Ինչպէս նախորդ ինը տարիներուն, այս տարի ալ 15 Սեպտեմբերին Հրանդ Տինքի տարեդարձի օրը կատարուեցաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած մրցանակաբաշխութիւնը։ Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ հաստատուած մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտի մէջ կարեւոր աւանդ ունեցող անձերուն կամ հաստատութիւններուն։
Լիւթֆիւ Քըրտար Համագումարներու Կեդրոնին մէջ կայացած մրցանակաբաշխութեան երաժշտական բաժնին իրենց կատարումներով փայլ տուին Այշէնուր Քոլիվար, Պրէննա Մեք Քրմմըն եւ Մուամմէր Քեթենճօղլու։ Քեթենճօղլուին կ՚ընկերակցէին Սայաթ Նովա, Հելեսա, Տալէփէ Նենա երգչախումբերու իգական կազմէն անդամներ։
Դարձեալ այս միջոցառման ուշագրաւ աւանդոյթներէն է «Լոյսեր» անուն բաժինը, ուր կը ներկայացուին մրցանակի համար թեկնածու առաջարկուած, բայց դատակազմի որոշումով մրցանակ չստացած թեկնածուները։ Նշենք որ ամէն տարի զանազաններու կողմէ կ՚առաջարկուի անուններ, որոնք կը յանձնուի միջազգային դատակազմի գնահատման։
Այս տարի միջազգային դատակազմը, որ կը բաղկանայ համաշխարհային ճանաչում գտած մտաւորականներէ, մրցանակի արժանի գտաւ աշխարհահռչակ արուեստագէտ չինացի Այ Ուէյիուէյը, մանաւանդ գաղթականներու աջակցելու միջոցաւ իր կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն հետեւանքով։
Միջազգային գետնի վրայ շնորհուած այս մրցանակէն ետք երկրորդ մրցանակ մըն ալ տրուեցաւ իրաւապաշտպան եւ մարդու իրաւունքներու անխոնջ ջատագով Էրեն Քեսքինի։
Էրեն Քեսքին մրցանակը ստանալէն ետք իր խօսքը ուղղեց հետեւեալ կերպով. «Կը հաւատամ թէ մեր ապրած աշխարհագրական հատուածի մէջ ժողովրդավարութիւնը հաստատելու առաջին պայմանն է 1915-ի ցեղասպանութեան հետ առերեսումը։ Իրողութեան ճանաչումը եւ հատուցումը այս տարածքի ժողովուրդներուն, թէ ազատութիւն պիտի պարգեւէ եւ թէ իրարու մերձեցման առիթ պիտի ստեղծէ։
Նման վախի հաւաքականութեան մէջ պետութեան անտեսածները արտասանելը դժուար է։ Լրագրողները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանները բանտարկուած են։ Իմ դէմ յարուցուած 143 դատական մեղադրանքներ կը քննարկուին։ Ուրեմն ամէն վայրկեան զիս ալ կրնան բանտարկել։ Հրանդ Տինքի խօսքերով եթէ ըսեմ –բոլորս աղաւնիի մը մտավախութիւնով կ՚ապրինք-։ Սակայն այդ մտավախութիւնը արգելք չէ որ մեր հաւատացածները արիաբար խօսինք ճիշդ Հրանդ Տինքի նման։ Մեզի ժառանգած սիրոյ ու արիութեան համար շնորհակալութիւն Հրանդ Տինք»։
Չինացի արուեստագէտ Այ Ուէյիուէյ կարճ շնորհակալութեան ուղերձ մը արտասանեց, ուր ըսաւ թէ պատիւ կը զգայ այս մրցանակին արժանանալու պատճառաւ։ «Երբ մարդու իրաւունքները ոտնակոխուին բոլորս կը վիրաւորուինք։ Այդ պատճառաւ ալ ամէն տեղ եւ ընդմիշտ ստիպուած ենք մարդու իրաւունքները պաշտպանելու»։