Յիշատակութեան օրեր

ՕՔՍԱՆԱԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Հայ Եկեղեցու այս տարուայ տօնացոյցը թէ նայելիս լինենք, անշուշտ, կը նկատենք թէ որքան շատ են յիշատակութեան օրերը՝ նուիրուած այս կամ այն սուրբի յիշատակին։ Ահա կամինք յիշեց­նել այս ամ­սուայ հան­դի­պելիք քա­նի մը յի­շատա­կու­թեան օրուայ մա­սին։

Սեպ­տեմբե­րի 25– Սի­մէոն Սիւ­նա­կեացի յի­շատա­կու­թեան օր

Սի­մոն Սիւ­նա­կեացը Կի­լիկիայէն էր, ծնուել է 390 թուակա­նին։ Հո­վիւ էր։ Օր մը եկե­ղեցի է մտել, ուր այդ ժամ Աւե­տարան կ՚ըն­թերցէին։ Բառ չհաս­կա­նալով ըն­թերցուող Աւե­տարա­նից՝ դի­մել է ծե­րու­նու մը օգ­նութեան։

Ծե­րու­նին ալ նրան բա­ցատ­րել է թէ Աւե­տարա­նը կ՚ըսէ որ պէտք է ժուժկալ լի­նել, ճգնու­թեամբ ու զրկանքնե­րով հաս­նել երկնքի ար­քա­յու­թեանը։

Այս խօս­քե­րը մեծ ներ­գործու­թիւն կ՚ու­նե­նան Սի­մէոնի վրայ։ Նա կ՚առանձնա­նայ Սի­րիայի Հա­թայ նա­հան­գում գտնուող վանք մը եւ այնտեղ շուրջ երեք տա­րի կը ճգնէ։ Ատոր ետ­քը Սի­մէոնը Աս­տուծմէն քա­րոզե­լու եւ բժշկե­լու շնոր­հի կ՚ար­ժա­նանայ։

Եր­կար ժա­մանակ քա­րոզե­լէն եւ մարդկանց իւր հա­ւատի զօ­րու­թեամբ բժշկե­լէն ետ­քը Սի­մէոնը կը զգայ, որ շատ նե­ղու­թիւն կը քա­շէ այ­ցե­լու­նե­րու եւ հի­ւանդնե­րու բազ­մութե­նէն։ Վեր­ջը փոս մը կը փո­րէ, կ՚իջ­նէ այդ փո­սի մէջ, ուրմէ միայն գլու­խը կ՚երե­ւայ, եւ այդտե­ղէն կը շա­րու­նա­կէ իր քա­րոզ­նե­րը։

Այ­նուհե­տեւ Ս. Սի­մէոնը վաթ­սուն կան­գուն բարձրու­թեան մի սիւն կը բարձրաց­նէ, ին­քը կը նստէ սիւ­նի վրայ եւ ար­դէն այնտե­ղէն կը քա­րոզէ եւ իր աղօթքնե­րով կը բժշկէ հի­ւանդնե­րուն։

Սուրբ Սի­մէոն Սիւ­նա­կեացը այդպէս ամ­բողջ օրը սիւ­նի վրայ կանգնած կամ ծնկած, գլխա­վերե­ւում ծածկ չու­նե­նալով է անցկաց­րել իր կեան­քի մնա­ցեալ տա­րինե­րը՝ իբ­րեւ սնունդ շա­բաթը մէկ ան­գամ ստա­նալով Ս. Հա­ղոր­դութիւն։

Սեպ­տեմբե­րի 26– Մեծ
Վար­դա­նի դստեր՝ Շու­շա­նի յի­շատա­կու­թեան օր

Սուրբ Շու­շա­նի իրա­կան անու­նը Վար­դե­նի էր, այ­դուհան­դերձ հա­յոց վար­քա­բանու­թեան մէջ նա առա­ւել յայտնի է Շու­շան անուամբ։ Մեծ Վար­դա­նի, ասել կ՚ու­զէ՝ Վար­դան Մա­միկո­նեանի աւագ դուստրն էր Վար­դե­նին։

Շու­շա­նին կը պսա­կեն Վազ­գէ­նի՝ վրաց Աշու­շա բդեշ­խի որ­դու հետ։ Ամու­սիննե­րը երեք որ­դի եւ մէկ դուստր կ՚ու­նե­նան։ Սա­կայն շու­տով Վազ­գէնն ին­քը բդեշխ կը դառ­նայ, որ­մէ ետ­քը կու­րա­նայ իւր հա­ւատ­քը եւ կրօ­նափոխ կը լի­նի։ Վազ­գէնն իրեն իբ­րեւ երկրորդ կին կ՚առ­նէ պար­սիկ Պե­րոզ իշ­խա­նի զո­քան­չին։

Տա­րիներ շա­րու­նակ Վազ­գէ­նը Շու­շա­նին կը հա­մոզէ եւս կրօ­նափոխ լի­նել, սա­կայն ապար­դիւն։ Շու­շա­նը կ՚ապ­րէր եկե­ղեցուն կից տնա­կի մը մէջ եւ օր­նի­բուն կ՚աղօ­թէր։

Այսպէս աղօթքնե­րի ու ամուսնու հա­լածանքնե­րի մէջ կ՚անցնեն Շու­շա­նի կեան­քի եօթ տա­րինե­րը։ Նրա միակ մխի­թարու­թիւնն իր հա­ւատն էր առ Աս­տուած եւ պա­պէն՝ Ս. Սա­հակէն իրեն աւան­դուած Ս. Աւե­տարա­նը։

Շու­շանն իր կեան­քը կ՚աւան­դէ մար­տի­րոսա­կան մա­հով։ Ուխտա­նես պատ­մի­չը կ՚ըսէ թէ Ս. Շու­շա­նի գե­րեզ­մա­նը Ցուրտա­ւում կը գտնուի։

Սեպ­տեմբե­րի 30 – Ռո­մանոս Եր­գե­ցողի յի­շատա­կու­թեան օր

Ի սկզբա­նէ նա բո­լորո­վին զուրկ էր եր­գե­լու տա­ղան­դից եւ ան­գամ կար­դալ չգի­տէր, ին­չի պատ­ճա­ռով շատ անար­գանքնե­րի է ար­ժա­նացել։ Օր մը երա­զում նրան է յայտնուել Ս. Աս­տուածա­ծինը եւ նրան մի թղթագ­լան է յանձնել՝ հրա­մայե­լով ու­տել այն։ Այ­դու ետք Ռո­մանո­սը հրա­շալիօրէն շա­րական­ներ ստեղ­ծե­լու եւ եր­գե­լու շնորհ է ստա­ցել։ Ռո­մանո­սը վախ­ճա­նուել է 556 թուին։ Այ­սօր նա կը յի­շուի որ­պէս Ռո­մանոս Եր­գե­ցող՝ շա­րական­նե­րի կա­նոն­նե­րի ստեղ­ծող։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ