«Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ յունարէն «Ափոյէվ մաթինի» թերթի հրատարակութեան տնօրէն Միխայիլ Վասիլեատիս ամէն երկուշաբթի ժամը 18.00-ին կը ներկայացնէն «Շաբթուայ Հայ ու Հույը» անուն ծրագիրը։ Երկու լրագրողներ մօտ մէկ ժամուայ հաղորդումի ընթացքին կ՚անդրադառնան, այդ շաբաթուայ կարեւոր անցուդարձերուն, իրենց տեսանկիւնով կը մեկնաբանեն զարգացումները եւ մերթ ընդ մերթ հաղորդումի ընթացքին կը հիւրընկալեն նիւթերու հետ առնչութիւն ունեցող մասնագէտներ։
