Մարդ արարածը կենդանական աշխարհի մէջ բնորոշող յատկանիշներէն մէկն է ամօթի զգացումը եւ գիտակցութիւնը։ Ոչ կատուները, ոչ հաւերը եւ ոչ ալ ձուկերը կ՚ամչնան։ Մարդը՝ յատկապէս ալ կրթուած մարդը ունի ամչնալու զգացում։ Ճիշդ է որ ինչին ամօթ ըլլալը կամ չըլլալը զանազանելը գիտակցութեան խնդիր է, բայց ամօթի զգացումը շատ անգամ գիտակցութիւնն ալ գերազանցող երեւոյթ է։ Ամօթի զգացում ունեցողը չի կրնար զսպել դէմքին գունափոխութիւնը։ Կաս կարմիր կը կտրուի։ Այս է որ ամօթը կը դարձնէ մարդու յատուկ երեւոյթ։ Բայց կան այնպիսի վարպետներ, որոնք յաղթահարած են այդ տեսակի չար հաւանականութիւնները։ Ոչ կը խպնին, ոչ կ՚ամչնան եւ կը շարունակեն իրենց համար ձեռնտու, նպաստաւոր կարծուած ճամբուն վրայ։ Անոնք չեն ազդուիր ամօթէն։ Վերջերս այս երեւոյթին հետզհետէ աւելի յաճախ կը հանդիպինք Պատրիարքարանի նրբանցքներու մէջ։ Կարծես թէ ամօթը կը բացակայի այդ տեղ եւ կը տեսնես թէ բանիմաց մարդու համար անհաւատալի երեւոյթներ դիւրաւ կը յայտնուին։ Օրինակի համար Կրօնական Ժողովի որոշումէն անմիջապէս ետք կրնայ պատահիլ որ հոգեւորական մը ձեռքը պաշտօնական թուղթով մը մտնէ ժողովասրահ եւ յայտարարէ թէ այդ որոշումը չէ ընդունուած պետութեան կողմէ։ Բնական պայմաններու մէջ կատարեալ գայթակղութիւն համարուելու արժանի այս արարքը յանկարծ ընդունելի գտնուի ուրիշ անամօթներու կողմէ, որոնք այս անգամ անմիջապէս դրժեն իրենց տակաւին քանի մը վայրկեան առաջ կայացուցած կամքը եւ ձեռքերը ծալլելով ըսեն թէ անզօր են պետութեան դիմաց։ Գալով պետութեան, չէ որ ըսինք թէ ամօթը մարդկային զգացում է, պետութիւնները առհասարակ գործ չեն ունենար ամօթի հետ։ Անոնք ընդհանրապէս չեն ամչնար, այլ կը հետապնդեն որոշ շահեր եւ այդ շահերու շրջագծով կը ճշդեն իրենց ուղին։ Մենք տակաւին այդ առաջին նամակին տեղի տուած ամօթը թօթափելու կ՚աշխատէինք, վրայ հասաւ երկրորդ անամօթութիւն մը։ Այս երկրորդն ալ կը կրէր առաջինին ձեւաւորուելու եղանակը։ Այս անգամ ալ մարդիկ կու գային ըսելու թէ պետութիւնը դժգոհ է, այս դժգոհութիւնը յայտնած է իրենց, որպէսզի փոխանցեն «մերազն» ժողովուրդին։ Անշուշտ գիտեն թէ այդ «մերազն» ժողովուրդը որքան հաւատարիմ է իր պետութեան եւ ամէն գինով կը խուսափի իր այդ սիրելի պետութիւնը անհանգստացնող որեւէ որոշումէն։ Այս վստահութիւնով ըլլալու է որ նախապէս ալ նոյն անամօթ շրջանակները, նոյն նիւթի բերմամբ դիմած են պետութեան այդ կախարդական հրապոյրին։ Կարծած են թէ պետութեան անունով ինչ որ ըսեն իսկոյն պիտի գտնէ արժանի ազդեցութիւնը, աւելի ճիշդը վախը։ Այո՛, պետութեան գաւազանով վախցնելու ռազմավարութիւն մըն է այս։ Բայց չեն անդրադարձած թէ վերջերս այդ գաւազանը սկսած է հակառակ արդիւնք տալ։ «Եթէ Շահան Սրբազանի տեղ Մեսրոպ Սրբազանը ընտրէք պետութիւնը շատ պիտի բարկանայ սաստիկ պիտի պատժէ մեր ժողովուրդը» ըսած էին։ Եկուր տես որ ժողովուրդը բաւականին անխոհեմ գտնուեցաւ եւ նկատի չառաւ մեր այս շրջահայեաց եւ զգոյշ պարոններու ազդարարութիւնը։
Իսկ իրենք ժողովուրդին այդ ուշքին ապտակին փոխարէն դոյզն, իսկ ամօթ զգացի՞ն։ Անշուշտ որ ոչ։ Ընդ հակառակը մեծ ճկունութեամբ շրջապատեցին նորընտիր պատրիարքը եւ այս անգամ ալ ան զգուշացուցին անխոհեմ տարրերու դիմաց։
Այսպէս է քաղաքականութիւնը, այսպէս է քաղաքական միտքի աշխատելակերպը։ Կերպ մը՝ որուն դիմաց կը մատնուինք անզօրութեան։ Չէ որ մենք քաղաքագէտներ չեղան եւ պիտի չըլլանք ալ։ Պիտի նախընտրենք մարդ մնալ եւ ամչնալ գիտնալ։ Հոգ չէ թէ այսպէսով ոմանք յաջողին որոշ պահեր, որոշ ճակատներու վրայ յաջողութիւն արձանագրել։ Մեր խնդիրը պահի ռազմավարութիւնը չէ, այլ պատմութեան դիմաց ազգի անունով գրուելիք էջերուն պարզութիւնը եւ մաքրութիւնը։