Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն կայացաւ Սեպտեմբերի 25-ին։ Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, հանրաքուէին մասնակցած է 4 միլիոն 581 հազար 225 ընտրողներու 3 միլիոն 305 հազար 925-ը։ Անկախութեան կողմ քուէարկած են ընտրողներու 92,73 տոկոսը։ Քուէարկութենէն առաջ եւ յետոյ Թուրքիոյ եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնները իրենց հակազդեցութիւնը յայտնեցին։ Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մեսուտ Պարզանի հանրաքուէէն ետք կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան, որպէսզի յարգուի հանրութեան արտայայտած կամքը։ Ան ըսաւ, թէ կը փափաքին լաւ յարաբերութիւններ ունենալ իրենց դրացի երկիրներուն հետ՝ միաժամանակ խնդրելով, որ վերջ տրուի սպառնալիքներուն։ Ըստ իրեն, հանրաքուէն յանցանք մը չէ եւ չի հակասիր միջազգային կանոններուն։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները խիստ եւ կտրուկ հակազդեցութիւն մը ցոյց տուին կատարուած հանրաքուէին։ Նախագահ Էրտողան նշեց, թէ հանրաքուէին արդիւնքները անվաւեր են Թուրքիոյ տեսակէտէ ու կը ծրագրուի կիրառել քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական պատժամիջոցներ։ Այս եւ այլ յայտարարութիւններու զուգընթաց, ապահովութեան խիստ միջոցներ ձեռք առնուեցան Հապուրի սահմանադրան շուրջ, ուր Իրաքի բանակայիններու ալ մասնակցութեամբ թրքական զինեալ ուժերը ռազմափորձերու ձեռնարկած են։ Միւս կողմէ, Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, թէ «Թիւրքսաթ»է դուրս ձգած է Պարզանիի համակիր ալիքները։ Թրքական օդային ընկերութիւնները հետզհետէ կը դադրեցնեն նաեւ դէպի Էրպիլ եւ Սիւլէյմանիյէ թռիչքները։
Հայերուն դիրքը
Ծանօթ է, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կը բնակի հայկական հոծ գաղութ մը։ Այնքան որ տեղւոյն խորհրդարանին մէջ հայերը ունին պատգամաւորական աթոռ մը։ Արամ Շահին Պաքոյեան, որ 2009-2013 թուականներուն պաշտօնավարած է խորհրդարանի մէջ, պատասխանեց «Ակօս»ի հարցումներուն։ Ան ըսաւ, թէ տարածաշրջանի մէջ կը բնակի 4 հազարի հասնող հայ գաղութ մը, որու մեծամասնութիւնը հայերէն չի գիտեր եւ կը խօսի քրտերէն կամ արաբերէն։ Ըստ Պաքոյեանի, քուէ գործածելու իրաւունք ունի 650 հայ։ «Ըստ իս հայերուն մեծամասնութիւնը «Այո» քուէարկեց յանուն անկախութեան։ Հայերն ու քրտական կառավարութիւնը մօտ կապեր ունին 2015-էն ի վեր, հետեւաբար այն ինչ որ լաւ է քրտական կառավարութեան համար՝ լաւ է նաեւ մեզի համար։ Նեցուկ ենք անկախութեան եւ դրական փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ», ըսաւ նախկին պատգամաւորը։