Կը սպասուի Կուսակալութեան պաշտօնական պատասխանը

Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդի­րը կրկին մատ­նուած է անո­րոշու­թեան։ Վեր­ջերս ան­պաշտօն մեկ­նա­բանու­թիւններ կը շրջէին կա­­ռավա­­րու­­թեան Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ ձե­­ւաւո­­րուած Նա­­խաձեռ­­նարկ Մարմնի կարգ մը ան­­դամնե­­րուն հան­­դէպ վե­­րապա­­հու­­թեան մա­­սին։ 12 Սեպ­­տեմբեր Երեք­­շաբթի յետ­­մի­­­ջօրէին Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ ժո­­ղով մը գու­­մա­­­րուե­­ցաւ այս նիւ­­թի քննարկման հա­­մար։ Ժո­­ղովի աւար­­տին ընդհա­­նուր հա­­մոզու­­մը ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ Յու­­լիս ամ­­սու մէջ Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալու­­թեան յանձնուած եւ ընտրու­­թեան հա­­ւանա­­կան թուակա­­նի մա­­սին նշումներ կա­­տարուած պաշ­­տօ­­­նական դի­­մու­­մին պա­­տաս­­խան սպա­­սելու շուրջ։

«Ակօս» նա­­խորդ շա­­բաթ կ՚իմաց­­նէր թէ կարգ մը ան­­ձեր կը պնդեն Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալին Նա­­խաձեռ­­նարկ Մարմնի կազ­­մէն դժգո­­հու­­թեան մա­­սին։ Ոմանք կը պնդէին թէ Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալը յայտնած է թէ դժգոհ են Նա­­խաձեռ­­նարկ Մար­­մի­­­նի կարգ մը անուննե­­րէն եւ այդ խոր­­հուրդին հետ կա­­րելի չէ ընտրու­­թեան եր­­թալ։

12 Սեպ­­տեմբե­­րին Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դահ­­լի­­­ճին մէջ գու­­մա­­­րուած խորհրդակ­­ցա­­­կան ժո­­ղովը կը գլխա­­ւորէր Տե­­ղապահ Գա­­րեգին Արք. Պեք­­ճեան։ Ժո­­ղովին մաս­­նակցե­­ցան Կրօ­­նական Ժո­­ղովի նա­­խագահ Սա­­հակ Արք. Մա­­շալեան, Արամ Արք. Աթէ­­շեան, Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու, Գա­­րակէօզեան Որ­­բա­­­նոցի խնա­­մակա­­լու­­թեան ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ, բա­­րերար­­ներ՝ Արէտ Էր­­կան, Հայկ Աս­­լա­­­նեան, Սա­­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուոյ ատե­­նապետ Մել­­քոն Գա­­րաքէօսէ, Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թեան ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզ, Եէնի­­գիւ­­ղի Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թե­­­նէն Սե­­ւան Շե­­շետեան, Դպրե­­վան­­քի աւագ սա­­ներէն ծա­­նօթ հրա­­տարա­­կիչ Նա­­զար Պիւ­­յիւմ, Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի կազ­­մէն Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լու, Թա­­դէոս Պե­­պեք եւ Սե­­պուհ Աս­­լանկիլ։

Մա­­մու­­լին փակ այս ժո­­ղովը տե­­ւեց երեք ժամ, որ­­մէ ետք ժո­­ղովը վեր­­ջա­­­ցաւ առանց պաշ­­տօ­­­նական յայ­­տա­­­րարու­­թեան։ Լսումնե­­րու հա­­մաձայն Կու­­սա­­­կալու­­թիւնը իմաց տուած է թէ տա­­կաւին որոշ ժա­­մանակ պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թիւն պի­­տի չկա­­յանայ։ Նաեւ պնդուեցաւ որ Կու­­սա­­­կալու­­թիւնը Խոր­­հուրդ տուած է Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի կազ­­մը չե­­ղեալ հա­­մարել։ Կու­­սա­­­կալու­­թիւնը այս պա­­հան­­ջը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ կարգ մը ան­­դամնե­­րու դէմ առար­­կութիւն ու­­նե­­­նալով։ Մինչ այդ Տե­­ղապահ Պէք­­ճեան յայտնած է թէ ինք ոեւէ դժգո­­հու­­թիւն չէ ու­­նե­­­ցած Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբէն։

Մերթ ընդ մերթ տա­­րակար­­ծութիւննե­­րու տե­­ղի տուող ժո­­ղովի աւար­­տին ընդհա­­նուր հա­­մոզում գո­­յացաւ Կու­­սա­­­կալու­­թեան ուղղար­­կուած նա­­մակին պա­­տաս­­խա­­­նը սպա­­սելու մա­­սին։

Ըն­­դունուած կար­­գի հա­­մաձայն իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը պէտք է եր­­կու ամ­­սուայ ըն­­թացքին դրա­­կան կամ ժխտա­­կան կեր­­պով պա­­տաս­­խա­­­նեն իրենց ուղղուած դի­­մու­­մին։ Այդ ժամ­­կէ­­­տը կը լրա­­նայ Հոկ­­տեմբեր ամ­­սուայ սկիզ­­բին։ Եթէ տուեալ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին պա­­տաս­­խան մը ստա­­ցուած չէ այն ատեն որո­­շուե­­ցաւ ժա­­մադ­­րութիւն մը պա­­հան­­ջե­­­լով ան­­ձամբ ներ­­կա­­­յանալ Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալու­­թեան, որ­­պէսզի ճշդուի թէ այդ ինչն է Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի դէմ ցու­­ցա­­­բերուած վե­­րապա­­հու­­թիւնը։ Վեր­­ջա­­­պէս չէ յստա­­կացած թէ Կու­­սա­­­կալու­­թիւնը ինչ պատ­­ճա­­­ռաւ դժգոհ է կազ­­մուած յանձնա­­խումբէն։

Ժո­­ղովէ ետք Տե­­ղապահ Պէք­­ճեան Սրբա­­զանի խորհրդա­­տու­­նե­­­րէն իրա­­ւաբան Սե­­պուհ Աս­­լանկիլ «Ակօս»ին փո­­խան­­ցեց հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը՝ «ժո­­ղովը բա­­ւական լա­­րուած պայ­­մաննե­­րու մէջ կա­­յացաւ։ Տե­­ղապահ Սրբա­­զանը բա­­ցայայտ կեր­­պով կոչ ըրաւ դժգո­­հու­­թիւննե­­րը հրա­­պարա­­կելու մա­­սին։ Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբը պե­­տու­­թեան մօտ դի­­մում մը կա­­տարած է։ Այդ դի­­մու­­մը ժամ­­կէտ մը ու­­նի եւ հի­­մա պէտք է այդ ժամ­­կէ­­­տի լրա­­նալը սպա­­սել։ Նա­­խաձեռ­­նարկ Մար­­մի­­­նը օրի­­նական կազ­­մութիւն մըն է։ Ոչ ոք պէտք է առար­­կութիւն մը ու­­նե­­­նայ այդ կազ­­մին հան­­դէպ։ Եթէ պե­­տու­­թիւնը յանձնա­­խումբի դի­­մու­­մին պա­­տաս­­խան մը չի տայ այս վի­­ճակը մեր­­ժում կը հա­­մարուի։ Այն ատեն ալ յանձնա­­խումբը որոշ այ­­լընտրանքներ ու­­նի իր առ­­ջեւ։ Կրնայ կա­­տարուածին դէմ դա­­տարան դի­­մել, կամ այլ մի­­ջոց­­նե­­­րու ձեռ­­նարկել։ Այս բո­­լորը պէտք է հանգրուան առ հանգրուան քննար­­կել եւ այդ քննար­­կումին հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով շար­­ժիլ»։

Աս­­լանկիլ այս տե­­սակի շշուկնե­­րուն տա­­րած­­ման փու­­լին մա­­սին հար­­ցումին ալ պա­­տաս­­խա­­­նեց հե­­տեւեալ կեր­­պով «մի­­թէ՞ պե­­տու­­թիւնը խօ­­սակից չու­­նի որ բա­­րեկամ­­նե­­­րու միջ­­նորդու­­թեամբ իր կամ­­քը պի­­տի յայտնէ։ Մենք պաշ­­տօ­­­նական պա­­տաս­­խան մը չենք ստա­­ցած։ Պի­­տի սպա­­սենք այդ պա­­տաս­­խա­­­նը։ Պե­­տու­­թիւնը իր դիր­­քո­­­րոշու­­մը պէտք է պաշ­­տօ­­­նական գրու­­թիւնով ներ­­կա­­­յաց­­նէ։ Եթէ պե­­տու­­թիւնը առար­­կութիւն մը ու­­նի կը պատ­­շա­­­ճի որ պաշ­­տօ­­­նապէս ներ­­կա­­­յաց­­նէ իր այս առար­­կութիւ­­նը։ Շիրինօղլուն ալ նշեց թէ ան­­համ ժո­­ղով մըն էր որ կա­­յացաւ։ «Ոմանք հա­­մար­­ձա­­­կեցան պե­­տու­­թեան դէմ գլուխ բռնե­­լու։ այդպէս բան ըն­­դունե­­լի չէ։ Տե­­ղապա­­հը յայտնեց թէ ինք գոհ է Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի աշ­­խա­­­տու­­թե­­­նէն եւ բնաւ մտա­­դիր չէ այդ խումբը լու­­ծե­­­լու։ Ան­­շուշտ յար­­գանք կը զգանք իր որո­­շու­­մին հան­­դէպ։ Այժմէն չեմ կրնար կան­­խա­­­տեսել թէ ապա­­գայի օրե­­րը ինչ կը խոս­­տա­­­նայ։ 30 Օգոս­­տո­­­սի Յաղ­­թա­­­նակի Տօ­­նին առ­­թիւ կա­­տարուած տօ­­նակա­­տարու­­թեան մեր զան­­ցա­­­ռու­­մը իմաս­­տա­­­լից է։ Այդտեղ պար­­տինք Պե­­տու­­թեան Պատ­­գա­­­մը տես­­նել։ Պե­­տու­­թիւնը այսպէ­­սով պատ­­գամ մը փո­­խան­­ցած եղաւ։»։

Ապա Շի­­րինօղ­­լու դառ­­նութիւն յայտնեց ժո­­ղովա­­կան­­նե­­­րէն մէ­կուն իրեն ուղղած քննա­դատու­թեան հա­մար։ Ըսաւ որ ինք միշտ աշ­խա­տած է հա­սարա­կու­թեան ի նպաստ եւ այժմ այդ աշ­խա­տու­թիւնն է որ կ՚ան­տե­սուի, կ՚ար­հա­մար­հուի ոմանց կող­մէ։ «Աւե­լի քան 35 տա­րիէ ան­շա­հախնդիր կեր­պով կը ծա­ռայեմ իմ ազ­գին» ըսաւ Պետ­րոս Շիրինօղլու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ