ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 26-ին ընդունեց Իրաքի Գիւղատնտեսութեան նախարար Ֆալահ Հասան Զէյտան Ալ-Լահիպին, որ համանախագահն է Իրաք-Հայաստան միջկառավարական յանձնաժողովին։
Սարգսեան-Ալ-Լահիպի հանդիպման ժամանակ հիւր նախարարը նախ յղեց Իրաքի նախագահ Ֆուաթ Մասումի եւ վարչապետ Հայտար Ապատիի ողջոյնները։ Ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը եղաւ այս հանդիպման կարեւոր նիւթերէն մին։ Սարգսեան յայտնեց, թէ Հայաստան պիտի շարունակէ զօրավիգ ըլլալ Իրաքին եւ խոստացաւ միասնական պայքարին շարունակականութիւնը։
Ալ-Լահիպի ընդգծեց, որ Իրաք կը փափաքի խորացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս այցելութեան արդիւնքին ձեռք բերուելիք համաձայնութիւնները զգալիօրէն պիտի աւելցնեն երկու երկիրներու միջեւ առկայ առեւտուրի ծաւալը։
Հիւր նախարարը մէկտեղուեցաւ նաեւ Տնտեսութեան զարգացման նախարար Սուրէն Գարայեանի հետ։ Հանդիպման օրակարգն էր Հայաստան-Իրաք տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու քննարկումը։ Զրուցակիցները խօսեցան երկկողմանի ներդրումներու զարգացման եւ առեւտուրի խրախուսման նպատակով իրաւական դաշտի վրայ կատարուելիք աշխատանքներու բարելաւման մասին։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան զարգացման նիւթին։ Ալ-Լահիպի յայտնեց, թէ Հայաստանի պատմական ու բնական հարստութիւնները կրնան գրաւիչ ըլլալ Իրաքի քաղաքացիներուն համար։