամանակի Ստուերները» անուն ցուցահանդէսը։ Մերթ ընդ մերթ մեզի կ՚ընկերանայ «Լուսադարան»ի, այսինքն Հայ Լուսանկարչական Հիմնադրամի գլխաւոր քուրաթէօր՝ Վիգէն Գալստեանը։ Այս ցուցահանդէսը ձեւաւորողն ալ ինքն է։ Իր, լուսադարանի եւ «Մշակութային Երկխօսութիւն Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Սոնա Յարութիւնեանի միջոցաւ կայացաւ այս ցուցահանդէսը եւ գիրքը։

Սովետական շրջանի կարեւորագոյն հայ նկարիչի հետ կաղապարուած հարցազրոյց մը ընելէ կը խուսափիմ։ Կը նախընտրեմ հաճելի զրոյցի մը ոճով խօսիլ։ Այս առեղծուածային համարեա խորհրդաւոր մարդուն ներքնաշխարհին թափանցել կ՚ուզեմ։ Գիտութեան պապակ աշակերտի մը նման կը նստիմ իր դիմաց եւ կը հաւատամ թէ այս առաջին ու միակ զրոյցը չէ, որ պիտի ունենամ իրեն հետ։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

arabianberge@hotmail.com

ՊԵՐՃ ԱՐԱ­ՊԵԱՆ-Դուք այդ ժա­մանակ­նե­րուն, որ կ՚աշ­խա­տէիք, Սո­վետա­կան շրջան էր։ Սո­վետ­նե­րը աւե­լի իրենց աշ­խարհն ու իրենց սրբու­թիւննե­րը պատ­կե­րաց­նել կը ձգտէին։ Լու­սանկար­չութիւ­նը փրո­փական­տա էր եւ տե­ղեկու­թիւն տալ էր։ Իսկ ձեր արուես­տա­կան ձգտումնե­րը չեն հա­մեմա­տիր իրենց պատ­գա­մին։ Ինչպէ՞ս կա­րողա­ցած էք այս բո­լորը ընել, այդ շրջա­նին։

ԳԱ­ԳԻԿ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԵԱՆ- Ժա­մանակ մը եկաւ, երբ ես հասկցայ, թէ այսպէս աշ­խա­տիլ չ՚ըլ­լար։ Հասկցայ թէ վա­ւերագ­րա­կան լու­սանկար­չութիւ­նը ես չեմ սի­րեր։ Բայց խոր­քին մէջ ես լրագ­րին մէջ կ՚աշ­խա­տէի եւ պար­տա­ւոր էի լրագ­րին պա­հանջնե­րը կա­տարել։ Թէ սո­վետա­կան է, կամ թէ քա­փիթա­լիս­տա­կան է ին­ծի չէր հե­տաքրքրեր։ Մէկ էր ին­ծի հա­մար։ Կա­րեւո­րը այդ էր, թէ իմ լու­սանկար­չա­կան մե­քենան եւ իմ գոր­ծիքներս լաւ աշ­խա­տէին։ Որ­պէսզի ես յա­ջող նկար­ներ ստեղ­ծէի։ Աւե­լի ռա­սիոնալ եւ իրա­կան մտքե­րու մէջ կ՚ապ­րէի։ Բայց մէկ­տեղ հո­գիս ու­րիշ բա­ներ կ՚ու­զեր նկա­րել։ Որո­շեցի այսպէս ընել՝ եր­թալ արագ արագ իրենց պա­հանջքը նկա­րել, կը նկա­րէի եւ խո­րունկ շունչ մը կը քա­շէի, երբ հանգստա­նայի թէ գործս վեր­ջա­ցած է կը սկսէի ին­ծի հա­մար նկար փնտռել։ Օրի­նակ ըսենք Կո­րիս գա­ցած եմ, պա­հանջքը նկա­րած եմ եւ վեր­ջէն հոն ցից քա­րով ցան­կա­պատ մը տե­սած եմ, սի­րուն ցան­կա­պատ։ Որո­շել ինչպէս նկա­րել այդ պա­տը։ Ցից քարն էր ին­ծի հե­տաքրքրո­ղը։ Ցոյց տալ, այդ ցից քա­րերու հո­գին։ Այ­սինքն իմ ոգիիս հա­մար էր որ կը նկա­րէի։ Կ՚եր­թա­յի որե­ւէ մէկ տեղ, մա­նաւանդ որ իմ ինքնա­շար­ժը կար, կրնա­յի իմ ու­զած տեղս կանգնիլ։ Եւ գի­տէ՞ք ես նախ շատ կը սի­րեմ բնու­թեան մէջ քա­լել, մտա­ծել, բա­ներ տես­նել։ Այս ձիւ­նի պատ­կե­րը օրի­նակ։ Շատ ափստրաք ձե­ւով ներ­կա­յացու­ցած եմ։ Շատ լաւ կը յի­շեմ, թէ ես այդ օրը կը մրսէի, բայց կը շա­րու­նա­կէի քա­լել եւ այդ ձե­ւով մտա­ծել, թէ այդ խո­տերը, իրենք որ­քան կը մրսէին եւ ին­չեր կը մտա­ծին։ Եւ այս անդրա­դառ­նա­լով մէկ ան­գա­մէն սկսած եմ տաք­նալ։ Իրենցմով տաք­ցած ու­զե­ցի աւե­լի յա­ռաջա­նալ ձիւ­նե­րուն մէջ, բայց յան­կարծ անդրա­դար­ձայ, թէ վեր­ջէն չի կա­րենամ վե­րադառ­նալ։ Վե­րադար­ձայ եւ ու­րիշ օր ետ դառ­նալ որո­շեցի։ Այ­սինքն այս բո­լորը կը պատ­մեմ բա­ցատ­րե­լու հա­մար, թէ ես այդ օրե­րուն եր­կու տե­սակ լու­սանկար­չութիւն կ՚ընէի։ Առա­ջինը վա­ւերագ­րա­կան՝ կո­մինիս­տա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն մը պատ­կե­րել, իբր պար­տա­կանու­թիւն։ Միւ­սը իմ հոգ­ւոյս հա­մար՝ տեղ մը մէկ հատ տե­րեւ, ու­րիշ տեղ մարդ մը, չեմ գի­տեր ինչ որ հո­գիիս հե­տաքրքրէր։

Պ.Ա.- Այս որ կ՚ըսէք, թէ ու­րիշ օր վե­րադառ­նա­լու որո­շում տուիք կ՚ու­զեմ հարցնել լու­սանկար­չութեան մէջ երկրորդ օր կա՞յ։ Բան մը տես­նել եւ ու­րիշ օրուայ հե­տաձ­գել կա­րելի՞ է։

Գ.Յ.-Այ­սինքն մէկ ան­գա­մով չ՚աւար­տե՞լ եւ նո­րէ՞ն եր­թալ։ Այո՛, կայ։ Այնտեղ ջրա­բոյս մը կայ (ցոյց կու տայ ցու­ցա­հան­դէ­սի պատ­կերնե­րէն մէկ հատ), երկնքին մէջ արեւ չկայ։ Գի­տէ՞ք քա­նի ան­գամ ես այդտեղ գա­ցած եմ։ Ան­թիւ ան­գամներ, որով­հե­տեւ այդ ճա­նապար­հեն միշտ կ՚անցնէի, կ՚եր­թա­յի գիւղ թո­նիր նկա­րելու։ Ճի՛շդ այդ ջրա­բոյ­սի հա­մար կ՚եր­թա­յի։ Բան մը կը տես­նա­յի եւ ծախսս կը շատ­նար, բայց նոյն ժա­մանակ պէտք էր, որ ոգ­ւով առ­նուած պատ­կեր մը ստա­նայի։ Պէտք է մի­ջոց­ներ դնես, որ բան մը ընես։ Շատ պա­տահած է, որ եր­կորդ ան­գամ գա­ցած եմ։ Օրի­նակ՝ այդ թռչնա­բու­ծա­կան գոր­ծա­րանը եր­կու կամ երեք ան­գամ գա­ցած եմ։ Կ՚ու­զէի ներ­սը այս ըն­թացքը շա­րու­նա­կական պատ­կե­րաց­նել, բայց տե­սայ որ ինչ որ առա­ջին ըն­կա­լումնե­րովս նկա­րած էի, անոնք հիմ­նա­կան մնա­ցին։ Ար­դէն բան մը որ շատ բա­ցատ­րես ար­ժէ­քազուրկ կը դառ­նայ։

Պ.Ա.- Այ­սինքն բա­նաս­տեղծու­թե­նէ կը դադ­րի։ Լաւ, ձեր տուած օրի­նակ­նե­րով եր­կորդ օր ան­շուշտ կայ։ Հա­ւերը միշտ հոն են, բայց ըսենք այս եր­կու պատ­կերնե­րը, (ցոյց կու տամ եր­կու պատ­կեր) այս մար­դը դու­ռով կամ այդ ճա­ռագայ­թով աթո­ռի պատ­կե­րը։ Այս տե­սակ պատ­կերներ միայն մէկ առիթ կ՚ու­նե­նանք լու­սանկա­րելու։ Երկրորդ օր չի կրնար ըլ­լալ, այդպէս չէ՞։

Գ.Յ.-Չէ՛, չէ՛, չէ՛։ Ասոնք մտա­ծուած բա­ներ են։ Այդ հա­գուստի պա­հարա­նի դու­ռը օրի­նակ։ Դու­ռի վրա­յի կլոր անցքը հա­յելիին տեղն է։ Հա­յելին ժա­մանա­կին կար, հի­մա ոչ։ Այս դու­ռը մէկ կողմ լքուած էր։ Ղա­րաբա­ղի մէջ նկա­րած եմ։ Անոր կող­քին բա­նակ կար, որ­տեղ զի­նուոր­ներ կա­յին, իսկ այս տղան մի տու­րում հաց էր ձեռ­քին։ Կ՚ու­տէր։ Ես ալ միւս կող­մը կանգնած էի։ Տղուն ըսի՝ «Արի տղայ հա­գի դրա» ան ալ հա­գուե­ցաւ։ Որով­հե­տեւ զգա­ցած էի, թէ դու­ռը զիս գայ­թակղած էր շատ ու­ժով։ Կ՚ու­զես բան մը ընել անոր հետ, վեր­ջէն կը մտա­ծես թէ ինչ ընես ու հասկցայ, թէ այդ ժա­մանակ Ղա­րաբա­ղի մէջ բա­նակը մար­տա­կերտ կ՚ընէր։ Ու­րեմն այդ տղուն, այնպէս հա­գուած եւ կանգնած, ըսի՝ «ձեռ­քերդ բաց»։ Կար­ծես, թէ կը հանձնուէր։ Կ՚ու­զէի որ տղան գո­ռայ։ Բայց ան չգո­ռաց։ Այդ, այդպէս։ Իսկ այդ միւ­սը, աթո­ռի պատ­կե­րը, 90-ական թուական­նե­րուն աթո­ռի կռիւ­ներ կ՚ային։ Ժո­ղովուրդը այդ կռիւ­նե­րով զբա­ղուած էր։ Իմ արուես­տա­տան մէջ բազ­կա­թոռ մը կար։Ինքզին­քիս ըսի այդ աթո­ռին միտ­քը նկա­րեմ ու այդպէս ֆիլթր դրի եւ փոր­ձե­ցի այս ճա­ռագայ­թի ազ­դե­ցու­թիւնը ստա­նալ։ Բայց այդ օրե­րուն չու­զե­ցին տպել։ Ոչ մէ­կը այս նկա­րը տպագ­րեց։

(Հոս ես այս պատ­մութիւ­նը լսե­լէս վերջ ան­մեղ ան­մեղ հար­ցուցի՝ «իսկ այս աթոռ­նե­րու խնդի­րը ի՞նչ էր։ Աթոռ­նե­րու պա­կասու­թիւն կա՞ր»։ Եւ ահա­ւասիկ վար­պետ Գա­գիկը ամ­բողջ սրտով սկսաւ խնդալ, եր­կար խնդաց եւ վեր­ջա­պէս ըսաւ՝ «շատ լաւ ասե­ցիր տղայ, վա՜յ շատ լաւ ասե­ցիր», եւ ըսաւ «ես նա­խագա­հու­թեան աթոռ­նե­րու մա­սին էր որ կը խօ­սէի» եւ դար­ձեալ խնդաց։ Ես ալ տգի­տու­թեանս հա­մար իր հետ խնդա­ցի…)։

ՊԵՐՃ ԱՐԱ­ՊԵԱՆ- Գա­լով երկրա­շար­ժի եւ պա­տերազ­մի պատ­կերնե­րուն, դէպ­քով եւ տե­ղեկու­թեամբ չէ որ զբա­ղած էք, սո­վորա­կան լու­սանկա­րիչ­նե­րու նման։ Աւե­լի երկրա­շար­ժի եւ պա­տերազ­մի հե­տեւանքներն են որ ցոյց կու տաք։ Մարդկա­յին ցա­ւը կը նշէք։

Գ.Յ.-Գի­տէք ինչպէս էր, ես որ Ղա­րաբաղ կ՚եր­թա­յի յոյ­սով կը մտա­ծէի, թէ ինչ լաւ պատ­կերներ պի­տի կա­րենամ հա­նել։ Ոգեշնչուած կ՚եր­թա­յի, բայց յե­տոյ հասկցայ թէ այդ կա­րելի չէր։ Մենք հա­յաս­տանցի­ներս շատ լաւ գի­տենք պա­տերազ­մի պատ­մութիւ­նը։ Բազ­մա­թիւ գիր­քեր, ֆիլ­մեր եւ տե­ղեկու­թիւններ կայ։ Բայց դուք Շու­շին օրի­նակ այսպէս երե­ւակա­յեցէք։ Մէկ հրա­սայլ այս կողմ, մէկ հրա­սայլ միւս կողմ։ Մէկ հա­տը կը կրա­կէ այս կող­մէն, միւ­սը միւս կող­մէն։ Վրայ վրա­յի։ Եր­կուքէն ալ ծուխ կ՚ել­լայ։ Եր­թալ եւ հրա­սայ­լի վրայ նստիլ նոյն բա­ները պի­տի տես­նես եւ պի­տի նկա­րես։ Նկա­րելու նիւթ չի կրցայ գտնալ։ Սկսայ քա­լել հրա­սայ­լե­րէն հե­ռու։ Սկսայ նկա­րելու։ Քա­րերու կոյտ կար արեան հետք վրան։ Զգա­ցի որ այդ ալ ահ­ռութիւ­նը չի կրնար ար­տա­յայ­տել ու սկսայ մար­դիկ նկա­րել։ Այ­սինքն այդ թա­տերա­բեմէն, այս կողմ։ Սկսայ ժո­ղովուրդին նկա­րել։ Սո­ված ժո­ղովուրդը, որ այդ պա­հուն հաց կը փնտռէր։ Թո՛ղ ըլ­լայ այս պատ­կե­րը։ Աղ­ջի­կը կը սպա­սէ մէկ­տեղ, թո՛ղ ըլ­լայ այդ պատ­կերն ալ։ Մար­դոց դէմ­քե­րուն վրայ սպա­սում կայ, թո՛ղ այդ պատ­կերն ալ ըլ­լայ։ Կ՚ու­զես որ ըլ­լայ։ Ինչ որ է, բայց այս չի նշա­նակեր, որ ես զի­նուոր­նե­րը չեմ նկա­րած։ Չէ՛, նկա­րած եմ։ Վի­րաւոր­նե­րը՜, մե­րել­նե­րը՜, ահա­ւոր բա­ներ նկա­րած եմ։ Որ­դե­րը ինչպէս դիակ­նե­րը կ՚ու­տէին։ Այդպէս շատ բա­ներ նկա­րած եմ, բայց հար­կը չկայ հա­նել եւ ցոյց տա­լու։ Են­թադրենք այդ որ­դի պատ­կե­րը բե­րեմ ձե­զի ցոյց տամ։ Հա­ւատա՛յ աւ­լի քիչ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ, քան թէ հոն պառ­կած երա­խայի մը պատ­կե­րը, կամ օգ­նութիւն սպա­սող տղերք տոպ­րակնե­րով, կամ հա­ցի հեր­թը։ Ինձ հա­մար աւե­լի ցա­ւալի պատ­կերներ են։ Խե­լագա­րու­թիւն է տես­նել, ըն­կե­րոջդ արեան հետ­քը օրի­նակ։ Ցա­ւալի բան է։ Գի­տէք քա­նի ան­գամ ես մա­հէն փրկուած եմ։ Մէկ ան­գամ պայ­թումի մը ակա­նատես եղայ։ Տե­սայ այդ ծագ պայ­թումի գոյ­նե­րը։ Այդ վայրկեանին ես մտա­ծեցի որ այդ իմ վեր­ջին լու­սանկարս պի­տի ըլ­լայ։ Ու­րիշ ան­գամ մըն ալ երի­տասարդ մը ըսաւ եկուր ծխենք։ Ծխա­խոտը գրպա­նէս հա­նած ատեն կրա­կում մը լսե­ցինք։ Զգա­ցինք որ մեր մէջ­տե­ղէն բան մը ան­ցաւ, բայց բան մը չտե­սանք։ Մէկ ան­գա­մէն տե­սայ թէ այդ տղա­յի գրպա­նէն թե­փի պէս բան մը կը թա­փէր։ Այս ի՞նչ թեփ է մտա­ծեցի։ Դուն մի ըսեր սի­կարե­թի տու­փը կտրեր էր եւ տա­րած հե­տը եւ մեր մար­միննե­րուն չէր վնա­սած։ Շատ բա­ներ կան, բայց ամէն որ տես­նես կամ լսես պէտք չէ որ միշտ պատ­մես։ Կար­ծես իմ մէ­ջը սլաք մը կայ եւ ին­ծի կ՚ըսէ ինչ ընեմ եւ ինչ պատ­մեմ։ Ան­կեղծ ըսեմ, թէ ես բա­ւական լու­սանկար­ներ ոչին­չա­ցու­ցած եմ Ղա­րաբա­ղի պա­տերազ­մէն։ Տիք­տա­թորեալ ձե­ւով փճա­ցու­ցած եմ, քա­նի որ պէտք չկայ։ Այդ տե­սակի վայ­րագ տե­սարան­նե­րը ցոյց տա­լու հար­կը չկայ։ Որ­դե­րու կե­րած դիակը օրի­նակ ատրպէյ­ճանցի է, բայց ի վեր­ջոյ մարդ արա­րած է։ Ես որ­քան կա­րող եմ յի­շել, այդ նկարն ալ ոչնչա­ցու­ցած եմ։

Պ.Ա.- Ես տա­կաւին բան մը կայ, որ չեմ կրնար հասկնալ։ Այդ ամ­բողջ 25-30 տա­րի, որ դուք լու­սանկա­րեցիք, բո­լոր ան­ցեալի աշ­խարհի մը վկայ եղաք, ոգե­ւորուեցաք ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ, այդ ամ­բողջէն ետք որո­շում կրնաք տալ ըսե­լով. «ես այ­լեւս պի­տի չնկա­րեմ»։

Գ.Յ.-Այ­սինքն կարճ կ՚ու­զէք գիտ­նալ թէ ես ին­չո՞ւ լու­սանկա­րելը ձգե­ցի։ Նախ ըսեմ, թէ այդ օրե­րուն (այ­սինքն 90-ական թուական­նե­րուն) իրօք փո­փոխու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նար։ Եւ հա­մայ­նա­վարու­թեան մէջ եւ մեր սե­րունդնե­րուն մէջ, նոյ­նիսկ թեր­թե­րուն մէջ։ Շատ մը հար­ցե­րու հան­դէպ ի հի­մանէ հա­մաձայն չէի։ Բայց անոնք կ՚ըսէին. «Դուն ո՞վ ես։ Դուն լու­սանկա­րիչ մըն ես։ Այնտեղ կայ վա­րիչ, կայ խմբա­գիր»։ Բազ­մա­թիւ պատ­ճառներ կայ այս ձեր հար­ցումին։ Յե­տոյ գործ չկար։ Կա­մաց կա­մաց գոր­ծե­րը կը դադ­րէին։ Մէկ լու­սանկա­րին հա­մար 300 դրամ կը խոս­տա­նային, բայց ար­դէն 100 դրա­մը եր­թա­լու կու տա­յիր միւս 100-ը դառ­նա­լու։ Հոն կար ժա­պաւէն, թուղթ եւ այլն, եւ այլն…։ Հաց ալ պէտք էր վեր­ջա­պէս։ Կարճ ըսեմ, ապ­րե­լու մի­ջոց­նե­րը դժուար էին եւ ես զգա­ցի, որ պէտք է փո­խուիմ։ Սկսայ պա­յու­սակներ կա­րել։ Վեր­ջը ալի­միոն­յո­մէ պա­տու­հաննե­րու պատ­րաստումնե­րով զբա­ղուե­ցայ, վերջն ալ կա­հոյքներ պատ­րաստե­լով զբա­ղեցայ։ Բայց սի­րուն կա­հոյքներ էին, հա՜ շատ սի­րուն (կը ծի­ծաղի)։

Պ.Ա.- Ան­շուշտ։ Ար­դէն այդ ձեր ոգիով եւ սրտով հաց ալ շի­նէք հա­մեղ հաց միայն կրնայ ըլ­լալ։ Կօ­շիկ ալ շի­նէք շատ գե­ղեցիկ կօ­շիկ պի­տի ըլ­լայ (կը ժպտիմ)։ Այս վա­րագոյ­րի եւ լոյ­սի պատ­կերնե­րու շար­քը ի՞նչ է։ Ի՞նչ տպա­ւորած էր ձեզ։ Եր­կուքի խա­ղը՞ իրար հետ։

Գ.Յ.- Այս վա­րագոյ­րի պատ­մութիւն մըն է։ Իմ տու­նիս պատշգա­մին վա­րագոյր մը կա­խուած էր։ Ես ալ յա­ճախ պատշգա­մը կը նստէի, կը կար­դա­յի կամ նկար­նե­րով կը զբա­ղէի։ Արե­ւի լոյ­սը մէկ ալ մի տե­ղէն պատ­րուած վա­րագոյ­րի շատ պզտիկ ճեղ­քի մը մէ­ջէն իմ վրաս օր մը ուղղուեցաւ ու աչ­քիս մէջ եկաւ։ Եր­կու, երեք ան­գամ ճեղ­քը մղլակ­նե­րով փա­կեցի, լաւ կը յի­շեմ փա­կեցի եկայ նստայ եւ մտա­ծեցի թէ լաւ բան մը կա­րելի է ստեղ­ծել այս նիւ­թով ու այդպէս մօ­տաւո­րապէս վա­րագոյ­րը եր­կու տա­րի նկա­րեցի։ Անընդհատ կ՚ըսէի. «թող քայ­քա­յուի, թող քայ­քա­յուի…»։ Անընդհատ լոյ­սը վա­րագոյ­րը կը ծա­կէր եւ ես մղլակ­նե­րով բա­ցուած­քը կը փա­կէի։ Մին­չեւ որ ան այնքան բզկտուեցաւ, որ այ­լեւս հնա­րաւոր չէր վա­րագոյ­րը կա­խուած պա­հել։ Ու ես հասկցայ կա­րեւոր բան մը, որ Երկնա­յին լոյ­սը բնա­կան տա­րերքնե­րու հետ, այ­սինքն քա­միի հետ պե­թոնի պա­տեր նոյ­նիսկ կրնան քան­դել եւ տե­ղափո­խել։

Պ.Ա.- Այս վեր­ջին տա­րինե­րուն որ­քա՞ն հե­տեւած եղաք նոր սե­րունդի լու­սանկար­չա­կան գոր­ծե­րը։ Որ­քա՞ն տե­ղեակ էք, թէ ինչ որա­կի նոր լու­սանկա­րիչ­ներ կան։

Գ.Յ.-Ընդհան­րա­պէս ծա­նօթ չեմ։ Թէ երի­տասարդնե­րը, թէ ծե­րերը ինչ կը նկա­րեն, ինչ կ՚ընեն ան­կեղծ ըսեմ ծա­նօթ չեմ։ Մէկ, եր­կու ան­գամ լու­սանկար­չա­կան աշ­խա­տանոց­նե­րու մէջ եղած ատենս ինչ որ տե­սած եմ պարզ բա­ներ էին։ Ինչ որ տե­սարան կամ բնու­թիւն։ Ես միշտ կը հա­ւատամ թէ բնու­թեան լու­սանկար­չութեան հան­դէպ լու­սանկա­րիչը պէտք է նիւ­թի մը վրայ աշ­խա­տի։ Այդ որ տե­սայ, այո սի­րուն էր, աղուոր էր, պա­տը կա­խուե­լիք էր։ Բայց այդ սի­րու­նի­կէն պէտք է քիչ մը անցնիլ, մէկ հատ նա­յիլ եւ խոր­քը եր­թալ։ Բնու­թեան մէջ տա­րուայ եղա­նակ­ներ կան։ Ինչ որ պիտի ըսեմ քիչ մը պարզ է, բայց նիւ­թի վրայ եթէ աշ­խա­տիս, օրի­նակ՝ բեր մէկ հատ ցից խփէ տեղ մը, որ ան­շարժ մնայ։ Ձմրան այդ կէ­տէն մէկ հատ նկա­րէ, ձգէ գնայ։ Վեր­ջէն մէկ հատ ալ գար­նան դար­ձեալ նոյն կէ­տէն նկա­րէ եւ այնպէս չորս եղա­նակ­նե­րը ցոյց տուր։ Եթէ մա­նաւանդ գե­ղարուես­տա­կան աչ­քով եւ ոգիով նկա­րուի շատ աղուոր նիւթ կը դառ­նայ։ Միշտ նիւ­թի վրայ պէտք է աշ­խա­տիլ։ Ան­կախ թէ ինչ է նկա­րածդ։ Եթէ յա­տուկ նիւ­թի վրայ չաշ­խա­տիս, իրօք կը դառ­նայ «չյատ­կացնել»։

Պ.Ա.- Այդ բո­լոր ձեր աշ­խա­տան­քի ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին, որ­քա՞ն դիւ­րին էր մար­դու հետ յա­րաբե­րիլ։ Որ­քա՞ն ձեզ հան­դէպ բաց կամ գոց, դիւ­րին կամ դժուար տրա­մադ­րութիւն ցոյց կու տա­յին։

Գ.Յ.- Կա­յին, որոնք սրտա­բաց կ՚ըն­դունէին զիս, նոյ­նիսկ գի­շերե­լու տեղ կու տա­յին ին­ծի։ Կա­յին ու­րիշներ, որ տար­բեր պատ­ճառնե­րով չէին ու­զեր նկա­րուիլ՝ «ին­ծի ինչ» կ՚ըսէին։ Օրի­նակ՝ այդ ջրի սա­փոր­նե­րով նկա­րը Կո­րիսի մէջ։ Ու­րեմն Կո­րիսի կող­քին կայ Քա­րահիւնչ գիւ­ղը։ Այդտեղ նկա­րած եմ։ Ես կա­ւագործ կը փնտռէի եկայ դրան մը առ­ջեւ, կին մը դու­ռը բա­ցաւ ու այդտեղ ես որ չտե­սայ այդ շա­րուած կա­րաս­նե­րը, մէկ ան­գա­մէն երե­ւակա­յեցի ոչ­խարնե­րը եկած են եւ շա­րուած իրենց տինք-տինքնե­րով, այդ սե­նեակին մէջ։ Ին­քը չկար, գա­ցին կան­չե­ցին։ Եկաւ։ Քիթ ու մռու­թով ըսաւ. «չէ չեմ ու­զեր, գնա՛ այս տե­ղէն»։ Ես ալ բա­րու­թեամբ լցուած ու­զե­ցի հա­մոզել իրեն։ Ու­ղիղ կէս օր առ­տուանէ ես փոր­ձե­ցին զինք հա­մոզել։ Վեր­ջա­պէս ըսի իրեն՝ «դուն մէկ հատ ին­ծի ըսէ, թէ ին­չու չես ու­զեր նկա­րուիլ։ Տես­նեմ ինչ է պատ­ճա­ռը։ Եթէ լաւ է պատ­ճառդ աշ­խարհքը թող կոր­ծա­նի, եթէ ես քեզ նկա­րեմ»։ Ըսաւ՝ «դուն կը նկա­րես, յե­տոյ ոս­տի­կան­նե­րը կու գան եւ զիս կը բռնեն, ին­ծի պի­տի ըսեն –ին­չո՞ւ արտ չես հեր­կեր-»։ Ըսի իրեն՝ «ես ոչ ոգի չեմ ըսեր, ուր նկա­րած եմ։ Ո՛չ մէ­կը կրնայ հասկնալ»։ Նաեւ ըսի իրեն, թէ ես ըն­կերներ ու­նիմ, ոս­տի­կան­նե­րու բա­րեկամ են։ Եթէ ոեւէ դժուարու­թիւն ըլ­լայ անոնք կ՚օգ­նեն, որ խնդիր մը չըլ­լայ իրեն հա­մար։ Վեր­ջա­պէս հա­մոզուեցաւ, բայց իրեն նկա­րելը դժուար էր ար­դէն մին­չեւ հա­մոզե­ցի լոյսը մթնցած էր։ Այդ սե­նեակի պզտիկ լոյ­սը վա­րեցինք, որ­պէսզի նկա­րեմ։ Այդ ալ ինչ տկար լոյս։ Ամէն ինչ ալ կը պա­տահէր։ Կա­խում ու­նէր որ ինչ տե­սակ մար­դու կը հան­դի­պէիր։

Պ.Ա.- Բան մըն ալ հարցնեմ։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սէն վերջ բնաւ ցան­կութիւն եղա՞ւ ձեր մէջ նո­րանոր լու­սանկար­չութիւն ընե­լու։ Խան­դա­վառու­թիւն մը զգա­ցի՞ք այսքան տա­րի ետք։

Գ.Յ.- Գի­տէք ի՞նչ է, այդ ին­ծի հա­մար դժուար հարց է։

Պ.Ա.-Ին­չո՞ւ։

Գ.Յ.-Ին­չո՜ւ… Թէ գի­տէ՞ք, ես գոր­ծիք չու­նիմ գոր­ծա­ծելու։

Պ.Ա.- Իմս տամ քե­զի։ Միայն դուն նկա­րէ։

Գ.Յ.- Քո՞ւկդ։ Ո՛չ, հոս ան­պայման մէ­կուն քով կը գտնուի։ Շա­տեր կան որ կ՚ու­զեն ես շա­րու­նա­կեմ։ Բայց իրա­պէս հա­զար ու մէկ խնդիր կայ։ Նիւ­թա­կան խնդիր­ներ կան։ Նախ եւ առաջ տե­ղափոխ­ման մի­ջոց­ներ կան եւ անընդհատ շարժման մէջ պէտք է ըլ­լամ։ Ինչ որ դժուար է, բայց ցան­կութիւն ու­նիմ չեմ թա­քեց­ներ։ Հնա­րաւո­րու­թիւնն ալ կրնամ գտնալ կ՚աւելցնէ խնդա­լով։ Բա­ւարա­րուե­ցա՞ք այսքա­նով։

Պ.Ա.-Ո՛չ, բայց յոյ­սով եմ, որ ու­րիշ ան­գամ կրկին կը զրու­ցենք։

Գե­տին դրած պա­յու­սակս եւ անոր վրա­յի քա­մէրաս առած ատենս կը նշմա­րեմ, թէ վար­պե­տին աչ­քը հոն է։ Կը հարցնեմ՝ Վերցնել կ՚ու­զե՞ս։ Կ՚ըսէ՝ «կարելի է։ Տես՝ այս բնազդ է։ Կ՚ուզէ հարիւր տարի ալ անցնի, մարդու բնազդը չի փոխուիր»։

***

Երբ «Լուսադարան»ը 2010-ին կեանքի կոչուեցաւ իմ, որպէս գլխաւոր քուրաթէօր առաջնահերթ նպատակներէս մէկն էր, հայ լուսանկարչութեան պատմութեան կարգ մը անունները արուեստի պատմութեան ժամանակակից ուսումնասիրողներուն ծանօթացնել։ Այս ծիրէն ներս արդէն տեղեակ էի Գագիկ Յարութիւնեանի աշխատութիւններուն։ Վստահ էի, թէ ան Ի դարու հայ լուսանկարչութիւնը եւ արուեստը ընկալելու համար շատ կարեւոր տիպար մըն է։ Ցնցիչ էին «Գարուն» հանդէսին մէջ լոյս տեսած իր նկարները։ 2011-ին ծանօթացայ իր հետ։ Իրեն առաջարկեցի «Լուսադարան»ի եւ Մշակոյթի Երկխօսութիւն Հիմնադրամի հիմնադիր Սոնա Յարութիւնեանի գործակցութեան ընտրանի ցուցահանդէս մը կազմակերպել։ Անշուշտ մեր առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրը, այն էր թէ Գագիկ Յարութիւնեան չէր պահած իր լուսանկարները։ Ստիպուած էինք բնօրինակներէն նոր վերատպումներ ընելու։ Մօտաւորապէս 2,000 բնօրինակներ պարունակող արխիւը խուզարկել սկսանք։ Սպառիչ աշխատութիւն մըն էր այս, բայց երկու հաստատութիւններն ալ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէին այս ժառանգի վերաստեղծման։ Տեսանիւթերու մէջէն ընտրութիւններ կատարելը, այդ ընտրուածները թուայնացնելով վերանորոգելը հինգ տարուայ աշխատութիւն պահանջեց։

«Լուսադարան»ի տեսանկիւնով «Ժամանակի Ստուերները» ցուցահանդէսը Ի դարու հայ արուեստի մէջ լուսանկարչութեան տեղը բնութագրելու համար պատգամ մը փոխանցելու էր եւ Գագիկ Յարութիւնեանի գործերը, այդ առումով ամենայարմար օրինակը կը հանդիսանային։

ՎԻԳԷՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ