Թրքերէն երաժշտութեան մէջ իւրայատուկ անուն մըն է Ռուհի Սու։ Այս շաբաթ զանազան միջոցառումներով կը նշուի այս անուանի երգիչ, երգահաւաք երաժիշտի մահուան 32 ամեակը։
Ան ծնած էր 1912-ին Վանի մէջ։ Որբացաւ կորսնցնելով իր բոլոր հարազատները։ Իր յիշողութեան մէջ առաջին տանիքը եղաւ Տաւրոսի լեռներուն վրայ ապրող ալեւի գառնարածի մը համեստ տունը։ Չոպանը խիստ աղքատութեան պայմաններու մէջ չէր կրնար որբուկի սնունդը իսկ հոգալ։ Այդ պատճառաւ ալ քանի մը տարի անց դիմեց մօտակայ զինուորական դպրոց, որպէսզի իբրեւ գիշերօթիկ սան ընդունին իր խնամած որբուկը։ Հոն է որ առաջին անգամ իրեն տրուեցաւ անուն մը՝ Ռուհի, որուն աւելի ետք ինք աւելցուց «Սու» մականունը։ Պատանի աշակերտի հոգեկան կառուցուածքը չէր համապատասխաներ զինուորական դպրոցի պարտադրանքներուն։ Արդարեւ ան ամէն ճիգ վատնեց, որպէսզի փոխէ իր յաճախած ուսման հաստատութիւնը եւ ընդունուի երաժշտական ուսուցիչ պատրաստող դպրոց։ Յաջողեցաւ եւ վկայուեցաւ այդ դպրոցէն, որմէ ետք յաջողեցաւ նաեւ Անգարայի օփերայի քննութիւններուն։ Ստացած էր դասական երաժշտութեան կրթութիւն, բայց իր մէջ միշտ վառ կը մնար ժողովրդական երգերու նկատմամբ արտակարգ սէրը։
Ռուհի Սուի անունը այսօր դրոշմուած է իբրեւ թրքերէն ժողովրդական երգերու իւրայատուկ մեկնաբան։ Ան յատուկ ուսումնասիրութիւնով մշակեց ժողովրդական երաժշտութեան անուանի դէմքերու ստեղծագործութիւնները։ Այսպէս իրարայաջորդ կերպով լոյս տեսան Եունուս Էմրէի, Քէօրօղլուի, Գարաճաօղլանի, Փիր Սուլթան Ապտալի եւ Տատալօղլուի նման հսկաներու գործերէն բաղկացող ձայնապնակներ։ Բացի ամէն մէկը խոր ուսումնասիրութիւններու արդիւնք հանդիսացող այս գործերէն Ռուհի Սու մշակեց նաեւ տարագրութեան երգերէ բաղկացող ալպոմ մը, պանդուխտ երգերու հաւաքածոյ մը եւ իր բանաստեղծութիւններու յօրինումով ձայնապնակ մը։ Այս վերջին երեք գործերը նաեւ նկարագրականն էին եւ մեկնաբանութիւնը Թուրքիոյ պատմական ու ընկերային շատ կարեւոր իրադարձութիւններուն։
Ռուհի Սու արդարացուց նաեւ իր երաժշտութեան ուսուցիչի կոչումը հիմնելով յատուկ երգչախումբ մը։ «Տոսթլար» անունով ծանօթ այդ երգչախումբը մինչեւ օրս հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնադիր վարպետի աւանդին եւ կը շարունակէ համերգներով պանծացնել մեծ երգիչի յիշատակը։