ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Սուլթան Համիտի կերպարը չէր կարող տեղ չգտնի պոլսահայոց բանահիւսութեան մէջ։ Ինչ արժէ միայն նրա՝ հայերի հանդէպ աբսուրդի հասնող հալածանքներն ու հետապնդումներն արտացոլող յայտնի զրոյցն այն մասին, թէ ինչպէս հայկական դպրոցում մը բնութեան դասի պահուն ուսուցիչը ջուրին բաղադրութիւնը բացատրելիս գրատախտակին վրայ կը գրէ H2O՝ ջրի մոլեկուլային բանաձեւը։
Աս զրոյցի վերջաբանը յայտնի է սուլթանի լրտեսները, որ ծածուկ կը հետեւէին դասասենեակի գոց պատուհանին տակը եւ չէին կրնար լսել ուսուցչին ըսածները, սուլթանին լուր կը տանեն միայն իրենց տեսածն ու խելքին հասածը
- Սուլթա՜ն, գիտե՞ս՝ հայ ուսուցիչները գրատախտակին վրայ ի՞նչ կը գրեն՝ H2O ըսել կուզեն՝ Սուլթան Համիտ Երկրորդը զէրօ է։
- Անանկ է նէ, - կը հետեւի սուլթանի պատասխանը, - կը հրամայեմ հայկական բոլո՜ր դպրոցները գոցել։
Բայց եղած են եւ հակառակ դէպքեր, երբ հայերը յաջողած են շփոթութեան մէջ գցել սուլթանի տգէտ լրտեսներուն։
Սուլթան Համիտը եւ պատարագիչ եպիսկոպոսը
Սուլթանի լրտեսներէն մէկը կու գայ կ՚ըսէ թէ։
- Սուլթա՜ն, գիտե՞ս որ հայերը պատարագի ժամանակ չեն յիշատակեր մեր մարգարէներուն անունները, այնինչ մենք մեր ճամիին մէջը մեր «Քուրանէն» առաջ ինչ կրօնքներ որ եղած են, ժամանակագրական կարգով կը յիշատակենք։
Սուլթան Համիտը կը խոժոռի եւ կը հրամայէ գնալ, ստուգել ու իրեն լուր տալ։ Սակայն հայերը կը տեղեկանան այդ մասին եւ իրենց պատարագիչ եպիսկոպոսին կը զգուշացնեն, որ ասանկ խօսակցութիւն մը կայ, նկատի առ։
Պատարագիչ եպիսկոպոսը երկար կը մտածէ, վերջը քարոզի ատեն այսպէս կ՚ըսէ։
- Յիսուս եւ իր աշակերտները երբ Գալիլեայի լիճը հասան, տեսան, որ ձկնորսները ուռկան կը հիւսէին։
Եպիսկոպոսը «հասան» ու «հիւսէին» բառերն այնպէս կը շեշտէ, որ լրտեսները հաստատ լսեն։ Ասոնք ալ կ՚երթան սուլթանին կ՚ըսէն թէ՝
- Սուլթա՜ն հայերու եկեղեցիին մէջն ալ յիշեցին մեր մարգարէները՝ Հասանը եւ Հիւսէինը։
Պոլսահայոց զրոյցներում, անշուշտ, կը հանդիպինք նաեւ հայոց պատրիարքներու ճկուն մտքի օրինակներու մը։
Սուլթան Համիտը եւ Օրմանեան Պատրիարքը
Օր մը սուլթանի խորհրդականներն իրեն կ՚ըսեն, թէ հայոց Պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանը մինչ ճաշելն անպայման կ՚աղօթէ եւ խաչ կը հանէ։
- Իրա՞ւ կ՚ըսէք։ Անանկ է նէ, օր մը անիկա ճաշի հրաւիրենք, տեսնենք ճաշէն առաջ իմ դէմս կը համարձակի՞ խաչ հանել, - կ՚ըսէ սուլթանը եւ Պատրիարքին ճաշկերոյթի կը հրաւիրէ։
Մաղաքիա Օրմանեան կը ներկայանայ սուլթանին, կը տեսնէ բացուած ճոխ սեղանը, շուրջը նստած բոլոր հրաւիրուածներուն եւ մինչ ուտել սկսելը վեր կը բարձրացնէ աջ ձեռքը, իբր թէ ձեռքով կը ցուցնէ սեղանին դրուած տեսակ-տեսակ ճաշերը, բայց աննկատելիօրէն խաչակնքելով կ՚ըսէ։
-Առաջ ա՛ս պիտի ուտենք, ետքը ա՛ն պիտի ուտենք, ետքը ա՛ն, վերջն ալ՝ ա՛ն։ Ուրեմն՝ Ամէ՜նը, - կ՚ըսէ ու կը սկսի ուտել։
Երբ ճաշկերոյթը կը լմննայ, սուլթանն ուրախ-ուրախ կ՚ըսէ իր խորհրդականներուն, թէ՝ տեսա՞ք, հայոց պատրիարքը վախցաւ ու ինձ մօտ խաչ չհանեց։
- Կը սխալիք, սուլթա՜ն, - կ՚ըսեն խորհրդականները, - ան իր ձեռքի շարժումներով մինչ սեղան նստիլը արդէն իսկ խաչակնքեց ձեր սեղանը, եւ այդ բանն այնպէս արեց, որ դուք չնկատեցիք։
Բայց արդէն ուշ էր… Օրամնեան Պատրիարքն արդէն վաղուց շնորհակալութիւն էր յայտնել ընդունելութեան համար, հրաժեշտ տուել, գնացել…