Վազքով սկսող երթի, վազքով աւարտը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նոր է ինքնա­շար­ժը, բազ­մա­հազար քի­լոմեթր ճամ­բայ հար­թած է բայց չէ յոգ­նած։ Նոյնպէս վա­­րորդ Իպ­­րա­­­հիմ երի­­տասարդ է եւ ան ալ չի յոգ­­նիր։ Բայց անցնող օրե­­րը սկսած են մեր վրայ յոգ­­նութեան նշան­­ներ տալ։ Կար­­ծես սկսած ենք տուն դար­­ձի տրա­­մադ­­րութեան մտնել։ Սա մեր վեր­­ջին գի­­շերն է որ պի­­տի անցնենք պան­­դո­­­կի մը սե­­նեակին մէջ։ Որ­­քան ալ հանգստա­­ւէտ ըլ­­լան, հիւ­­րա­­­նոց­­նե­­­րը չեն կրնար փո­­խարի­­նել տան ջեր­­մութիւ­­նը։ Այս ու նման խոր­­հուրդնե­­րով լցուած ենք կ՚երե­­ւի որ, տի­­կին Շու­­շիկն ալ չեր­­գէր, այլ կը գո­­հանայ յա­­ջորդ կա­­յարա­­նի՝ Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մա­­սին հար­­ցումնե­­րով։

Նպա­­տակադ­­րած ենք Սիլ­­վան, կամ ալ պատ­­մա­­­կան անու­­նով Տիգ­­րա­­­նակերտ կանգ առ­­նել ու ապա հաս­­նիլ Տի­­յար­­պե­­­քիր։ Սա­­կայն այդ կանգ առ­­նե­­­լու մի­­ջոցը կ՛եր­­կա­­­րի Սիլ­­վա­­­նի մէջ մեզ հիւ­­րընկա­­լող սրճա­­րանի տի­­րոջ քա­­ղաքի պատ­­մա­­­կան աւե­­րակ­­նե­­­րը ցոյց տա­­լու առա­­ջար­­կով։ Խումբը հե­­տաքրքիր է եւ կ՚որո­­շէնք իրեն հե­­տեւիլ Մեծն Տիգ­­րա­­­նի անու­­նով հիմ­­նուած այս քա­­ղաքին մէջ գո­­նէ հայ­­կա­­­կան հետք մը տես­­նե­­­լու, յայտնա­­բերե­­լու յոյ­­սով։ Նախ­­քան այս ճամ­­բորդու­­թեան սկիզ­­բը, գի­­տէինք տա­­րածաշրջա­­նի մէջ տի­­րող պա­­տերազ­­մա­­­կան մթնո­­լոր­­տի մա­­սին։ Ար­­դա­­­րեւ ճամ­­բու տե­­ւողու­­թեամբ քա­­նիցս կանգ առած էինք ոս­­տի­­­կանու­­թեան ստուգման կէ­­տերու վրայ եւ սա­­կայն մեր երի­­տասարդ վա­­րոր­­դի վստա­­հու­­թիւն ներշնչող պա­­տաս­­խաննե­­րով դիւ­­րաւ դուրս եկած էինք այդ ստուգման կէ­­տերէն։ Սա­­կայն ոս­­տի­­­կանա­­կան հար­­ցաքննու­­թեան սար­­սա­­­փազ­­դու օրի­­նակը վա­­յելե­­ցինք Սիլ­­վա­­­նի մէջ։ Հա­­զիւ քա­­նի մը հա­­րիւր մեթր հե­­ռացած էինք սրճա­­րանէն, երբ ոս­­տի­­­կանա­­կան եր­­կու զրա­­հապատ ինքնա­­շարժներ հա­­կառակ ուղղու­­թիւննե­­րով եկան ու շրջա­­պատե­­ցին մեզ։ Այս ան­­գամ բա­­րեացա­­կամ չէին երե­­ւեր եւ սաս­­տող ոճով մը կը խօ­­սէին մեզ առաջ­­նորդող սրճա­­րանի տի­­րոջ հետ։ Ան ալ իր կար­­գին սմքած էր ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն դի­­մաց եւ կը փոր­­ձէր բա­­ցատ­­րել թէ օտար ու­­ղե­­­ւոր­­ներ ենք եւ կ՚ու­­զենք տես­­նել այս տե­­ղի պատ­­մա­­­կան վայ­­րե­­­րը։ «Շո՚ւտ վե­­րադար­­ձէք եւ իս­­կոյն հե­­ռացէք մեր պաշ­­տօ­­­նի սահ­­մաննե­­րէն» հրա­­հան­­գեց ոս­­տի­­­կանը եւ այսպէ­­սով կի­­սատ մնաց Սիլ­­վա­­­նի շրջա­­գայու­­թիւնը։ Սրճա­­րանի տէ­­րը ապա պատ­­մեց իր սմքե­­լու դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը. «բա­­րեբախ­­տա­­­բար զիս չճանչցաւ, վեց տա­­րի բան­­տարկու­­թեան դա­­տապար­­տուած եմ եւ բանտ մտնա­­լու ալ բնաւ նպա­­տակ չու­­նիմ։ Վա­­ղը առա­­ւօտուայ կա­­նուխ ժա­­մերուն լեռ պի­­տի եր­­թամ մե­­րոնց միանա­­լու հա­­մար»։ Մեզ հա­­յերուս ուղղեալ յա­­տուկ ու­­շադրու­­թիւնը ար­­դէն մտա­­ծել տուած էին իր քա­­ղաքա­­կան հա­­կումնե­­րուն մա­­սին։ Մեր դի­­մաց քրտա­­կան ազ­­գա­­­յին շար­­ժումին ներ­­քա­­­շուած գոր­­ծիչ մը կար, որ օր ցե­­րեկով սրճա­­րան կը բա­­նեց­­նէր, իսկ միւս կող­­մէ հո­­գիով ու մարմնով են­­թարկուած էր ազա­­տատենչ պայ­­քա­­­րին։

Օրը ար­­դէն մթնել սկսած էր, երբ կը սու­­րա­­­յինք Տիգ­­րա­­­նակեր­­տէն դէ­­պի Տի­­յար­­պէ­­­քիր։ Մեր գա­­լուստէն տե­­ղեակ պա­­հած էինք Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեց­­ւոյ ծխա­­կան խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը։ Տի­­յար­­պե­­­քիր հաս­­նե­­­լով Տաղ­­քա­­­փը թա­­ղամա­­սին դի­­մաւո­­րեցին մեզ եւ առաջ­­նորդե­­ցին դէ­­պի մօ­­տակայ սրճա­­րան։ Այստեղ ար­­դէն հա­­ւաքուած էին տաս­­նեակ մը հա­­յեր, մեզ հետ հան­­դի­­­պելու հա­­մար։ Անոնց մէջ էր ծխա­­կան խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րէն Կաֆ­­ֆուր Թիւրքայ եւ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն 20 տա­­րի Լոս Ան­­ճէլս բնա­­կելէ ետք իր հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րը վե­­րադար­­ձած հան­­րա­­­ծանօթ եր­­գիչ, ու­­տա­­­հար՝ Երուանդ։ Կա­­րօտով լե­­ցուն հան­­դի­­­պում մըն էր այս, քա­­նի որ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն պա­­տերազ­­մի դրու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ չէինք կրցած այ­­ցե­­­լել զի­­րենք։ Ժա­­մանա­­կը շատ սուղ էր եւ մեր զրոյ­­ցի նիւ­­թե­­­րը շատ բազ­­մաբնոյթ։ Իրենք կը հարցնէին պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան խնդի­­րը, մենք կը հե­­տաքրքրուէինք Սուրբ Կի­­րակո­­սի վի­­ճակով կամ իրենց առօ­­րեայով։ Կի­­սատ մնաց այս զրոյ­­ցը։ Չյա­­ջողե­­ցանք նաեւ տենկպէժ­­նե­­­րու տու­­նը այ­­ցե­­­լել եւ գո­­նէ քա­­նի մը քլամ լսել։ Ամի­­տա քա­­ղաքի յա­­տուկ երե­­ւոյթնե­­րէն մէկն է տենկպէժ­­նե­­­րու տու­­նը, ուր ամէն օր տաս­­նեակ մը տա­­ղասաց­­ներ կը մէկ­­տե­­­ղուին եւ եր­­գե­­­լով կը պատ­­մեն, թէ աւան­­դա­­­կան եւ թէ ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րու յա­­տուկ առաս­­պելներ կամ պա­­տումներ։ Այդ հա­­մեստ բա­­կը մեր մօտ կ՚արթնցնէ այն տպա­­ւորու­­թիւն, որ այդտեղ նստած տաղ ասող­­նե­­­րը հոգ չէ թէ տար­­բեր լե­­զուով, հա­­րազատ շա­­ռաւիղ­­ներն են նա­­խաք­­րիստո­­նէական շրջա­­նի հայ գու­­սաննե­­րու՝ Գող­­թան գա­­ւառի եր­­գիչնե­­րու։ Տենկպէժ­­նե­­­րը կ՚եր­­գեն իրենց պատ­­մութե­­նէն դրուակ­­ներ, իսկ մենք կը լսենք «Ար­­տա­­­շէսի Հար­­սա­­­նիքը» կամ «Վա­­հագ­­նի Ծնունդը»։ Կը տա­­րուինք խոր­­հե­­­լու, թէ քիւրտե­­րու Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցին տա­­կաւին չէ յայտնուած, որ այս գրա­­կանու­­թիւնն ալ փո­­խան­­ցուէր իր եր­­կա­­­թագի­­րին։ Թե­­րեւս այս է պատ­­ճա­­­ռը, որ տենկպէժ­­ներ մին­­չեւ օրս կը պա­­հեն իրենց արուես­­տի այժմէակա­­նու­­թիւնը։ Օրուայ մէջ բազ­­մա­­­թիւ այ­­ցե­­­լու­­ներ կու գան այս բա­­կը, կը լսեն զի­­րենք։ Անոնցմէ ոմանք կը տի­­րապե­­տեն տա­­ղասաց­­նե­­­րու լե­­զուին, իսկ ոմանք ալ մեզ նման զի­­րենք լսե­­լով կ՚իմա­­նայ ար­­դէն իրեն ծա­­նօթ եղա­­ծը։

Վե­­րեւ նշած էինք, թէ ժա­­մանա­­կը սուղ է։ Այս ան­­գամ չենք կրնար այ­­ցե­­­լել տեղ­­ւոյն յա­­տուկ ու­­թանկիւն գլխարկ սար­­քող վար­­պե­­­տը եւ նոր գլխարկ մը գնել։ Բան մը, որ ան­­բա­­­ժան արա­­րողա­­կար­­գե­­­րուն մաս կը կազ­­մէ մեր Ամի­­տա իւ­­րա­­­քան­­չիւր այ­­ցե­­­լու­­թեան։ Կը բա­­ւարա­­րուինք Չոր­­ս ո­­տանի Մի­­նարէ­­դը այ­­ցե­­­լելով, որուն ոտ­­քե­­­րուն տակ գնդա­­կահա­­րուած էր մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան իրա­­ւաբան Թա­­հիր Էլ­­չի։ Ողոր­­մի մը կը մրմնջանք իր հոգ­­ւոյն, ոս­­տի­­­կանա­­կան ար­­գե­­­լապա­­տէն տես­­նել կը փոր­­ձենք Սուրբ Կի­­րակո­­սի ալ գտնուած տա­­րած­­քը եւ հիաս­­թա­­­փուած կը վե­­րադառ­­նանք մեր ըն­­կերնե­­րուն մօտ։ Վեր­­ջին գործ մը ու­­նինք Ամի­­տայի մէջ։ Մրգա­­վաճա­­ռէն կը գնենք սե­­խի կու­­տեր, նուիրե­­լու հա­­մար նախ­­կին տի­­յար­­պե­­­քիր­­ցի, այժմ Պոլ­­սաբնակ բա­­րեկա­­մու­­հիի մը։ Գի­­տենք որ ան իւ­­րա­­­քան­­չիւր կու­­տի հետ համն ու հո­­տը կ՚ապ­­րի իր սի­­րելի ծննդա­­վայ­­րին։

Ինքնա­­շար­­ժը ուղղուած է բա­­ցօթեայ թան­­գա­­­րանի մը տպա­­ւորու­­թիւնը ու­­նե­­­ցող մի այլ քա­­ղաք՝ Մար­­տին։ Սա­­կայն ափ­­սոս մեր հիւ­­րա­­­նոցը ոչ թէ այդ պատ­­մա­­­կան հին քա­­ղաքի մէջ է, այլ դաշ­­տի վրայ կա­­ռու­­ցուած նոր քա­­ղաքի։ Շու­­տով կը բարձրա­­նանք սե­­նեակ­­ներ, ծան­­րութիւննե­­րը կը թո­­ղունք եւ իս­­կոյն կ՚ուղղուինք դէ­­պի պատ­­մա­­­կան Մար­­տին։ Բլու­­րի բար­­ձունքէն կը վա­­յելենք քա­­ղաքի գի­­շերուայ տե­­սարա­­նը, որ լոյ­­սի ծո­­վու մը տպա­­ւորու­­թիւնը կը թո­­ղու։

Յա­­ջորդ առա­­ւօտ նոյն պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ շրջա­­գայու­­թիւնով կը կ՚աւար­­տենք Մար­­տի­­­նի պտոյ­­տը։ Այ­­սօր վե­­րադարձ է, բայց մենք նախ­­քան ինքնա­­թիռ հաս­­նիլ ծրագ­­րած ենք կա­­րելի չա­­փով թա­­փան­­ցել նաեւ պատ­­մա­­­կան Եդե­­սիան, այժմու Ուրֆա քա­­ղաքը։

Ժա­­մանա­­կը ան­­գամ մը եւս շատ սուղ է։ Ուրֆան կը ճանչնանք միայն իր ար­­դիաշունչ թան­­գա­­­րանով եւ յա­­տուկ խո­­հանո­­ցով։

Եօթ­­նօ­­­րեայ շրջա­­գայու­­թեան ըն­­թացքին այ­­ցե­­­լեցինք քա­­ղաք­­ներ, որոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ար­­ժա­­­նի էր եօթ­­նօ­­­րեայ կե­­ցու­­թեան։ Ու­­րեմն ետ­դարձի պա­հուն բո­լորիս մտքին մէջ նոյն հա­մոզու­մով գո­յացած էր խոր­հուրդ մը՝ «կրկին ու կրկին գալ ու այ­ցե­լել այս վայ­րե­րը, որ­պէսզի չը­սենք թէ իզուր ապրած ենք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ