«Աստուածաշունչ»ի հայատառ տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի «Մաշտոց» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր «Տպագրութեան մարգարիտ» խորագրեալ գիտաժողով ու ցուցահանդէս մը, որ կայացաւ 19-20 Սեպտեմբերին, Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ։
Ժողովը սկսաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի բացման խօսքով։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան, իսկ Տ. Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեան կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին պատգամը։
Ապա գումարուեցաւ առաջին նիստը, Գոհար Մուրատեանի նախագահութեամբ։ Նիստի ընթացքին Փարիզ-8 համալսարանէն Յարութիւն Գէորգեան զեկուցեց «Ոսկան Երեւանցի եւ հայ-լատինական դպրոցի մը ստեղծման ծրագիրը», Օքսֆորտի համալսարանէն Թէո վան Լինտ՝ «Եզեկիէլի մարգարէութիւնը եւ հայ մեկնողները՝ Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Եսայի Նչեցի, աստուածային գահի տեսիլքի մասին» եւ Ազգային գրադարանէն Մայա Գրիգորեան՝ «Աստուածաշունչի տպագրութեան ազգային օճախները» խորագիրով։
Այս եւ յաջորդ երկու նիստերու ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան զեկուցողներուն հարցումներ ուղղելու իրենց նիւթերուt կապակցութեամբ։
Կէսօրուան ընդմիջումէն ետք, ներկաները մասնակցեցան «Աստուածաշունչ»ի հրատարակութիւններու ընտրանիի ցուցադրութեան բացման։ Ցուցանմուշները բերուած էին Մաշտոցեան Մատենադարանէն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն եւ Ազգային գրադարանէն։ Այցելուները շրջեցան սրահը, տեսան Ոսկան Երեւանցիի տպագրած «Աստուածաշունչ»ի մէկ օրինակը, Երուանդ Քոչարի կողմէ պատրաստուած Ոսկան Երեւանցիի դիմանկարի կրկնօրինակը, առաջին հրատարակութեան բնագիր ծառայած Հեթում Բ. թագաւորի ձեռագիր «Աստուածաշունչ»ը։
Երկրորդ նիստը կայացաւ յաջորդ օրը՝ նախագահութեամբ Վարդան Դեւրիկեանի։ Զեկոյցներ կարդացին Պոլսոյ պատրիարքարանէն Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան՝ «Ոսկան եպսկ. Երեւանցի, Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ Կ.Պոլիս», Մատենադարանէն Վարդի Քեշիշեան՝ «Որոշ դիտարկումներ հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան նախափորձերու վերաբերեալ», իսկ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն Արմէն Խաչատրեան՝ «Աստուածաշունչի ոսկանեան տպագրութիւններու առեղծուածը» խորագիրով։ Իսկ Երեւանի պետական համալսարանէն Գայիանէ Պօղոսեանի «Բոյսերու անուանումները Աստուածաշունչի ոսկանեան հրատարակութեան մէջ» խորագրով զեկոյցի ամփոփումը կարդաց Վարդան Դեւրիկեան։
Վերջին նիստը կայացաւ նախագահութեամբ Թէո վան Լինտի։ Զեկոյցներ կարդացին Մատենադարանէն Արմէն Տէր-Ստեփանեան՝ «Աստուածաշունչ թէ սուրբգրային ժողովածու», Անի Ենովքեան՝ «Ռուսահայ առաջին տպարանը, նկարազարդումներու առանձնայատկութիւնները», Միհրան Մինասեան՝ «Հայերէն նորայայտ հնատիպ հրատարակութիւններ» խորագիրով։
Հուսկ, բոլոր զեկուցողներուն ու մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վահան Տէր-Ղեւոնդեան՝ նշելով թէ հետագային լոյս պիտի տեսնեն զեկոյցները՝ զանոնք աւելի լայն հասարակութեան եւս ծանօթացներու նպատակով։