Անթուան Ակուճեան պարգեւատրուած

«Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րու ծա­նօթ լու­սանկա­րիչ մըն է Ան­թուան Ակու­ճեան։ Ան նա­խապէս մեր թեր­թի էջե­րուն մէջ ներ­կա­յացած է հան­րութեան Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան վայ­րե­րու մէջ առած լու­սանկար­նե­րով։ Ակու­ճեան պա­տերազ­մի ամե­նափո­թոր­կոտ օրե­րուն գտնուած էր Մու­սուլ եւ այստե­ղէն պատ­րաստած ֆօ­թօ-թղթակ­ցութիւ­նը հրա­տարա­կուած էր ֆրան­սա­կան «Ֆի­կարօ» եւ «Ակօս» թեր­թե­րուն մէջ նոյն օրե­րուն։ Այ­սօր այդ աշ­խա­տու­թիւնն է, որ կ՚ար­ժա­նանայ յա­տուկ մրցա­նակի Ֆրան­սա­յի Նոր­մանտիայի շրջա­նին մէջ։

Պա­տերազ­մի թղթա­կից­նե­րուն յա­տուկ այս մրցա­նակը Ակու­ճեանին կը տրուի «Ար­շա­ւել Մու­սուլի Արեւ­մուտքը» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տու­թեան հա­մար։ Ամ­բողջ ամիս մը Մու­սուլի եւ շրջա­կայ­քի մէջ աշ­խա­տող Ակու­ճեան, ապա այդ աշ­խա­տու­թեան հունձքով կը հաս­նի այս պա­տուա­բեր մրցա­նակին։

Բա­ցի Ակու­ճեանի շնոր­հուած լու­սանկար­չա­կան մրցա­նակէն, այս նոյն ծի­րէն ներս պար­գե­ւատ­րուած են «Համ­բուրել Մա­հը» գոր­ծով Ալի Ար­քատ, գրա­կանու­թեան մէջ՝ «Պա­տերազ­մի Հա­մար Հինգ Յար­ձա­կում» գոր­ծով Սա­մուէլ Ֆո­րէյ, ռա­տիօ հա­ղորդման ոճին մէջ՝ «Մուտք Մու­սուլին» հա­ղոր­դումով Կուէն­տո­լին Տէ­պոնօ եւ հե­ռուստա­հաղորդման ոլորտէ ներս՝ «Հալէպի Մէջ Ապստամբներուն Ձեռքը Մնացած Վերջին Հիւանդանոցը» անուն նախագիծով Ուաատ Էլ Քաթիփ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ