ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ժողովուրդին կամքը եւ գոռոզութիւն

«Իրաւունքը ուժովինն է»։ Այս հաս­տա­տումն է որ կը գոր­ծէ ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին։ Պատ­մութեան էջե­րը այդ գոր­ծող դրու­թիւնը շրջե­լու, «Իրա­ւունքը ար­դա­րինն է» ըսե­լու հա­մար պայ­քա­րող­նե­րուն պար­տութիւննե­րով լե­ցուն է։ Սա­կայն մարդ արա­րածի իբ­րեւ «Հո­մօ Էրէք­թի­կուս» կամ «Հո­մօ Սա­փիէն» ըլ­լա­լով ձե­ւաւո­րուած օրե­րէն այս կողմ ար­դա­րու­թեան ու­ժի դէմ մղած պայ­քա­րը յա­րատեւ մնաց։ Մարդկու­թիւնը պատ­մութեան ոչ մէկ շրջա­նին հա­մակեր­պե­ցաւ ու­ժո­վին տի­րապե­տու­թեան։

Թէ Սպար­դա­կուս եւ թէ Պետ­րետտին կը գի­տակ­ցէին իրենց սպա­սող պար­տութեան։ Յի­սուս գի­տէր իրեն սպա­սող հե­տեւան­քը։ Չէ՞ որ լսած էր խա­չելու­թիւնը դի­տելու եկած զան­գուածին «Բա­րաբ­բա­սը ազատ ար­ձա­կէք» բա­ցական­չութիւննե­րը։

Այ­սօր այդ նոյն կան­չը կը կրկնուի իրենք զի­րենք ժա­մանա­կի հզօ­րը հա­մարող­նե­րու կող­մէ։ Խօս­քը այս ան­գամ ուղղուած է Իրա­քի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի մէջ բնա­կող ժո­ղովուրդին իր ապա­գան ճշդե­լու կամ­քին դէմ։ Հայ­րե­նիքը չորս պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ բա­ժանուած եւ ընդհա­նուր հա­շուով յի­սուն մի­լիոն են­թադրուած ժո­ղովուրդի մը կամ­քը կ՚ոտ­նա­կոխուի այժմու հզօր­նե­րուն կող­մէ։

Շա­բաթաս­կզբին կա­տարուած հան­րա­քուէն կան­խա­տեսուածէն աւե­լի մեծ մաս­նակցու­թեամբ ան­կա­խու­թիւն պա­հան­ջեց։ Ժո­ղովուրդնե­րու իրենց ապա­գան վճռե­լու իրա­ւունքը ան­գոյ հա­մարուեցաւ Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջա­տու­մով։ Անոր տեղ ի զօ­րու դար­ձաւ նոր հաս­կա­ցողու­թիւն մը՝ որ իր ար­տա­յայ­տութիւ­նը կը գտնէ սահ­մաննե­րու փո­փոխու­թիւնը անըն­դունե­լի հա­մարող սկզբունքով։ Այս ընդհա­նուր պատ­կե­րին մէջ դար­ձեալ հա­կամար­տութիւ­նը ու­ժի եւ ար­դա­րու­թեան մի­ջեւ է։ Ու­ժը կը նա­խընտրէ եր­կիրնե­րու ներ­կայ կազ­մին ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը, պայ­մա­նաւ որ տուեալ եր­կիրնե­րը հա­մակեր­պած ըլ­լան ար­դի դրա­մապաշտ դրու­թեան ազատ շու­կա­յի հա­մակար­գին։ Իսկ այդ դրու­թիւնը մեր­ժող եր­կիրնե­րու հո­ղային ամ­բողջու­թիւնն ալ կրնայ խոր­տա­կուիլ, հա­սարա­կու­թեան կամքն ալ կրնայ ան­տե­սուիլ։

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը ինքնա­կամ կեր­պով ար­շա­ւեց Կիպ­րոս կղզիի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը եւ հոն հաս­տա­տեց ինքնա­կոչ հան­րա­պետու­թիւն։ Տար­բեր չէ Ղա­րաբա­ղի ան­կախ պե­տակա­նու­թեան ոդի­սակա­նը։ Կայ միայն մէկ տար­բե­րու­թիւն՝ առա­ջին օրի­նակի մէջ ուժն էր բնո­րոշո­ղը, իսկ երկրոր­դին մէջ ար­դա­րու­թիւնը։ Նմա­նապէս ԱՄՆ-ի Իրա­քը ար­շա­ւելն ալ ապօ­րէն գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է, քա­նի որ ՄԱԿ եր­բեք չէր ըն­դունած այդ ար­շա­ւը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ներ­կա­յացուած պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը։

Այս ան­գամ քիւրտե­րը կը ներ­կա­յանան թէ՛ հզօր եւ թէ՛ ար­դար դիր­քի մէջ։ Քիւրտե­րը իրենց հզօ­րու­թիւնը ապա­ցու­ցե­ցին ռազ­մա­ճակա­տի վրայ բո­լորին հա­մակ­րանքին ար­ժա­նանա­լով։ Եւ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ ալ լաւ օգ­տուեցան եր­կա­թէ շե­րեփի ըն­ձե­ռած կա­րելիու­թե­նէն։

Ան­շուշտ որ Պար­զա­նիի իշ­խա­նու­թիւնն ալ ու­նի իր թե­րու­թիւննե­րը։ Նախ եւ առաջ այս հան­րա­քուէի նա­խօրեակին ան չկրցաւ հա­մազ­գա­յին հա­մագու­մար մը հա­ւաքե­լով ամ­բողջ ազ­գին կամ­քը երաշ­խա­ւորել։ Բայց կա­տարուածը բա­ւակա­նին մեծ յա­ջողու­թիւն է ժո­ղովուրդի կամ­քը ներ­կա­յաց­նե­լու առու­մով։

Այ­սուհետ քիւրտե­րը մտած են իրենց ազ­գա­յին կազ­մութեան կա­րեւոր, շատ կա­րեւոր մէկ հանգրուանը։ Մե­սուտ Պար­զա­նի այս վեր­ջին յա­ջողու­թիւնը կրնայ սահ­մա­նել Պար­զան աշի­րաթով։ Բայց գո­յացած ար­դիւնքը հա­մազ­գա­յին է։

Քիւրտե­րը ազգ դար­ձան, հի­մա պե­տու­թիւն կը կեր­տեն։

Այս հանգրուանին այ­լեւս նշա­նակու­թիւն չու­նին Քիւրտիս­տա­նի քար­տէ­սը իրենց մի­ջեւ բա­ժանող, նոյ­նիսկ իր քիւրտ քա­ղաքա­ցինե­րուն հիմ­նա­կան իրա­ւունքնե­րը իսկ զլա­ցող պե­տու­թիւննե­րուն սպառ­նա­լիքը։

Թուրքիա, Իրան, Իրաք եւ Սու­րիա պար­տին ըն­դունիլ կա­տարուած իրո­ղու­թիւնը եւ յա­նուն հա­մաշ­խարհա­յին ար­դա­րու­թեան եւ խա­ղաղու­թեան, ող­ջունեն ժողովուրդին կամքը։