Երկիրը թեւակոխած է տարօրինակ դժուար ըմբռնելի համակարգի մը իշխանութեան շրջանին։ 94 տարուայ անցեալ ունեցող հանրապետութիւնը իր հիմնադրութեան տարիներուն քիչ մըն ալ ժամանակի ընկալումներուն համապատասխան կերպով առաջին տասնամեակը բոլորեց իր հիմնադիրին անվիճելի մենատիրութեամբ։ Իսկ առաջին քառորդ դարը աւարտեց միակուսակցական բռնատիրութեան մը պայմաններուն մէջ։ Ապա վրայ հասաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը եւ նոր աշխարհի մը ձեւաւորումը։ Այս պայմաններու մէջ երկիրը որդեգրեց բազմակուսակցական դրութիւնը եւ գոնէ ձեւականօրէն ընտրութիւններով կազմուած կառավարութիւններու շրջանը։ Թէեւ այդ շրջանը քանի մը անգամներ ընդհատուեցաւ զինուորական միջամտութիւններով, սակայն երբ հասանք ԻԱ դար, ոչ ոք կրնար պատկերացնել թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կրնայ մատնուիլ այսօրուայ նման մենատիրական վարչաձեւի մը։
Յստակօրէն կարելի է ըսել որ ներկայ դրութեան մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանը անգործունակ դարձած է։ Եթէ իրեն պիտի վերագրուէր «օրէնսդիր մարմին» իմաստը, այսօր Թուրքիոյ Մեճլիսը իր այդ կարողութիւնը ամբողջովին յանձնած է Հանրապետութեան նախագահին, իրեն պահելով միայն նախագահի թելադրանքները կամ նախասիրութիւնները օրինականացնելու հանգամանքը։
Բոլորս գիտենք որ Թուրքիոյ կրթական համակարգը բոլորովին անյաջող եղած է իր ճշտած ուսման ռազմավարութիւնով։ Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ ուսանող աշակերտները անկարող են իրենց մայրենիով իսկ փոխանցուած գիտելիքները ընկալելու։ Միջազգային բազմաթիւ աստիճանաւորումներ շատ դժբախտ արդիւնք կը ներկայացնեն մեր երկրի աշակերտներու հաշւոյն։ Այս հետեւանքի բնական պատճառը ուսման դրութիւնը քաղաքականացնելով գոյացաւ։ Իւրաքանչիւր կառավարութիւն իր տեսլականին համապատասխան սերունդ մը դաստիարակելու միտումով միջամտեց ուսման համակարգին։ Այդ միջամտութիւններու վերջինը եղաւ նախագահ Էրտողանի «ես ԹԷՕԿ-ի դրութենէն դժգոհ եմ» արտայայտութիւնը։ Այստեղ ԹԷՕԿ ըլլալով յիշուածը հիմնական դպրոցներէն միջնակարգ դպրոցներու անցման քննութիւնն է։ Այդ քննութիւնը յաջողած աշակերտը իրաւունք կ՚ունենայ իր ցանկացած դպրոցը շարունակելու, իսկ անյաջողները կը պարտադրուին կրօնական թեքումով դպրոցներ յաճախել։
Նախագահի այս դժգոհութիւնը, իբրեւ հրահանգ ընդունուեցաւ Կրթութեան Նախարարի կողմէ եւ առանց անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնը ապահովելու յայտարարեց այս քննութեան վերացումը։ Ուրեմն դժուար չէ կանխատեսել թէ նոյնիսկ մէկ աշակերտի ուսման շրջանին կատարուած այսքան մեծ փոփոխութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի գործեն տուեալ աշակերտի պատրաստութեան մէջ։
Այս յանկարծակի փոփոխութիւններու դիմաց աշակերտները զատ շուարած են, ծնողները զատ, ուսուցիչները զատ։ Բնականաբար համատարած այս զարմանքը նիւթ պիտի դառնայ հեռուստաէգրաններու վրայ խնդրին զանազան երեսակներով քննարկման։
Այդ ասուլիսներուն ամէն կարծիք փոխանակել կարելի է բացառելով մենատիրական այս վարչամեքենայի պատճառած ձախողութիւնը։
Հետզհետէ խելքի ու տրամաբանութեան սահմանները գերազանցող այս դրութիւնը անշուշտ որ յարատեւ պիտի չըլլայ։ Բայց մինչեւ այդ տեսնենք թէ տակաւին ինչ աւերներ պիտի գործուի սկսելով բանուոր դասակարգէն, կիներէն, երիտասարդներէն եւ պատանիներէն ամբողջ ժողովուրդի մը ապագային վրայ։
Երանելի Չեթին Ալթան այս տեսակի յուսահատութիւն ներշնչող գրութիւնները կը սիրէր աւարտել նոր յոյս մը ներշնչելով։ Մենք ալ հետեւինք իր աւանդին ու ըսենք՝ «մի յուսալքուիք վաղը աւելի լաւ կ՚ըլլայ»։