Պնդումը եւ մեղադրանքը բոլորովին տարբեր են

Մեծ Կղզիի մէջ, իբրեւ թէ գաղտնի ժողով գումարելով երկրի անվտանգութիւնը խաղթելու մեղադրանքով ամբաստանուած 11 մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու համար դատախազը պատրաստած է ամբաստանագիր մը եւ յանձնած Իսթանպուլի Եղեռնադատ Ատեանին։ Այստեղ դատախազը կը պնդէ թէ համաշխարհային ներման կազմակերպութեան Թուրքիոյ բաժնի վարիչ Թանէր Քըլըչ՝ Ֆեթուլլահի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ է եւ կը պահանջէ որ իրեն դէմ բանտարկութեան պատիժ սահմանուի մինչեւ 15 տարի։ Նոյն մեղադրանքներու շարքով «Ակօս»ի շրջանակներուն ծանօթ բարեկամ Էօզլեմ Տալքըրանի դէմ ալ կը պահանջուի մինչեւ տասը տարի բանտարկութիւն։ Տալքըրանի եւ Նալան Էրքեմի պաշտպանութիւնը ստանձնած փաստաբան Մուրատ Տինչէր դատախազի պնդումները մեկնաբանեց «Ակօս»ի համար։ Փաստաբանը դիտել կու տայ, թէ այս դատավարութիւնը ամբողջովին քաղաքականացած է նախ կառավարութեան եւ ապա անոր բանբերը կամ գործիչը հանդիսացող մամուլի կողմէ։ «Ինչպէս ծանօթ է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ վերջերս շատ լուրջ լարուածութիւն մը կը տիրէ եւ Թուրքիա լրտեսութեամբ կը մեղադրէ բազմաթիւ գերմանացի գործիչներ։ Այս խնդիրն ալ իրենց տեսանկիւնէն կը դիտուի որպէս յարմար առիթ մը, նման բնոյթի պնդումները բարձրաձայնելու համար։ Արդարեւ դատախազին պատրաստած մեղադրանքներուն մէջ գէթ մէկ անգամ իսկ խնդրոյ առարկայ չէ եղած լրտեսութեան պնդումը։ Բայց մամուլը կը շարունակէ խնդիրը այդ հունով ներկայացնելու» ըսաւ փաստաբան Մուրատ Տինչէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ