Երեւանի մէջ «Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համահայկական հանդիպում

Հայաստանի անկախացումին զուգահեռ մշակուած համազգային նախաձեռնութիւններուն կարեւորագոյնն է սփիւռքի հետ համագործակցութեան հեռանկարով կազմակերպուած Հայաստան-սփիւռք համագումարները։ Անցնող տարիներու ընթացքին սոյն նախաձեռնութիւնները առիթ դարձան համազգային բնոյթ ունեցող մարտահրաւէրներու դէմ համազգային լուծումներ որոնելու փորձերուն։ Թէեւ որոշ ժամանակ այս նախաձեռնութիւնը յատկապէս սփիւռքահայ որոշ շրջանակներու կողմէ դիտուեցաւ իբրեւ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնելու նպատակով սահմանուած աշխատանք։ Սակայն էականօրէն հայ ժողովուրդի իրականութիւնը կը կարօտի նման համազգային նախաձեռնութիւններու, որու հետեւանքով ալ համագումարը միշտ գտաւ արժանի հետաքրքրութիւն։ Այս տարի Հայաստան-սփիւռք համագումարին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Ազգային Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան։ Փայլանի այս մասնակցութիւնը յատուկ յուզում կ՚առաջացնէ Հայաստանեան հասարակութեան մօտ։ Արդարեւ Փայլան իր ունեցած ելոյթներով կրկին ու կրկին յաջողեցաւ հայ ժողովուրդի համակրանքին, մանաւանդ իր ելոյթ ունեցած Պետական Համալսարանի աշակերտութեան մօտ։

18 Սեպտեմբերին, Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի շէնքին մէջ կատարուած բացման հանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., որոնք իրենց զեկոյցներով ողջունեցին այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Ստորեւ որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք իրենց զեկոյցները արտասանուած բացման հանդէսի պահուն։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը

Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ՛ նախագահ, Ձե՛րդ Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Գարեգին Երկրորդ, Ձե՛րդ Սրբութիւն Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոս Արամ Առա­ջին, Գե­րաշ­նո՛րհ եւ հո­գեշ­նորհ հայ­րեր, Յար­գարժա՛ն գոր­ծընկեր­ներ,Սի­րելի՛ հայ­րե­նակից­ներ։

Ու­րախ եմ բո­լորիդ ող­ջունե­լու հա­մայն հա­յու­թեան մայ­րա­քաղաք Երե­ւանում՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք 6-րդ Հա­մահայ­կա­կան Հա­մաժո­ղովի շրջա­նակ­նե­րում։ Ար­դէն բա­րի աւան­դոյթ է դար­ձել Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ սփիւռքի հա­մայնքնե­րի եւ կա­ռոյցնե­րի այս ներ­կա­յացուցչա­կան հա­մաժո­ղովի պար­բե­րաբար անցկա­ցու­մը մայր հայ­րե­նիքում, որի ըն­թացքում բո­լորս միասին քննար­կում ենք իրա­կանա­ցուող ծրագ­րե­րի ըն­թացքը եւ նա­խան­շում նոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րի մեկ­նարկը տար­բեր ուղղու­թիւննե­րով։

Արագ զար­գա­ցող աշ­խարհում փոխ­ւում ենք նաեւ մենք՝ ողջ հայ ժո­ղովուրդը։ Փոխ­ւում են սփիւռքի հա­մայնքնե­րը, եկե­ղեցին, հա­մայնքա­յին եւ հա­մահայ­կա­կան կա­ռոյցնե­րը եւ, հե­տեւա­բար, փոխ­ւում է նաեւ մեր օրա­կար­գը։

Սի­րելի՛ բա­րեկամ­ներ, որ­քան էլ մենք գնա­հատենք աւան­դա­կան կա­ռոյցնե­րի եւ փոր­ձա­ռու նուիրեալ­նե­րի ջան­քե­րը, կ՚ու­զէի յի­շեց­նել բո­լորիս, որ առանց երի­տասար­դութեան, առանց նոր սերնդի կա­ռու­ցո­ղական ներգրաւ­ման մեր ջան­քե­րը լիար­ժէք չեն լի­նելու։ Ուստի, խօսքս այս պա­հին ուղղում եմ մեր պայ­ծառ երի­տասար­դութեանը։ Մենք պէտք է հարստաց­նենք մեր կեան­քը թէ՛ Հա­յաս­տա­նում ու Ար­ցա­խում, թէ՛ սփիւռքի տար­բեր հա­մայնքնե­րում՝ երի­տասարդնե­րի հա­մար՝ հէնց իրենց իսկ ու­ժե­րով։

Թէ՛ Հա­յաս­տա­նում, թէ՛ սփիւռքում մենք ող­ջունում եւ գնա­հատում ենք բազ­մա­կար­ծութիւ­նը, ին­չը կա­րեւոր պայ­ման է նո­րը ստեղ­ծե­լու հա­մար։

Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-սփիւռք եռա­միաս­նութեան կո­չը չպէտք է դի­տուի որ­պէս ինքնու­րոյնու­թեան հա­կանիշ։ Ընդհա­կառա­կը, հա­մագոր­ծակցա­բար, ուս ու­սի տուած եւ միայն տար­բեր մօ­տեցումնե­րի հա­մադրմամբ մենք կա­րող ենք հաս­նել ար­դիւնա­ւետ լու­ծումնե­րի։ Մեր ու­ժը մեր բազ­մա­կար­ծութեան մէջ է։

Այժմ գտնւում ենք լիար­ժէք խորհրդա­րանա­կան կա­ռավար­ման անցնե­լու ճա­նապար­հին։ Սա նշա­նակում է, որ նոր հնա­րաւո­րու­թիւններ են ստեղծւում երկրի հա­սարա­կական-քա­ղաքա­կան կեան­քին մաս­նակցե­լու եւ ապա­գայի հան­դէպ պա­տաս­խա­նատուու­թիւն ստանձնե­լու առու­մով։

Հա­յաս­տա­նը փոխ­ւում է, դառ­նում աւե­լի բաց, ճկուն եւ ժո­ղովրդա­վար։ Փոխ­ւում են նաեւ մեր քա­ղաքա­ցինե­րը, քա­ղաքա­կան եւ հա­սարա­կական կեան­քը՝ դառ­նա­լով աւե­լի օրի­նապաշտ եւ կազ­մա­կեր­պուած։

Մենք յայ­տա­րարել ենք, որ մեր նպա­տակն է, որ­պէսզի Հա­յաս­տա­նը 2040 թուակա­նին ու­նե­նայ առ­նուազն 4 մի­լիոն բնա­կիչ։ Հե­տեւա­բար նպա­տակադ­րումը են­թադրում է գա­լիք 25 տա­րինե­րի ըն­թացքում դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղթի լուրջ ցու­ցա­նիշ­նե­րի ձեռքբե­րում։

Յա­ջորդ Հա­յաս­տան-սփիւռք հա­մաժո­ղովը լի­նելու է «4 մի­լիոնա­նոց Հա­յաս­տան» ծրագ­րի հա­մահայ­կա­կան քննարկման հա­ւաքն ու դրա իրա­կանաց­ման ըն­թացքի իրա­կան սկիզ­բը։

Սի­րելի՛ քոյ­րեր եւ եղ­բայրներ, ցա­ւօք, ան­ցած երեք տա­րինե­րին շա­րու­նա­կուեց լա­րուա­ծու­թիւնը մեր տա­րածաշրջա­նում։

2016-ի Ապ­րի­լին մեր ժո­ղովրդին նո­րից պար­տադրուեց պա­տերազմ, եւ մենք նո­րից պա­տուով դի­մագ­րա­ւեցինք հա­կառա­կոր­դի կող­մից նախ­նա­դարեան մտա­ծողու­թեան ար­գա­սիք վայ­րա­գու­թեանը։ Այ­սօր մենք պէտք է դրուատենք մեր զի­նուոր­նե­րի եւ սպա­ների անձնուիրու­թիւնը, հե­րոսու­թիւնը եւ մար­տա­կան ոգին, բայց պէտք է չմո­ռանանք, որ կար­ճա­տեւ պա­տերազ­մում մենք ու­նե­ցանք նաեւ կո­րուստներ։ 2016-ի Ապ­րի­լին մենք կրկին ցոյց տուեցինք աշ­խարհին մեր միաս­նա­կանու­թիւնը եւ հա­յի ան­կոտրում ոգու ու­ժը։ Մենք հա­մախմբուեցինք, լա­րեցինք մեր ու­ժե­րը մար­տի դաշ­տում, որ­պէսզի այ­նուհե­տեւ ամ­րագրենք մեր շա­հերը բա­նակ­ցութիւննե­րի սե­ղանի շուրջ։

Աշ­խարհի շատ առա­ջատար երկրներ ար­դէն իսկ ճա­նաչել եւ դա­տապար­տել են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։

Սի­րելի՛ բա­րեկամ­ներ, Սփիւռքի բո­լոր շեր­տե­րի հետ փո­խադարձ ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը քա­ջալե­րելը, սփիւռքում հա­յապահ­պա­նու­թեանն աջակ­ցե­լը, ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րում յայտնուած մեր հայ­րե­նակից­նե­րին, յատ­կա­պէս սի­րիահա­յու­թեանը հնա­րաւո­րինս աջակ­ցութիւն տրա­մադ­րե­լը եւ հա­մակար­գումը եղել է պե­տական քա­ղաքա­կանու­թեան առանցքում։

Մայր Հա­յաս­տա­նը բո­լոր հա­յերի հայ­րե­նիքն է՝ ան­կախ քա­ղաքա­կան եւ այլ կողմնո­րոշումնե­րից։ Մեր սփիւռքի գաղ­թօ­ճախ­նե­րը բազ­մա­զան են եւ ոչ միատարր՝ կա­խուած նրա­նից, թէ երբ եւ ինչ պատ­ճառնե­րով են ձե­ւաւո­րուել։ Միատարր չեն թէ՛ իրենց պատ­մա­կան փոր­ձով, եւ թէ՛ քա­ղաքա­կան հա­յեացքնե­րով։

Խօ­սելով սփիւռքի ապա­գայի, տար­բեր հա­մայնքնե­րում ինքնու­թեան պահ­պանման, մշա­կու­թա­յին զար­գացման եւ օտար հա­սարա­կու­թիւննե­րում ներգրա­ւուե­լու ու յա­ջողու­թեան հաս­նե­լու մա­սին, ան­շուշտ պէտք է նկա­տի ու­նե­նանք աշ­խարհում տե­ղի ու­նե­ցող կա­րեւոր փո­փոխու­թիւննե­րը եւ քայ­լենք ժա­մանա­կին հա­մըն­թաց։

Հա­մոզուած եմ, որ հայ­րե­նիքից դուրս հա­յի ինքնու­թեան պահ­պանման կա­րեւո­րագոյն գրա­ւակա­նը հզօր, զար­գա­ցող ու ար­դար Հա­յաս­տանն է։

Պէտք է նկա­տենք, որ ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մից յե­տոյ փո­խուել է նաեւ հայ­րե­նիք-սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րի տրա­մաբա­նու­թիւնը եւ դի­նամի­կան։ Նա­խորդ 26 տա­րինե­րի ըն­թացքում մենք դեռ իւ­րացնում էինք ան­կախ պե­տակա­նու­թիւն ու­նե­նալուց բխող բո­լոր հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը եւ բա­ցայայ­տում գոր­ծակցու­թեան նոր հո­րիզոն­ներ։ Հա­յաս­տա­նը լի­նելու է աշ­խարհին լիար­ժէք ին­տեգրուած, ու­ժեղ, զար­գա­ցած ու հպարտ եր­կիր։ Սա է մեր տեսլականը։

Յաջողութիւն եմ մաղթում բոլորիդ այս եռօրեայ քննարկումներում։ Շնորհակալութիւն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը

Մե­ծար­գոյ նա­խագահ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան, Մե­ծար­գոյ նա­խագահ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան, Հո­գեւոր եղ­բայր, Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոս, Յար­գարժան մաս­նա­կից­ներ «Հա­յաս­տան-Սփիւռքէ վե­ցերորդ հա­մաժո­ղովի։

Ող­­ջունում ենք ձեզ հա­­մաժո­­ղովի գու­­մարման առի­­թով եւ Հայ­­րա­­­պետա­­կան Մեր սէրն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի օրհնու­­թիւնը բե­­րում ամէն­­քիդ։ Ու­­րախ ենք, որ ազ­­գա­­­յին հա­­մախմբման միաս­­նա­­­կան տե­­սիլ­­քով մեր ժո­­ղովրդի աշ­­խարհաս­­փիւռ զա­­ւակ­­նե­­­րը այ­­սօր կրկին մէկ­­տե­­­ղուել են Մայր Հայ­­րե­­­նիքում, հա­­յոց պե­­տու­­թեան հո­­վանու ներ­­քոյ՝ քննար­­կե­­­լու ազ­­գա­­­յին մեր կեան­­քը յու­­զող հար­­ցեր ու խնդիր­­ներ «Հա­­յաս­­տան-սփիւռքէ հա­­մաժո­­ղով­­նե­­­րը կա­­րեւոր հար­­թակ են դար­­ձել Հա­­յաս­­տա­­­նի, Ար­­ցա­­­խի եւ սփիւռքի միաս­­նութեան զօ­­րաց­­ման, գոր­­ծակցու­­թեան խթան­­ման եւ մեր ժո­­ղովրդի տար­­բեր յա­­տուած­­նե­­­րի փոխ ճա­­նաչ­­ման եւ առնչու­­թիւննե­­րի ընդլայնման հա­­մար։ Այ­­սօր մեզ հայ­­րե­­­նիքում հա­­մախմբել է մեր ընդհա­­նուր պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնն ու մտա­­հոգու­­թիւնը մեր ժո­­ղովրդի ներ­­կա­­­յի եւ ապա­­գայի նկատ­­մամբ։ Աշ­­խարհա­­քաղա­­քական զար­­գա­­­ցումնե­­րը եւ այդ հա­­մատեքստում մեր ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան առ­­ջեւ ծա­­ռացած մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը, սո­­ցիալ-տնտե­­սական կեան­­քի դժուարու­­թիւննե­­րը, մեր հայ­­րե­­­նիքի հզօ­­րացումն ու ապա­­հովու­­թիւնը ներ­­կայ մեր սերնդին վի­­ճակուած առաջ­­նա­­­հերթ մտա­­հոգու­­թիւններն են։

Մեր պե­­տու­­թիւնը՝ թէեւ բա­­զում դժուարու­­թիւննե­­րի առ­­ջեւ, հա­­մայն հա­­յու­­թեան պա­­տուարն է եւ մեր ժո­­ղովրդի գո­­յատեւ­­ման երաշ­­խա­­­ւորը։ Այ­­սօր ժա­­մանակն է, որ դա­­ռը փոր­­ձութիւննե­­րի ծան­­րութիւ­­նը կրած մեր եր­­կիրն ու ժո­­ղովուրդը կա­­րողա­­նան ամուր քայ­­լե­­­րով ըն­­թա­­­նալ վե­­րել­­քի ու­­ղիով, որը պա­­հան­­ջում է ու­­ժե­­­րի ու կա­­րողու­­թիւննե­­րի ամ­­բողջա­­կան կեդ­­րո­­­նացում ու հա­­մախմբում։ Ազ­­գա­­­յին հա­­մախմբման հար­­ցում ամէնքս միակար­­ծիք ենք ու հաս­­տա­­­տակամ։ Հա­­մախմբու­­մը, սա­­կայն, զերծ պի­­տի լի­­նի հա­­տուա­­ծական հե­­տաքրքրու­­թիւննե­­րից ու ժա­­մանա­­կաւոր նպա­­տակա­­յար­­մա­­­րու­­թիւննե­­րից։ Պաշ­­տօ­­­նը, հա­­սարա­­կական դիր­­քը, նիւ­­թա­­­կան ու մտա­­ւոր կա­­րողու­­թիւննե­­րը, որոն­­ցով օժ­­տուած են մեր ժո­­ղովրդի զա­­ւակ­­նե­­­րը, պի­­տի ծա­­ռայե­­ցուեն մեր երկրի պայ­­ծա­­­ռաց­­մա­­­նը եւ ամե­­նուր մեր ժո­­ղովրդի առա­­ջըն­­թա­­­ցին ու ազ­­գա­­­յին կեան­­քի զար­­թօնքին։ Հայ­­րե­­­նաբ­­նակ թէ սփիւռքա­­հայ՝ հայ­­րե­­­նիքի եւ ազ­­գի հան­­դէպ կրում ենք նոյն պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը։ Հայ­­րե­­­նիքից չի կա­­րելի երես դարձնել ձա­­խողած գոր­­ծի եւ կամ տեղ գտած անար­­դա­­­րու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով։ Հայ­­րե­­­նիքից չի կա­­րելի երես դարձնել, եթէ այն նե­­ղու­­թիւննե­­րի, փոր­­ձութիւննե­­րի ու մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րի առ­­ջեւ է կամ նուազ հա­­րուստ ու յար­­մա­­­րաւետ է։ Զի­­նուորն ու ծա­­ռան ենք հայ­­րե­­­նիքի։ Այս պի­­տի լի­­նի մեր նշա­­նաբա­­նը։ Հայ­­րե­­­նիքը մենք պի­­տի սի­­րենք այն պարզ պատ­­ճա­­­ռով, որ մերն է, մեր հայ­­րե­­­րի արեամբ ու քրտին­­քով նուիրա­­գոր­­ծուած եւ մեզ աւան­­դուած։ Հայ­­րե­­­նիքով է զօ­­րեղ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը՝ իբ­­րեւ ազ­­գի զա­­ւակ, իբ­­րեւ կրողն ու շա­­րու­­նա­­­կողը հայ­­րե­­­նեաց ժա­­ռան­­գութեան, իսկ զօ­­րու­­թիւնը հայ­­րե­­­նիքի մեր ժո­­ղովուրդն է՝ ի հայ­­րե­­­նիս եւ ի սփիւռս միաս­­նա­­­բար։

Եկող տա­­րի նշե­­լու ենք Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին հան­­րա­­­պետու­­թեան 100-ամեայ տա­­րեդար­­ձը, որը կոչ ու խրա­­խոյս է ազ­­գա­­­յին հա­­մախմբման։ Մէկ դար առաջ այդ օրի­­նակը բե­­րեց մեր ժո­­ղովուրդը՝ միահա­­մուռ կամ­­քով պաշտպա­­նելով հայ­­րե­­­նիքը եւ վե­­րակեր­­տե­­­լով պե­­տակա­­նու­­թիւնը։ Այ­­սօր մեր երկրի պաշտպա­­նու­­նա­­­կու­­թեան ամ­­րապնդու­­մը պա­­հան­­ջում է միաս­­նա­­­կան առա­­ւել ջան­­քեր, ինչպէս եւ պա­­տերազ­­մի վտան­­գի ներ­­քոյ գտնուող ժո­­ղովրդի զգօն ու սթափ գի­­տակ­­ցութիւն եւ առա­­ւել պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւն։ Մեր եր­­կի­­­րը հե­­ռու պի­­տի պա­­հենք ցնցումնե­­րից եւ ամէն ջանք պի­­տի գոր­­ծադրենք՝ խա­­ղաղու­­թիւնը ամ­­րագրե­­լու եւ հաս­­նե­­­լու Ար­­ցա­­­խի ճա­­նաչ­­ման յաղ­­թա­­­նակին։

Այս տես­­լա­­­կանով մեր աղօթքն ենք բարձրաց­­նում առ Աս­­տուած, որ օրհնի մեր այս հա­­մաժո­­ղովը, ար­­դիւնա­­ւորի ջան­­քե­­­րը հա­­մաժո­­ղովի կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րի ու մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րի եւ լու­­սա­­­ւորի մեր մտքե­­րը՝ գտնե­­լու լա­­ւագոյն ու­­ղին մեր հայ­­րե­­­նիքի ու ժո­­ղովրդի զօ­­րաց­­ման եւ առա­­ջըն­­թա­­­ցի։

Թող Աս­­տուած խա­ղաղ պա­հի աշխարհը, մեր երկիրն ու համայն ժողովրդին։ Մեր Տիրոջ շնորհները, սէրն ու ողորմութիւնը թող լինեն մեզ հետ եւ բոլորի, այսօր եւ միշտ։ Ամէն։

Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղերձը

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Հա­մաժո­ղովը «Փո­խադարձ վստա­հու­թիւն, միաս­նա­կանու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­­թիւն» խո­­րագի­­րին տակ դնե­­լու ճիշդ որո­­շու­­մը. եւ կը յու­­սանք, որ ներ­­կայ հա­­մաժո­­ղովը կը դառ­­նայ Հա­­յաս­­տան-Սփիւռք իրա­­պաշտ եր­­կը խօ­­սու­­թեան եւ հա­­մահայ­­կա­­­կան խնդիր­­նե­­­րու ու մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րու լուրջ քննարկման եզա­­կի առիթ։

Արդ, աւե­­լի քան 25 տա­­րինե­­րու մեր փոր­­ձա­­­ռու­­թեան լոյ­­սին տակ, փո­­խադարձ վստա­­հու­­թիւնն ու պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը, աւե­­լի ճիշդ է ըսել՝ հա­­ւաքա­­կա՛ն պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը, գե­­ղեցիկ լո­­զունգէ ան­­դին՝ կեան­­քի պէտք է վե­­րածուին՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի, Ար­­ցա­­­խի եւ Սփիւռքի մի­­ջեւ դե­­րերու յստա­­կացու­­մով, առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւննե­­րու ճշդու­­մով ու գոր­­ծակցու­­թեան նոր որակ տա­­լով։

Կը գտնուինք մեր պատ­­մութեան մէկ վճռադ­­րոշմ խաչ­­մե­­­րու­­կին դի­­մաց։ Եկէք ըլ­­լանք իրա­­պաշտ ու ան­­կեղծ։ Հա­­յաս­­տա­­­նը կը պար­­պուի, իսկ Սփիւռքը կը մա­­շի։ Այս վտան­­գա­­­լից իրա­­կանու­­թեան դի­­մաց պա­­տահա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւններ չեն կրնար մեր տագ­­նապնե­­րը լու­­ծել եւ վէր­­քե­­­րը դար­­մա­­­նել։ Ժա­­մանա­­կի նշան­­նե­­­րը պէտք է ճիշդ կար­­դալ, ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը պէտք է ճիշդ կա­­տարել եւ հա­­մապա­­տաս­­խան կողմնո­­րոշումներ ճշդել ու ազ­­դու մի­­ջոց­­նե­­­րու դի­­մել։

Հայ­­րե­­­նիքը հող ու ժո­­ղովուրդ է՝ պե­­տու­­թիւն ու տնտե­­սու­­թիւն ըլ­­լա­­­լէ առաջ։ Հա­­ւատար­­մութիւ­­նը հայ­­րե­­­նիքին նկատ­­մամբ վեր է ամէն տե­­սակ նկա­­տումնե­­րէ։ Հե­­տեւա­­բար, անհրա­­ժեշտ է եւ ան­­յե­­­տաձ­­գե­­­լի՝ ար­­տա­­­գաղ­­թը նուազեց­­նե­­­լու եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի բնակ­­չութեան թուային աճը ապա­­հովե­­լու ձգտող քոնքրեթ (յստակ-Խմբ.) մի­­ջոց­­նե­­­րու կի­­րարու­­մը։

Դիւ­­րին է այս հար­­ցե­­­րուն մա­­սին խօ­­սիլը, գի­­տե՛նք. հեշտ է նաեւ քննա­­դատե­­լը, դար­­ձեա՚լ գի­­տենք. էակա­­նը մեր ցա­­ւերուն դար­­ման որո­­նելու իմաս­­տութիւ­­նը, կամքն ու յանձնա­­ռու­­թիւնը ու­­նե­­­նալն է։

Սի­­րելի՚ հա­­յոր­­դի­­­ներ, Հա­­յաս­­տա­­­նը զբօ­­սավայր չէ՛, պիզ­­նե­­­սի շու­­կայ չէ՛, ան­­ցա­­­գիր չէ՛. վա՜յ մե­­զի երբ միայն այսպէ՛ս մօ­­տենանք Հա­­յաս­­տա­­­նին։ Հա­­յաս­­տա­­­նը աշ­­խարհի վրայ ինքզինք հայ դա­­ւանող հա­­յուն տո՛ւնն է՝ ան­­ցեալի, ներ­­կա­­­յի ու ապա­­գայի տու­­նը։ Մեր հա­­ւաքա­­կան տան նկատ­­մամբ ընե­­լիք ու ըսե­­լիք ու­­նինք եւ պէտք է ու­­նե­­­նանք։ Պի­­տի հզօ­­րաց­­նենք ու ծաղ­­կեցնենք Հա­­յաս­­տա­­­նը մեր ողջ կա­­րողա­­կանու­­թեամբ։ Սա իւ­­րա­­­քան­­չիւր հա­­յուն սրբա­­զան ուխտը պէտք է դառ­­նայ։

Ար­­ցա­­­խը, բնա­­կանա­­բար նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նը, կը գտնուին ոչ պա­­տերազմ եւ ոչ խա­­ղաղու­­թիւն իրա­­վիճա­­կի մէջ։ Այս անո­­րոշ կա­­ցու­­թեան եր­­կա­­­րաձ­­գումը լուրջ վտանգ մըն է Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար։ Թե­­րեւս այսպէ՛ս կ՚ու­­զեն թէ՛ մեր բա­­րեկամ­­նե­­­րը եւ թէ ոչ-բա­­րեկամ­­նե­­­րը՝ մեկ­­նե­­­լով շրջա­­նի իրենց աշ­­խարհա­­քաղա­­քական շա­­հերէն։ Մեր դա­­րաւոր պատ­­մութիւ­­նը կը վկա­­յէ, թէ ազ­­գին ու հայ­­րե­­­նիքին փրկու­­թիւնը մեր հա­­ւաքա­­կան ու­­ժին մէջ է եւ մեր հա­­ւաքա­­կան ու­­ժին ու վճռա­­կամու­­թեան հա­­րազատ ար­­տա­­­յայ­­տի­­­չը հա­­յոց արի բա­­նակն է։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր հայ զի­­նուոր մըն է հա­­յոց բա­­նակին. զի­­նուոր՝ նիւ­­թա­­­պէս նե­­ցուկ դառ­­նա­­­լով անոր զօ­­րաց­­ման եւ ի պա­­հան­­ջեալ հար­­կին՝ իր արիւ­­նը թա­­փելով ի խնդիր հայ­­րե­­­նիքի պաշտպա­­նու­­թեան։

Հա­­յաս­­տա­­­նը կա­­րեւոր դեր ու­­նի կա­­տարե­­լիք Սփիւռքի հա­­յօրէն վե­­րակեն­­սա­­­ւոր­­ման, յատ­­կա­­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին ու կրթա­­կան մար­­զե­­­րէն ներս, ինչպէս նաեւ ազ­­գա­­­յին միաս­­նա­­­կանու­­թեան ամ­­րապնդման գծով։ Ար­­դա­­­րեւ, Սփիւռքի հա­­յերուն քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն շնոր­­հե­­­լը կա­­րեւոր քայլ մըն էր։

Լուրջ տագ­­նա­­­պի մէջ գտնուող գա­­ղու­­թի մը, օրի­­նակ Սու­­րիոյ հա­­յու­­թեան նկատ­­մամբ Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տու­­թեան ցու­­ցա­­­բերած քա­­ղաքա­­կան եւ մար­­դա­­­սիրա­­կան աջակ­­ցութիւ­­նը այ­­լա­­­պէս կա­­րեւոր քայլ մըն էր։ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 100ամեակի հռչա­­կագի­­րը պատ­­մա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նէր։ Անհրա­­ժեշտ է մէկ ազ­­գի ու հայ­­րե­­­նիքի պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնը ամ­­րագրող քոնքրեթ նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րը շա­­րու­­նա­­­կել նո՛յն ոգիով ու յանձնա­­ռու­­թեամբ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին հան­­րա­­­պետու­­թեան 100 ամեակի հա­­մահայ­­կա­­­կան նշու­­մը, վստա­­հաբար նոր շեշտ պի­­տի տայ մեր ազ­­գա­­­յին միաս­­նա­­­կանու­­թեան։ Եւ աւե­­լի՛ն, փո­­խադարձ զի­­ջումնե­­րով միացեալ ուղղագ­­րութեան հաս­­տա­­­տու­­մը, արեւմտա­­հայե­­րէնի պահ­­պա­­­նու­­թեան գծով Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տու­­թեան զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը ան­­կասկած պի­­տի դառ­­նան մեր միաս­­նա­­­կանու­­թեան ամ­­րա­­­կուռ սիւ­­նե­­­րը։

Այ­­սօ­­­րը ծրագ­­րել կը նշա­­նակէ վա­­ղը երաշ­­խա­­­ւորել։ Ազ­­գին տան հիմ­­քը ամ­­րացնե­­լը կ՚են­­թադրէ ազ­­գին բե­­կոր­­նե­­­րը ի մի խմբող վստա­­հու­­թիւնը ամ­­րապնդել ու նե­­րու­­ժը զօ­­րաշար­­ժի են­­թարկել։ Այ­­լա­­­պէս սոսկ լո­­զունգներ հնչեց­­նե­­­լով փակ օղակ­­նե­­­րու մէջ պի­­տի մնանք։ Չվստա­­հինք աշ­­խարհա­­քաղա­­քական շա­­հերով պայ­­մա­­­նաւո­­րուած ու­­րիշնե­­րու բա­­րեկա­­մու­­թեան։ Վստա­­հինք մեր սե­­փական ու­­ժին ու միաս­­նա­­­կանու­­թեան, մեր հա­­ւատ­­քին ու վճռա­­կամու­­թեան։ Յ. Շի­­րազի բա­ռերով՝ «Բա՛ւ է հա­յեր ցրուած մնաք մատ­նե­րիս պէս. բռունցքուելն է՝ յա­ւեր­ժութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի»։ Ա՛յս է դա­րերէն եկող ու դա­րերուն գա­ցող պատգամը հայոց պատմութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ