Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօն

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Այս կիրակի՝ Հոկտեմբերի 1-ին, Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը, որմէ մէկ շաբաթ առաջ Սեպ­տեմբե­րի 24-ին կը սկսի Վա­րագայ Սուրբ Խա­չի Բա­րեկեն­դա­նը, որը կ՚աւե­տէ մէկ շա­բաթեայ պահ­քի սկիզ­բը։

Վա­րագայ Սուրբ Խա­չի Տօ­նը, ինչպէս կը յու­շէ անու­նը, նուիրուած է Վա­րագայ լե­րան վրայ Սուրբ խա­չափայ­տի մա­սունքը գտնե­լուն։ Ընդհան­րա­պէս՝ բո­լոր եկե­ղեցի­ներն ալ կը նշեն Խա­չին նուիրուած երեք տօն՝ Սուրբ Խա­չի երեւ­ման, Խաչ­վե­րաց, Ս.Խա­չի Գիւտ։ Եւ միայն հա­յոց եկե­ղեցին կը նշէ Խա­չին նուիրուած չոր­րորդ եւ զուտ հայ­կա­կան Վա­րագայ Ս. Խա­չի Տո­նը։

Այս բո­լոր տօ­ները կը պատ­կե­րեն Սուրբ խա­չափայ­տի «ան­ցած ու­ղին ու ար­կածնե­րը»։

Տի­րոջ խա­չելու­թե­նէն ետ­քը խաչն անխնամ ըն­կած էր Գող­գո­թայում։ Ժա­մանակ անց, երբ երա­խանե­րը կը խա­ղային գար­նա­նային արե­ւի ներ­քոյ, մի կաղ ման­կան ոտ­քը ինչ-որ փայ­տի կը դպչի, եւ նա ան­մի­ջապէս կ՚ապա­քինուի։ Այսպէս կը գտնուի Սուրբ Խա­չը, որն իր մօտ կը վերցնէ Յա­կոբոս Տեառ­նեղբայ­րը։

Խա­չի օգ­նութեամբ ու հրաշ­քով կը փրկուին ու կը բժշկուին բազ­մա­թիւ մար­դիկ, ին­չը կը յա­րու­ցէ հրեանե­րու նա­խան­ձը։ Եւ նրանք ի վեր­ջոյ Խա­չը Տի­րոջ գե­րեզ­մա­նի մէջ կը դնեն եւ վէ­մով կը գո­ցեն այն։ Սա­կայն Խա­չը կը շա­րու­նա­կէ իր հրա­շագործ ազ­դե­ցու­թիւնը թող­նել Տի­րոջ գե­րեզ­մա­նը այ­ցե­լող­նե­րու վրայ: Գե­րեզ­մա­նէն լոյս կ՚ել­նէր ու կը բժշկէր հի­ւանդնե­րը։ Հրեաներն ալ Ափ­րո­դիտէ աս­տուածու­հու պատ­կե­րը կը կանգնեց­նեն վէ­մի վրայ, իբր՝ այդ Ափ­րո­դիտէի զօ­րու­թեամբ կը կա­տարուին հրաշքներ։

Ժա­մանակ անց Հռո­մէն Երու­սա­ղէմ կու գայ Կլաւ­տիոս կայ­սեր կի­նը՝ Պատ­րո­նիկէն, ով դար­ձի էր եկել Պետ­րոս առա­քեալի մի­ջոցով։ Թա­գու­հին կ՚այ­ցե­լէ Տի­րոջ գե­րեզ­մա­նը, կը պա­տուի­րէ բա­ցել ու մաք­րել զայն։ Գե­րեզ­մա­նի մէջ կը գտնեն երեք խա­չափայտ։

Սա­կայն գե­րեզ­ման մտնե­լիս թա­գու­հու դուստրը յան­կարծա­մահ կ՚ըլ­լայ։ Մար­դիկ մա­հացա­ծին կը մօ­տեց­նեն խա­չափայ­տե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը, եւ եր­րորդ խա­չի զօ­րու­թեամբ մա­հացա­ծը յա­րու­թիւն կ՚առ­նէ։ Կ՚որո­շեն որ սա է Տի­րոջ խա­չափայ­տը։

Բայց Կլաւ­տիոս կայ­սե­ր կը յա­ջոր­դէ Նե­րոնը, ում հրա­մանով Խա­չը կը թա­ղեն Գող­գո­թայում՝ խոր փո­սի մը մէջ, եւ այդ վայ­րը աղ­բա­նոցի կը վե­րածեն։

Կ՚անցնին տա­րիներ եւ երեք դար յե­տոյ Կոս­տանդիանոս կայ­սեր մայ­րը՝ Հե­ղինէ թա­գու­հին կու գայ Երու­սա­ղէմ եւ մեծ որո­նումնե­րէն ետ­քը կը գտնէ երեք խա­չերը։ Նո­րէն հրաշքնե­րի մի­ջոցով կը ճա­նաչեն տէ­րու­նա­կան խա­չը, Հե­ղինէ թա­գու­հին Գող­գո­թայում կը կա­ռու­ցէ Ս. Յա­րու­թիւն եկե­ղեցին, որ­տեղ կը զե­տեղէ Տի­րոջ խա­չափայ­տը։

Այ­նուհե­տեւ 351 թուակա­նին օրը ցե­րեկով Գող­գո­թայէն մինչ Ձի­թենեաց լե­ռը երկնքում կը տա­րածուի լու­սէ մի խաչ, եւ այս հրաշ­քը կը յի­շեն Ս. Խա­չի երեւ­ման տօ­նին։

Ապա գի­տենք նաեւ Խաչ­վե­րացի տօ­նի մա­սին, երբ 614 թուին Պարսկաս­տա­նի Խոս­րով Ամ­բա­րիշտ թա­գաւո­րը կը գրա­ւէ Երու­սա­ղէմը եւ կը գե­րեվա­րէ Խա­չը՝ տա­նելով այն իր եր­կիր։ Սա­կայն Հե­րակլ կայսրը կը յաղ­թէ Խոս­րո­վին եւ ետ կը վե­րադարձնէ Սուրբ Խա­չը. այն կը փո­խադ­րուի հա­յոց Կա­րին քա­ղաք, ապա՝ Կ. Պո­լիս, ետ­քը՝ Երու­սա­ղէմ։

Աւան­դութեան հա­մաձայն, երբ Խա­չը կը փո­խադ­րուի Կա­րին, պար­սիկնե­րը վերստին կը փոր­ձեն ետ վերցնել այն։ Հա­յերը, Խա­չը թող­նե­լով Կար­նոյ դաշ­տում, պարսկա­կան զօր­քին ըն­դա­ռաջ կը գնան եւ ետ կը մղեն նրանց յար­ձա­կու­մը։ Երբ կը վե­րադառ­նան Խա­չը վերցնե­լու, կը տես­նեն, որ Խա­չի դրուած տե­ղէն սառ­նո­րակ աղ­բիւր կը բխի։ Աղ­բիւրը կը վե­րածուի ուխտա­տեղի, իսկ Կար­նոյ դաշ­տի հա­րաւա­րեւե­լեան կող­մի ամե­նաբարձր գա­գաթը Խա­չափայտ կը կո­չուի։ Նոյ­նա­նուն լեռ­նե­րի ստո­րոտում կը կա­ռու­ցուի Խաչ­կայ Վան­քը, ուր Խաչ­վե­րացի Տօ­նին բա­զում ուխտա­ւոր­ներ կ՚այ­ցե­լէին։

Ահա Խաչ­վե­րացէն եր­կու շա­բաթ անց՝, Սեպ­տեմբե­րի 25– Հոկ­տեմբե­րի 1-ը հան­դի­պող կի­րակի օրը, կը նշենք Խա­չին նուիրուած զուտ ազ­գա­յին տօ­նը՝ յայտնի Վա­րագայ Սուրբ Խաչ անու­նով։

Ինչպէս գի­տենք, Հռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րը, փախ­չե­լով Դիոկ­ղե­տիանոս կայ­սեր հա­լածանքնե­րէն, կու գան Հա­յաս­տան՝ իրենց հետ բե­րելով տէ­րու­նա­կան խա­չափայ­տի սրբա­զան մա­սունքը։

Սա այն մա­սունքն էր, որը Խա­չի գիւ­տէն ետ­քը Յա­կոբոս Տեառ­նեղբայ­րը տուել էր Պատ­րո­նիկէ թա­գու­հուն, եւ նա այն իր հետ տա­րել էր Հռոմ։ Խա­չի սուրբ մա­սունքը ժա­ռան­գա­բար փո­խան­ցուել է եւ այդպէս հա­սել Սուրբ Կոյս Հռիփ­սի­մէին, ով Կլաւ­տիոս կայ­սեր եւ Պատ­րո­նիկէ թա­գու­հու սերնդէն էր։

Հռիփ­սի­մէն 30 կոյ­սե­րի հետ կը կրօ­նաւո­րէր Հռո­մի Ս. Պօ­ղոս Վան­քի կու­սա­նոցում՝ Գա­յիանէ մայ­րա­պետի առաջ­նորդու­թեամբ։ Երբ Դիոկ­ղե­տիանոս կայսրը կա­մեցաւ կնու­թեան առ­նել Հռիփ­սի­մէին, նա 70 կոյ­սե­րու եւ քա­հանա­ներու հետ միասին փա­խաւ Եգիպ­տոս, ապա՝ Երու­սա­ղէմ, ապա՝ նրան­ցից ոմանք Եդե­սիա գնա­ցին, իսկ ին­քը՝ մնա­ցած կոյ­սե­րի եւ Գա­յիանէ մայ­րա­պետի հետ ու­ղե­ւորուեց դէ­պի Արա­րատ եր­կիր։

Շրջե­լով հա­յոց ազ­գա­գաւառ­նե­րում՝ նրանք սուրբ մա­սունքի մի­ջոցով բա­զում հրաշքներ գոր­ծե­ցին, բժշկե­ցին հի­ւանդնե­րը, մաք­րե­ցին ախ­տա­ցեալ ջրե­րը, հա­լածե­ցին դե­ւերը։ Հո­գեաց Վան­քում մի առ ժա­մանակ հանգրուանե­լէն ետ­քը գնա­ցին Վա­րագայ լե­ռը, որի Գա­լիլիա կո­չուող գա­գաթի քա­րայրնե­րէն մէ­կում Աստծոյ նա­խախ­նա­մու­թեամբ եւ Սուրբ Հռիփ­սի­մէի խնդրան­քով եր­կու քա­հանա­ները ամ­փո­փեցին սուրբ մա­սունքը։

Ետ­քը Սուրբ Գա­յիանէն եւ Հռիփ­սի­մէն՝ 3 քա­հանա­ներով ու 40 կոյ­սե­րով գնա­ցին Վա­ղար­շա­պատ, ուր եւ նա­հատա­կուե­ցին։ Իսկ նրանք, որ մնա­ցել էին Վա­րագայ լե­րան գա­գաթին, Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի այ­ցից յե­տոյ այդտեղ եկե­ղեցի կա­ռու­ցե­ցին, որը, սա­կայն, անբնակ մնաց, իսկ սուրբ մա­սունքը մին­չեւ 7-րդ դարն այդպէս ալ ոչ ոք չկրցաւ գտնել։

Եւ միայն 653 թուին Թո­դիկ ճգնա­ւորի եւ իր Յո­վէլ աշա­կեր­տի աղօթքնե­րի, ծո­մապա­հու­թիւննե­րի եւ ճգնու­թեան շնոր­հիւ կը գտնուի սուրբ մա­սունքը։ Երբ նրանք Վա­րագայ լե­րան վրայ 12 օր ծո­մապա­հու­թեան մէջ կ՚ա­ղաչէին Աստծուն ցոյց տալ սուրբ մա­սունքը, կէս­գի­շերին յան­կարծ ահա­ւոր ձայն կ՚ել­լէ, եւ նրանք, նա­յելով դէ­պի գա­գաթը, կը տես­նեն պայ­ծառ լոյս մը, որն աւե­լի ու աւե­լի կը պայ­ծա­ռանար՝ ի վեր­ջոյ լու­սա­ւորե­լով հա­մակ լե­ռը՝ առա­ւել քան արե­գակը։

Ապա երկրէն մինչ եր­կինք վեր կը խո­յանան լու­սէ 12 սիւ­ներ եւ ամ­բողջ լե­ռը կը հա­մակուի անու­շա­հոտու­թեամբ ու շուրջբո­լորը կը տա­րածուին հրեշ­տակնե­րու օրհներ­գութիւննե­րը։ Այդ ըն­թացքին սուրբ մա­սունքն իր մաս­նա­տու­փով կ՚ել­լէ վէ­մէն եւ լու­սա­փառ կը մտնէ եկե­ղեցի եւ կը վե­րաբե­րի սուրբ Սե­ղանին։ Ապա խա­չանիշ լոյ­սէն նրանց ձայն կը հաս­նի. «Քրիս­տոս հա­ճեց բնա­կուել Սուրբ Նշա­նի մէջ՝ Հա­յոց աշ­խարհի պահ­պա­նու­թեան եւ փրկու­թեան հա­մար»։

12 օր շա­րու­նակ այս սքան­չե­լի լոյ­սը կ՚երե­ւար հե­ռու վայ­րե­րում, եւ բա­զում մար­դիկ ու ուխտա­ւոր­ներ կու գան զմայ­լուելու աս­տուածա­յին հրաշ­քով։ Նրանց մէջ էին նաեւ իշ­խա­նաց իշ­խան սպա­րապետ Վարդ Ռշտու­նին՝ իր զօր­քով, եւ Ներ­սէս Գ. Տա­յեցի Շի­նող Կա­թողի­կոսը, ով կարգ կը սահ­մա­նէ՝ ամէն տա­րի այդ օրը նշել Վա­րագայ Սուրբ Խա­չի Տօ­նը։

Ներ­սէս Հայ­րա­պետը կը գրէ «Նշա­նաւ ամե­նայաղթ» շա­րակա­նը եւ ժո­ղովրդի աջակ­ցութեամբ 12 եկե­ղեցի կը կա­ռու­ցէ 12 լու­սե­ղէն սիւ­նե­րու տե­ղը, իսկ այն վան­քը, ուր հանգրուանել էր սուրբ մա­սունքը, կ՚ըն­դարձա­կէ եւ կը կառու­ցէ փա­ռաւոր Սուրբ Նշան Եկե­ղեցին։

Մինչ 1021 թուակա­նը սուրբ մա­սունքը գտնուելիս է եղել Վա­րագայ վան­քում, որը յե­տագա­յում Սե­նեքե­րիմ Արծրու­նին կը տե­ղափո­խէ Սե­բաս­տիա։ Սե­նեքե­րիմի մա­հից յե­տոյ մա­սունքը կրկին կը տե­ղափո­խուի իր նախ­կին վայ­րը, որ­մէ 1651-ին կը գե­րեվա­րուի Խո­շաբ։ 1655-ին այն կ՚ազա­տուի գե­րու­թե­նէն եւ կը զե­տեղուի Վա­նի Ս. Տի­րամօր Եկե­ղեցում, որը կը վե­րանուանուի Ս. Նշան։ Սուրբ մա­սունքն այնտեղ կը պա­հուէր մինչ 1915 թի­ւը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ