ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Փոխակերպուկների մասին աւանդազրոյցները միշտ շատ էին հայոց դիցաբանութեան եւ հաւատալիքների մէջ։ Պատմենք պոլսահայոց շրջանում տարածում գտած զրոյց մը փոխակերպուկ կարմիր ձկնիկի մասին։
Կ՚ըլլայ չ՚ըլլար, թագաւոր մը կ՚ըլլայ, կ՚ունենայ մէկ արու զաւակ։ Երբ նա քսան տարեկան կը դառնայ, հայրն իր մօտ կը կանչէ եւ կը պատուիրէ մեկնիլ օտար քաղաքներ՝ շփուելու եւ ընկերանալու մարդոց հետ, արհեստ սորվելու, սեփական վաստակովն ապրելու։
Թագաժառանգը այս ամէնը պէտք է աներ, որպէսզի իրմէ առաջ եղած թագաւորներու պէս անգրագէտ չմնար՝ չիմանալով ժողովրդին, որին կը կառավարէ եւ նրա ցանկութիւններն ու կարիքները։ Այլ պէտք է ճանաչեր խելացի մարդկանց, ըլլար բարի ու ազնիւ մարդ եւ ոչ ոք չպիտի իմանար, որ նա թագաւորի որդին է։
Եւ այսպէս, թագաւորը կ՚օրհնէ իր որդին, մնաս բարով կ՚ըսէ եւ թագաժառանգը առտու կանուխ ճամբայ կ՚ելլայ… Կ՚երթայ կ՚երթայ, կը հասնի ծովի մը եզերքը, ուր փոթորիկը ծովը կ՚ալեկոծէր։ Յանկարծ ալիքը ծովի ափ կը նետէ կարմրաւուն գեղեցիկ ձկնիկ մը։
Երբ թագաժառանգը ափի մէջ կ՚առնէ ձկնիկին, ձուկն անմիջապէս լեզու կ՚առնէ եւ կ՚ըսէ։ «Բարի՜ երիտասարդ, բարիք ըրէ՝ ինծի ծովը նետէ, երթամ ծնողքիս, ընկերներուս քովը։ Քու բարիքդ անպայման կը հատուցուի»։
«Գնա՚, աղուո՜ր ձկնիկ, խաղա՛ քու ընկերներուդ հետ եւ մի տխրի՛», - կ՚ըսէ արքայորդին եւ կամացուկ ծովը կը նետէ ձկնիկը։
Թագաւորի որդին կը շարունակէ իւր ճամբան եւ քիչ մը յետոյ ծովեզերքին կը հանդիպի ալեւորի մը, կը ծանօթանայ անոր հետ եւ կը պարզէ, որ ծերունին ոսկերիչ է։ Արքայորդին կը պատմէ իւր նպատակի մասին, որ աշխարհ կ՚ուզէ շրջիլ եւ արհեստ սորվիլ, եւ ալեւոր ոսկերիչը կ՚առաջարկէ թագաժառանգին, որպէսզի ան աշակերտութիւն ընէ իրեն եւ պայման կը դնէ, որ ամէն ինչ, ինչ նրանք կը գտնեն, հաւասարապէս իրար մէջ կը կիսեն։ Արքայորդին մեծ ուրացութեամբ կը համաձայնի։
Ժամանակ կ՚անցնի եւ արքայորդին արդէն հմուտ ոսկերիչ կ՚ըլլայ։ Օր մը իրենց կ՚այցելէ չքնաղ գեղեցկուհի մը, եւ երիտասարդի սիրտը կ՚առնէ կը տանի իւր հետ։ Արքայորդին կը խնդրէ վարպետին, որ ան երթայ եւ գեղեցկուհու ծնողքէն աղջկան ձեռքը խնդրէ։
Բայց վարպետը կ՚ըսէ, թէ այդ անկարելի բան է, այդ աղջիկը երկու անգամ արդէն ամուսնացած է, եւ ամէն անգամ հարսանիքի առաջին գիշերը երկու փեսաներն ալ մեռած են։ Եւ հիմա ոչ ոք չի առներ այդ աղջկան։
Բայց տղան կը պնդէ։ Վարպետն ալ կ՚ըսէ թէ՝ միայն մի պայմանով կ՚երթամ, որ ամուսնութեան գիշերը ես ալ ձեզ հետ պիտի պառկեմ ձեր սենեակին մէջը։ Արքայորդին շատ կը զարմանայ, բայց երբ վարպետը կը յիշեցնէ անոր իրենց առաջին պայմանը, որ ինչ գտնեն, հաւասարապէս կը կիսեն, սիրտը կախ, բայց կը համաձայնի։
Ամուսնութեան առաջին գիշերը վարպետը իր հետ կացին կը վերցնէ եւ շուտ մը կ՚երթայ հարս ու փեսայի սենեակը եւ սուտ քուն կը մտնայ։ Կէսգիշերին, երբ հարսն ու փեսան արդէն քնած էին, յանկարծ հարսի բերանէն դուրս կ՚ելլայ ահարկու օձ մը եւ ֆշշալով կ՚ուզէ սպաննել թագաժառանգին։
Բայց վրայ կը հասնի վարպետը։ անմիջապէս կը բռնէ օձի պարանոցէն, դուրս կը տանի սենեակէն եւ կացինով կը հարուածէ ու կը մեռցնէ այդ օձը։
Առտուն հարս ու փեսան լաւ տրամադրութեամբ կ՚արթնանան։ Արքայորդին կ՚ուզէ հարսին իւր հայրական տուն տանել, ծնողքի հետ ծանօթացնել։ Բայց վարպետը նորէն կ՚ընդդիմանայ։ «Մենք դեռ հաշիւներ ունինք, հիմա պէտք է մեր մէջ կիսենք հարսը»։
Արքայորդին շատ կը բարկանայ, բայց վարպետի պնդմամբ նրանք կ՚երթան ծովեզերքը, ուր վարպետը կը բարձրացնէ իւր կացինը եւ կ՚ըսէ թէ՝ ահա այսպէս պիտի կիսենք հարսը։
Այդ միջոցին հարսի բերանէն դուրս կ՚ելնեն օձի երկու ձագ, եւ ծերունի վարպետը անոնց ալ կը կացնահարէ։ Հարս ու փեսան ապշած կը մնան այս ամենէն։ Իսկ ծերուկը կ՚ըսէ թէ՝ երեք տարի առաջ երիտասարդ մը առաջարկութիւն ըրած է հարսին, բայց գեղեցկուհին մերժած է անոր։
«Ան քեզ կախարդած է ճատը պառաւի միջոցով եւ մէջդ օձ մտցուցած է։ Բայց այլեւս ես ազատեցի քեզ այդ կախարդանքէն։ Իսկ դուն, իմ սիրելի բարեկամս», - կը դառնայ ան արքայորդին, - «ժամանակն է, որ բաժանուինք։ Ես կ՚երթամ իմ գործիս, դուն՝ քու թագաւորական գահը»։
Արքայորդին շատ կը զարմանայ, թէ ուրկէ պէտք է գիտնայ վարպետը իր թագաւորի որդի ըլլալը։ Այդ ժամ վարպետը կ՚ըսէ։
- Ես ան ձկնիկն եմ, որուն դուն բարիք ըրիր, ծովը նետեցիր։ Միշտ յիշէ քու կեանքիդ մէջը աս խօսքերը։ «Բարիք ըրէ, ծովը նետէ, եթէ մարդը չիմանայ, ձուկը կ՚իմանայ»։
Եւ ծերուկը կը փոխակերպուի, կը դառնայ այն կարմրիկ սիրունիկ ձկնիկը եւ ծովը կը նետուի…