Արսէն շշուկով մը անցաւ Պոլիսէն

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Մօտաւորապէս տասը օր առաջ իմ վաղեմի ըն­կերս՝ Ար­թիւր Պաղ­տա­սարեան եւ իր ըն­կե­րը Ար­սէն այ­ցե­լեցին «Ակօս»։ Ար­թիւր քա­նի ան­գամներ անակնկալ հան­դի­պած է մե­զի, բայց Ար­սէ­նը առա­ջին ան­գամ կը տես­նէի։ Մեր մտեր­միկ զրոյ­ցի մի­ջոցաւ տե­ղեկա­ցայ որ իր անձնա­կան հա­մեր­գին հա­մար եկած է Պո­լիս։ Իր առա­քելու­թիւնը աւար­տած էր եւ եր­կու օր ետք ալ պի­տի մեկ­նէր Հա­յաս­տան։ «Ափ­սոս որ իր մե­ղեդի­ները, իր երաժշտու­թիւնը, իր տու­տուկը մտիկ չը­րի», մտա­ծեցի։ Այնքան հեզ ու մտե­րիմ անձնա­ւորու­թեան մը հետ դէմ յան­դի­ման էի որ ան­պայման իր վար­քը երաժշտութեան ալ ազ­դած ըլ­լա­լու էր։ Անոնք եկան ու գա­ցին եւ ես սկսայ կայ­քէ­ջերու վրայ պրպտել Ար­սէ­նի երաժշտու­թիւնը։ Այնքան լաւ էին որ իր գոր­ծե­րը, ին­ծի հա­մար այնքան հա­ճելի։ Կրկին ու կրկին մտա­ծեցի. երա­նի՜ կեն­դա­նի երաժշտու­թիւնն ալ մտիկ ընէի։ Կ՚ու­զեմ քեզ կրկին տես­նել Ար­սէն, գո­նէ ան­գամ մը աչ­քե­րուդ նա­յելով լսել քեզ։ Ափ­սոս, շշու­կով մը ան­ցար Պո­լիսէն եւ քո մե­ղեդի­ներդ Պոլ­սոյ հա­յերուն հա­մար անլսե­լի մնաց։

Լուսյէն Քո­փար- Բա­րեւ, բա­րով եկաք Պո­լիս։ Ինչպէ՞ս գտաք։ Հաւ­նե­ցա՞ք։

Ար­սէն Պետ­րո­սեան- Շնոր­հա­կալու­թիւն։ Առա­ջին ան­գամ եկած եմ Պո­լիս։ Աւե­լի ճիշդ, միայն օդա­կայան իջած էի տա­րան­ցիկ չուեր­թի ժա­մանակ։ Այո, Պո­լիսը շատ հաւ­նե­ցայ։ Մա­նաւանդ Մո­տայի շրջա­նը, ուր կը մնա­յի։

Լ.Ք.- Ի՞նչ առի­թով եկաք Պո­լիս։

Ա.Պ.-Ինչպէս գի­տէք, «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկը ճա­նապար­հորդա­կան դրա­մաշ­նորհի նա­խագիծ մը ու­նի, որ մաս­նա­գիտա­կան տար­բեր ոլորտնե­րու մէջ նպա­տակա­յին այ­ցեր կը կազ­մա­կեր­պէ Հա­յաս­տա­նի ու Թուրքիոյ մի­ջեւ։ Ես նոյնպէս դի­մած էի՝ այ­ցի նպա­տակս նշե­լով «հա­մերգ եւ երաժշտա­կան բու­ժում»։ Ըն­դունե­ցին։ Հի­մա այստեղ եմ։ Եւ շատ շնոր­հա­կալ եմ «Հրանդ Տինք» հիմ­նադրա­մին։

Լ.Ք.-Ձեր նախ­նի­ները ուրկէ՞ են։

Ա.Պ.-Նախ­նի­ներս Էրզրու­մէն են։ Թէ՛ հայ­րա­կան, թէ՛ մայ­րա­կան կող­մէ։ 1828—ի ռուս-թրքա­կան պա­տերազ­մի ժա­մանակ էրզրումցի­ներու զգա­լի մէկ մա­սը գաղ­թած է Ջա­ւախք։ Այդ թուին նաեւ գաղ­թած է իմ ըն­տա­նիքը։ Ման­կութեան տա­րիներս Ջա­ւախք ան­ցուցած եմ։ Թէեւ ծնած եւ ապ­րած եմ Չա­րեն­ցա­ւան։

Լ.Ք.-Ձեր ուսման մա­սին տե­ղեկու­թիւններ կրնա՞ք փո­խան­ցել։

Ա.Պ.- Ես տու­տուկա­հար եմ։ Սկսած եմ բա­ւական վաղ հա­սակիս։ Վեց տա­րեկա­նիս ծնող­ներս երաժշտա­կան դպրոց տա­րած են զիս։ Սկիզ­բը շուիի վրայ նուագել սոր­ված եմ յե­տոյ, տա­րիներ անց, ան­ցած եմ տու­տուկի։ Իսկ յե­տոյ ըն­դունուած եմ «Կո­միտաս» պե­տական երաժշտա­նոցը՝ անուանի տու­տուկա­հար Գէորգ Տա­պաղեանի լսա­րանը։

Լ.Ք.-Ձեր գոր­ծե­րուն մա­սին տե­ղեկու­թիւն կրնա՞ք տալ։

Ա.Պ.-Տա­րինե­րու աշ­խա­տան­քի եւ ար­հեստա­վարժ կրթու­թեան շնոր­հիւ երաժշտու­թիւնը դար­ձած է իմ մաս­նա­գիտու­թիւնը։ Ես ընտրած եմ իմ ճա­նապար­հը երաժշտու­թեան աս­պա­րէզէն ներս եւ կեանքս նուիրած՝ այս գոր­ծի­քին, որու հա­մար հպարտ եմ։ Ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէ սկսեալ մաս­նակցած եմ բազ­մա­թիւ հա­մերգնե­րու, փա­ռատօն­նե­րու եւ այլ մշա­կու­թա­յին մի­ջոցա­ռումնե­րու՝ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րէն դուրս։ Երաժշտա­նոցը աւար­տե­լէ ետք մաս­նա­ւորա­պէս ան­հա­տական գոր­ծունէու­թեամբ կը զբա­ղիմ՝ հա­մագոր­ծակցե­լով տար­բեր երա­ժիշտնե­րու եւ նուագածունե­րու հետ։

Հա­մեր­գա­յին շրջա­գայու­թիւնով այ­ցե­լած եմ ԱՄՆ, Քա­նատա, Ռու­սաստան, Հնդկաս­տան, Սպա­նիա, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սա, Լի­բանան, Վրաս­տան եւ այլն։

2016-ին լոյս տե­սաւ առա­ջին ձայ­նասկա­ւառակս «Չա­րեն­ցա­ւան» անուանու­մով, ամե­րիկեան «Փո­մըկ­րա­նէյթ ռե­քըրտս լէյ­պըլ»ի կող­մէ։

Ձայ­նասկա­ւառա­կը կ՚ընդգրկէ 10-րդ դա­րէն մին­չեւ մեր օրե­րը (Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիէն մին­չեւ Արա Տինքճեան) եւ նաեւ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ, որոնք առա­ջին ան­գամ կը հնչեն տու­տուկի մեկ­նա­բանու­թեամբ։ Արուես­տի եւ պատ­մութեան կա­ճառի ար­խի­ւէն առած եմ։ Ձայ­նասկա­ւառա­կը ներ­կա­յացուած է օտար տար­բեր լրա­տուա­կան կայ­քե­րու եւ ձայ­նասփիւռնե­րու մէջ։

Իսկ ես կը շա­րու­նա­կեմ տար­բեր հա­մագոր­ծակցու­թիւններ եւ հա­մեր­գեր կազ­մա­կեր­պել ըստ կա­րելիու­թեան։

Լ.Ք.-Ձեր հա­մեր­գը ինչպէ՞ս ան­ցաւ։

Ա.Պ.-Հա­մեր­գը 12 Սեպ­տեմբե­րին, Մո­տա թա­ղին մէջ էր։ «Պէօճեք քա­ֆէ»ի նկու­ղա­յին յար­կը, ուր հա­մերգներ կը սարքուին։ Հա­մեր­գը կազ­մա­կեր­պած էր իմ ըն­կերս՝ լաւ երա­ժիշտ, բազ­մա­նուա­գարա­նահար, ազ­գութեամբ թուրք-ամե­րիկա­ցի Տեն­նի Լունտմարք, որու հետ նուագե­ցինք այս հա­մեր­գի ըն­թացքին։ Հա­մեր­գա­յին ծրա­գիրը կ՚ընդգրկէր հայ­կա­կան եւ թրքա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ։ Հա­մեր­գի բա­ցու­մը եղաւ «Տէր Ողոր­մեա» հայ­կա­կան հո­գեւոր ստեղ­ծա­գոր­ծութեամբ, տու­տուկի եւ կի­թառի մեկ­նա­բանու­թիւնով։

Ծրա­գիրը եր­կու օրուայ մէջ պատ­րաստած էինք եւ բո­լոր փոր­ձե­րը այս եր­կու օրուայ մէջ ըրած էինք։ Կը կար­ծեմ, որ յա­ջող էր հա­մեր­գը եւ անոնք որոնք ներ­կայ էին, շատ սի­րեցին մեր ներ­կա­յացու­ցած երաժշտու­թիւնը։ Ցա­ւօք սրտի հա­յեր չկա­յին, բայց յու­սամ յա­ջորդ ան­գամ առիթ կ՚ըլ­լայ հայ հան­դի­սատե­սին ալ ներ­կա­յանալ։

Լ.Ք.-Պոլ­սոյ հա­յերէն շա­տեր հա­մեր­գի մա­սին տե­ղեկու­թիւն չու­նե­ցան։ Ի՞նչ էր պատ­ճա­ռը։

Ա.Պ.-Կը կար­ծեմ, ժա­մանակ չու­նե­նալու պատ­ճա­ռաւ հա­մեր­գի մա­սին տե­ղեկու­թիւն չէր տրուած հա­յերուն եւ նաեւ կազ­մա­կեր­պի­չը հայ չէր։

Լ.Ք.-Երե­ւանի մէջ նոր հա­մերգներ պի­տի ու­նե­նա՞ք։

Ա.Պ.-Այո, Երե­ւանի մէջ հա­մերգ մը կը ծրագ­րեմ աշ­նան եւ մեծ հա­ւանա­կանու­թեամբ «Տու­տուկ եւ եր­գե­հոն» ծրա­գիրով, որ նոր նա­խագիծ մըն է։

Լ.Ք.-Կ՚ու­զէ՞ք կրկին Պո­լիս այ­ցե­լել։

Ա.Պ.-Ի հար­կէ, կ՚ու­զեմ նո­րէն այ­ցե­լել Պո­լիս։ Մաս­նա­ւորա­պէս հայ հան­դի­սատե­սի հա­մար կ՚ու­զեմ հա­մերգ սար­քել։ Եթէ առա­ջարկ եւ հրա­ւէր ըլ­լայ՝ մեծ սի­րով իմ երաժշտու­թիւնս կը բե­րեմ Պո­լիս։ Յու­սամ մօտ ապա­գային կ՚ըլ­լայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ