ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Թուրքիոյ պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը հետզհետէ անլուծելի թնճուկի մը կը վերածուի կարգ մը շրջանակներու յատուկ ջանքերով։ Իսկ ո՞վ է այդ կարգ մը շրջանակները, որ շահ կ՚ակնկալէ խնդրին անլուծելիութեան մատնուելէ։ Ցաւալին այն է, որ հետզհետէ կ՚աւելնայ այս մեղադրանքին նշաւակ դառնալու ի վիճակի եղողներու թիւը։ Ըստ երեւոյթի մէկէ աւելի դերակատարներ կան, որոնք կ՚ուզեն իրենց յայտարարութիւններով, պնդումներով, տարածած շշուկներով խնդիրը հասցնել ճգնաժամին։ Կ՚արժէ խոստովանիլ թէ ներկայ դրութեան մէջ այդ շրջանակները բաւականին յաջողած են իրենց ռազմավարութեան մէջ։ Գոնէ յաջողած են տեղապահ սրբազանի մօտ որոշ հիասթափութիւն մը յառաջացնելու։ Սրբազանը իրաւացիօրէն կը դժուարանայ անսպասելի հարուածներէն խուսափելու։ Այդ հարուածները կու գան բոլորովին անսպասելի պահուն եւ իսկոյն կը ստեղծեն շփոթի նոր ալիք մը։ Ներկայ դրութեամբ Խաժակ Եպիսկոպոս Պարսամեան եւս ներքաշուած է դաւադրութեան այս միջավայրին եւ իր յայտարարութիւններով նոր կասկածի ալիք մը գոյացուցած է Պոլսոյ հայոց այս տխուր օրակարգին մէջ։
Այս բոլորը միայն մէկ նշանակութիւն ունին, որն է պոլսահայոց քայքայուած միասնականութիւնը։ Այսօր նման ազգային խնդրի մը շուրջ ամէն գլխէ տարբեր ձայն մը կը հնչէ, հակառակ այն իրողութեան թէ ժողովուրդը կը կարօտի միակ մէկ բանի, որն է պատրիարքական գահի արժանի կերպով ներկայացումը։ Անցեալին այդ գահին թափուր ըլլալը յայտարարելէ խուսափողները, այսօր ալ իրենց բոլոր կարելին կը վատնեն աթոռին արժանի կերպով իր գահակալը ունենալը կանխելու համար։
Թերթի էջերուն մէջ արդէն ընդարձակ տեղ տրուած է այս մասին զանազան զարգացումներուն շուրջ։ Մենք պիտի գոհանանք խնդրի միայն ամօթալի երեւոյթը ներկայացնելով, որն է Թուրքիոյ հայ հասարակութեան նոյնիսկ իր հարազատ միջավայրին մէջ երկխօսութիւն մը հաստատելէ զուրկ ըլլալը։ Այս երեւոյթին ետին կայ բազում տարիներու այն սխալ վարչակարգը, որ սիրած է բոլոր խնդիրները լուծել գաղտնագողի եղանակներով՝ «մարդը գտնել»ու դժբախտ ռազմավարութիւնով։ Ափսոսանքով կը դիտենք, որ այդ նոյն ռազմավարութեան անձնատուր եղած է նաեւ տեղապահ սրբազանը, քանի որ ժամադրութիւն մը ունենալու համար իսկ խնդրանք կը ներկայացնէ նիւթին հետ բնաւ առնչութիւն չունեցող անձերու։