ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ
zakaryamil@gmail.com
Այսէլ Թուղլուքի սիրեցեալ մայրը աւարտեց իր կեանքը։ Կը ցաւակցինք ընտանիքին, բայց ճիշդ ալ թաղման պահուն խուժանը խուժեց գերեզմանատուն եւ վիշտը կրկնապատկուեցաւ։ Նոր օղակ մը աւելցաւ ազգային լինչի ու ատելութեան մշակոյթին վրայ։ Անգամ մը եւս առերեսուեցանք այս հողերուն վրայ ինչե՜ր ու ինչեր ապրուած ըլլալու դառն փորձին հետ։ Անգամ մը եւս առերեսուեցանք պետութեան մտայնութեան եւ ուրացումով։ Անգամ մը եւս ճաշակեցինք խօսքի կեղծաւորութիւնը։ Տեսանք թէ պետութեան անունով կատարուած ցաւակցութիւնները մտերմութենէ որքան հեռու են։ Սերմանուած ատելութեան հունտերը անգամ մը եւս հասակ տուին եւ հասան հողին յանձնուած ննջեցեալը այդ հողէն դուրս հանելու վայրագ պատկերին։ Պատահածը իր հունէն դուրս հանելու դժբախտ փորձերուն ալ ականատես ելանք։ Իբրեւ թէ խուժանը հարբած էր, իբրեւ թէ ամէն ինչ կատարուած էր ալքոլի ազդեցութեան տակ։ Մինչդեռ շատ լաւ գիտենք որ հաւաքականութեան վերիվայրումները ճիշդ ալ այս բնոյթի դէպքերով կը կատարուին։ Պատմութեան մէջ անհամար օրինակներ ապրուած են, այդ պատճառաւ ալ երբեք զարմանալի չեն թուիր մեզ, հայերուս։ Դէպքը պատճառ եղաւ որ վերյիշենք անցեալի այս բնոյթի դժբախտ պատահարները։ 1915-էն վերջ իրենց հայրենի հողերուն վրայ յատուկենտ մնացած բազմաթիւ հայեր ճաշակեցին այս դառն փորձութիւնը։ Ես ալ Խաթուն մայրիկի յիշատակով կը փոխանցեմ, այն դէպքը, որ պատահեցաւ Կեսարիոյ երկու գիւղերուն մէջ եւ որու անմիջական ականատեսները եղան մայրս ու հայրս։
Սըլկընցի Սեդրակը մեռած էր։ Կը պատրաստուէին գիւղին գերեզմանը թաղելու։ Սակայն գիւղացիները առարկեցին. «չենք արտօներ որ գիւղի գերեզմանը հայ մը թաղէք։ Եթէ թաղէք հանգիստ չենք թողուր։ Կ՚աղտոտենք, կը կեղտոտենք այդ գերեզմանը» գոռացին միաբերան։ Շուարած էինք փորձեցինք գիւղի իմաստուններուն հետ, իմամին հետ խօսիլ եւ ճար մը գտնել, բայց իզուր։
Այս դէպքը առաջին անգամ սիրելի Սարգիս Սերովբեանին փոխանցած էի, երբ իր հետ կ՚այցելէինք մեր Էգրեկ գիւղի գերեզմանը։ Արցունքոտ աչքերով հարցուցած էր թէ գերեզմանը ո՞ւր է։ Չէի գիտեր որ պատասխանէի։ Միասին շրջեցանք ընդարձակ տարածքը։ Փորձեցինք թէկուզ մաշած ըլլայ գտնել Սեդրակ անունը։ Երկուքս ալ գիտէինք որ պիտի չգտնէինք։ Վերջապէս իրար փաթթուելով համոզուեցանք որ բոլոր շիրմաքարերուն վրայ Սեդրակ գրուած է արդէն։
Լուսահոգի մայրս Կիւլպէյազ Պաճը կը կոչուէր։ Այդպէս կը ճանչնային բոլորը։ Գրաճանաչ չէր։ Իսկ հայրս, որ 1901-ին Եոզղատ ծնած էր գրաճանաչ էր եւ հայախօս։ Անձնագրի մէջ անունը թէեւ Յովսէփ էր, բայց բոլորը զինք կը կանչէին Տուրան Աղա ածականով։ Այդ սերունդը չէր գիտեր իր ծնած թուականը։ Որոշ դէպքերով կը բացատրէր։ Օրինակ մայրս ծնած էր Աթաթիւրքի մահէն վեց ամիս առաջ։ Իսկ իմ ծննդեան թուականը աւելի յստակ էր՝ կալի օրերուն։ Այդ ժամանակ մեծ ու փոքր հազարաւոր գիւղեր կային, ուր հայեր կը բնակէին։ Այդ գիւղերը այսօր ալ կան, բայց անշուշտ հայերը չկան այլեւս։
Պատմած դէպքս կ՚անցնի այդ գիւղերէն երկուքի՝ Կեսարիոյ Էգրեկ եւ Սըլկըն գիւղերու մէջ 1950-ական տարիներուն։ Էգրեկի այժմու անունը վերածուած էր Քէօփրիւպաշըի։ Մայրս այդ գիւղէն է։ Դէպի արեւելք երկարող մայրուղին կը կիսէ այդ գիւղը։ Նախքան 1915 գիւղը ունէր 2,700 բնակչութիւն, երկու եկեղեցի եւ երկու դպրոց։ Մենք գիւղի վերջին բնակիչներն էինք, մեր տունը եւ մեծ մօրս տունը։ Մէյմնալ կար Սայիթ Աղայի ընտանիքը։ Սայիթ Աղա կրօնափոխ եղած հայ մըն էր։ Իսկ Սըլկըն Փընարպաշըէն դէպի Կեսարիա տանող ճամբուն վրայ գիւղ մըն է, ուր դարձեալ 15 թիւէն առաջ կ՚ապրէին 829 հայեր։ Գիւղը ունէր դպրոց մը եւ եկեղեցի մը։ Սեդրակ աղան եւ որդին ահա Սըլկընի վերջին հայերն էին։ Այս երկու գիւղի պատմութեան համար հետաքրքրական պատումներ ունի ուսուցիչ եւ գրող Պուրհանետտին Աքպաշ։ Ան հիմնուելով Ռիֆաթ Չալըքայի յուշերուն հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Պիւնեանի եւ շրջակայքի հայերուն տարագրութիւնը։ «Գաւառի Ոստիկան Զօրաց հրամանատար Մուսթաֆա Էֆենտիի եւ քանի մը զինուորներու ընկերակցութեամբ գացինք Էգրեկ գիւղը։ Նախ գիւղը շրջապատուեցաւ եւ ապա գիւղապետին փոխանցուեցաւ պետական որոշումը։ Հայերը անհաւատարիմ գտնուած էին պետութեան հանդէպ, հետեւաբար կառավարութիւնը որոշած էր իրենք տարագրել ուրիշ վայրեր։ Պէտք էր մինչեւ լուսաբաց պատրաստուած ըլլային։ Իրենց հետ կրնային առնել ինչ որ կ՚ուզեն։ Յաջորդ առտու 600 տուն հաշուող գիւղի բնակչութիւնը իրենց եզասայլերով ճամբայ ելան դէպի Փընապաշի գաւառի Սարըզ աւանը։ Այսպէս իբրեւ թէ պիտի ճամբորդէին մինչեւ Հալէպ։ Նոյն կերպով դատարկուեցաւ Սըլկըն ու ապա Կիկի գիւղերը»։
Յուշագրութեան մէջ տակաւին մանրամասնօրէն կը նշուի թէ հայապատկան կալուածները օրինակի համար՝ Քենտիր Յակոբի հողերը ինչպէս բաժանուած են։
1950-ական տարեթիւեր ըլլալու է։ Սըլկըն գիւղի մինակ հայ բնակիչ Սեդրակ Աղա իր որդւոյն հետ կ՚ապրէր։ Դժուար կեանք մըն էր իրենցը։ Սեդրակի միակ ցանկութիւնն էր, իր ծնած ու մեծցած գիւղին մէջ մեռնիլ։ Կը խրտչէր ծննդավայրը լքելու խորհուրդէն։ Այդպէս ալ եղաւ, բայց շարունակութիւնը տխուր է։ Ես այս տխուր պատմութիւնը գիտեմ, նախ ծնողներուս եւ ապա եղբօրս ու քրոջս վկայութիւններէն։ Առաջին վկայութիւնը կու գայ մեծ մօրմէս։ Իր անունը Աննա էր, բայց գիւղին մէջ զինք կը ճանչնային, որպէս Տելի Տիլպեր։ Նախ լսենք մայրս Կիւլպէյազը. «Այդ տարիներուն ձիւնը մարդու հասակով կը բարձրանար։ Հազիւ դահոյկներով կրնային ճամբորդել։ Անշուշտ հազուադէպ պիտի ըլլար այդ ճամբորդութիւնները։ Այդ եղանակին ոչ ոք տունէն դուրս կ՚ելլէր։ Ոչ հոսանք կար, ոչ ջուր։ Երախաները դպրոց անգամ չէինք ղրկեր։ Էգրեկ այդ առումով քիչ մը աւելի բախտաւոր է, քանի որ մայրուղին կ՚անցնի գիւղի մէջով եւ կապ մը կ՚ապահովուի շրջակայ բնակավայրերու հետ։ Այս պատմածներուս թուականը ճիշդ չեմ յիշեր, բայց գիտեմ որ Երզնկայի մէջ երկրաշարժ պատահած էր եւ շատ կեանքեր խլած։ Այդ աղէտէն մէկ կամ երկու տարի ետք ըլլալու է։ Յունուար կամ Փետրուար ամիս էր, երբ երկու դահոյկներ եկան գիւղ։ Ուղղակի անցան Սայիթ Աղայի տունը։ Սայիթ Աղա գիւղի կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկն էր։ Կը յարգուէր շատերու կողմէ։ Կրօնափոխ եղած եւ այդպէս յաջողած էր իր գիւղին մէջ մնալու։ Օտար այցելուներ ըլլայ հայ կամ թուրք իր տունը կ՚իջեւանէին։ Գիւղի աւագներն ալ հոն է որ կը մէկտեղուէին։ Իր զաւակներէն մէկն ալ քրոջս հետ ամուսնացած էր։ Աղան միեւնոյն ժամանակ քանի մը ջաղացներու սեփականատէրն էր։ Արդէն այդ ջաղացներու շնորհիւ է որ փրկուած էր տարագրութենէն եւ փրկութեան հատուցումն ալ եղած էր կրօնափոխ ըլլալ։ Սայիթ Աղան ձայնեց եւ Տուրան Աղայի հետ գացինք իրենց տունը։ Մայրս Տելի Տիլպեր, իր զաւակները, Սայիթ Աղան, անոր կինը Կիւլհանըմ, տղաքը, այդ տարիներուն տակաւին գիւղը բնակողներէն գորգագործ Հայկազը եւ նաեւ քանի մը թուրքեր հաւաքուած էին։ Սայիթ Աղա նախ ողջունեց մեզ եւ յետոյ դիմեց Մարաշլըօղլուին, որպէսզի բացատրէ այս հաւաքման պատճառը։
-Թերեւս լսած կ՚ըլլաք սըլկընցի Սեդրակ Աղան մեռաւ։ Կը պատրաստուէինք գիւղին գերեզմանը թաղելու, բայց մեր գիւղի գիւղացիները առարկեցին -այս գերեզմանատան մէջ չենք արտօներ որ հայ մը թաղէք, եթէ թաղէք հանգիստ չենք թողուր։ Կ՚երթանք կը շռենք կը քաքնենք այդ գերեզմանին վրայ- ըսելով։ Շուարած էինք, իմամին դիմեցինք, թերեւս կը բարեխօսէ, կը համոզէ յուսալով։ Իմամն ալ անզօր մնաց։ Վերջապէս որոշեցինք Սեդրակ Աղան Կիկի գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը թաղել։ Բայց այս եղանակին ըլլալիք բան չէ։ Նոյնիսկ դահոյկներով չենք կրնար հասնիլ։ Հետեւաբար մենք ալ որոշեցինք հոս, այս գիւղը բերել ու թաղել։ Ննջեցեալը դուրսը դահոյկին վրայ կը սպասէ։ Ձեր գիւղի ժողովուրդը ինչ կ՚ըսէ չենք գիտեր, բայց ճարահատ ենք-»։
Մենք հայերս անշուշտ որ պատրաստ էինք Սեդրակ Աղան ընդունելու, բայց չէինք գիտեր թէ մեր գիւղի մուսուլմանները ի՞նչ վերաբերում կ՚ունենան։ Մայրս կը շարունակէ պատմել. «Ձիւնը մարդու հասակը անցած էր, գետինները սառոյց։ Ինչպէ՞ս պիտի բարձրանայինք գերեզմանոցի բլուրը։ Ինչպէ՞ս պիտի փորէին փոսը։ Ամէնն ալ ձեւով կը կատարուեցաւ։ Կիներս լուացինք Սեդրակ Աղայի անշունչ մարմինը։ Կէս կատար գիտցած «Հայր Մերը» մրմնջալով դիակը բարձրացուցինք Հայոց Գերեզմանատունը։ Սայիթ Աղայի տղաքը, եղբայրներս, գիւղին խումբ մը իսլամներ եւ մեր գիւղը աքսորուած քանի մը քիւրտեր ու փոշաներ միասնաբար կատարեցինք թաղումը։ Այդ դժուար գործը ձեռք ձեռքի տալով դիւրացած էր կարծես»։
Այսօր աւերուած է Էգրեկ գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը։ Այդտեղ ի զուր կը փնտռէք շիրմաքարի մը վրայ Սեդրակի անունը։ Հիմա գիւղի այդ լքուած գերեզմանատան բոլոր շիրմաքարերուն վրայ միայն մէկ անուն կայ։ Այսել Թուղլուքի մօրը անունը՝ Խաթուն։