Երբեմն ամենաստոյգ իրողութիւնները խոստովանութեան մը նման կ՚արտայայտուին իրաւասու բերաններէն, ընդհակառակը պնդելով։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը տարբեր բնոյթի փորձերով ծանօթ է այս իրողութեան։ Օրինակի համար երբ այդ տեսակի սպասում մը առկայ չէ եւ նախարար մը կը յայտարարէ թէ, այս կամ այն նիւթի համար սղաճ պիտի չըլլայ, ժողովուրդը կը հասկնայ թէ այդ նշուած նիւթերու գիները պիտի բարձրանան։
Արդարեւ Հանրապետութեան Նախագահի «Թուրքիան ցեղախումբի պետութիւն չէ» ելոյթը եկաւ այնպիսի պահու մը՝ երբ բովանդակ երկիրը կը ներկայանար ճիշդ ալ ցեղախումբի պետութեան յատուկ նկարագիրով։ Նախագահը շարունակեց իր ելոյթը «Թուրքիա օրինական երկիր է» հաստատումով։ Իրողութեան հակապատկերը պնդող նոր օրինակ մը եւս։ Բոլորս գիտենք թէ մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ արդարադատական համակարգը ինչպիսի խեղճութեան մը մատնուած է իշխող քաղաքական ուժին դիմաց։ Կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը եւ խաղալիք դարձած կառավարութեան ձեռքին մէջ։ Այս իրողութիւնը բոլորէն աւելի լաւ գիտէ Նախագահ Էրտողան, բայց չի վարանիր հակառակը պնդելէ։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ցեղախումբի պետութիւն եզրը։ Որո՞նք են այդ բնոյթի պետութիւնները։ Տեսախցիկներուն դիմաց «Վան մինիւթ» առարկութիւնը միթէ բաւարա՞ր է ցեղախումբի պետութիւն կոչումէն ձերբազատուելու համար։ Եթէ ցեղախումբի պետութիւն ըսելով պիտի հասկնանք ցեղապետի մը մենատիրութեան համակերպած պետական համակարգ, թուրքիա այդ երեւոյթի վառ օրինակը կը ներկայացնէ։ «Պետութիւն» հասկացողութիւնը կը պահանջէ բազմաթիւ մարմիններու որոշ հակակշռի մը տակ իրար ամբողջացնելով գործելու դրութիւնը։ Սակայն երբ առկայ է «Խորունկ պետութիւն» կամ «Զուգահեր պետութիւն» գործօնները, իշխող համակարգը միայն ձեւակերպութիւն մը կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս եթէ այդ բազմաթիւ մարմինները կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնը եւ կամայ թէ ակամայ ենթարկուին միայն մէկ ուժին, պետութիւնն ալ կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը ու կը վերածուի ցեղախումբի պետութեան։
Թուրքիա առանց գիտակցելու ակնկալուած հետեւանքին, Նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի ծանր ճնշումին պարտադրանքով որդեգրեց նախագահական վարչակարգը։ Ըստ երեւոյթի այս համակարգի տեւողութիւնը սահմանուած պիտի մնայ նոյնինքն Էրտողանի քաղաքական կեանքին հետ։ Իր այդ դաշտէն հեռանալէն ետք դժուար թէ գտնուի նման մեծ հեղինակութիւն մը, որ 80 միլիոնանոց բնակչութիւն ունեցող երկրի վրայ գործէ այսքան ինքնիշխան եւ միահեծան եղանակով։ Եւ նաեւ դժուար թէ այդ եղանակով գործելու համար ապահովէ հասարակութեան այսքան մեծ համեմատութեան յաւակնութիւնը։
ԱՄՆ-ի Անգարայի դեսպանատունը 8 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեամբ դադրեցուց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վիզայի դիմումները։ Թուրքիա իր կարգին իսկոյն փոխադարձեց այս որոշումին, Ուաշինկթընի դեսպանատան միջոցաւ։ Անշուշտ որ երկու աւագ դեսպանները այս յայտարարութիւնները կատարած են իրենց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն գիտակցութեամբ եւ թոյլտուութեամբ։ Օտար դիտորդներ այս խնդիրը կը մեկնաբանեն ո՛չ թէ հակաթուրք, այլ ուղղակի հակաէրտողան ռազմավարութիւն մը ըլլալով։ Եւ անշուշտ առնչութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ բանակին հիւսիսային Սուրիան ռմբակոծելու երեւոյթին հետ։ «Ռուսաց հետ համաձայնած ենք, իրենք Ըտլիպի շուրջբոլորը պիտի մաքրեն իսկ մենք Ազատ Սուրիոյ Բանակին միջոցաւ ներսը» ելոյթը առ այժմ ունեցաւ իր ամենազուսպ հակազդեցութիւնը։ Մաղթենք որ համաշխարհային հանրային կարծիքը լսած չըլլայ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան պետին ելոյթները։ Եթէ ան ալ լուրջի առնեն դեր ո՞վ գիտէ ինչ հակազդեցութիւններու նշաւակ կը դառնանք։