Տեմիրթաշէն նամակ կայ

ՀՏՓ կուսակցութեան բանտարկեալ համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ Էտիրնէի արգելանոցէն նամակներ ղրկած է 1,000 լրագրողներու, որոնց կարգինն են «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան եւ հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։

Տէմիրթաշ մամուլի աշխատողներու ուղղեալ նամակին մէջ կը ներկայացնէ իր եւ կուսակցութեան այլ 11 պատգամաւորներու, 85 քաղաքապետներու եւ աւելի քան 2,000 կուսակցականներու դէմ յարուցուած դատական գործողութիւնը։

Տեմիրթաշ եօթը գլուխներու մէջ կը մերկացնէ դատական գործողութեան կամայականութեան երեւոյթները։ Յաճախ գործող սահմանադրութենէն օրինակներ թուելով կը պարզէ կատարուած անօրէնութիւնը։ Ի դէմ այս բոլորին Տեմիրթաշ այս նամակագրութիւնը կը համարէ իբրեւ գործադրուած անարդարութիւնը յստակեցնելու գործ։

Տեմիրթաշ կը պատմէ թէ իրենց դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները պէտք է համարուին երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան սահմաններուն մէջ։ «Մեզի վերագրուած բոլոր մեղադրանքները խորհրդարանի ամպիոնէն մեր կատարած ելոյթներու շրջանակով է։ Այդ ելոյթները բացարձակապէս չեն կրնար յանցանք համարուիլ։ Մէկ կողմ թողունք ձերբակալելու երեւոյթը այս յանցանքներով նոյնիսկ մեր հարցաքննուիլը անընդունելի զանցառութիւն է» կ՚ըսէ Տեմիրթաշ։

Տեմիրթաշի նամակին ամբողջական պատճէնը կարելի է կարդալ թերթիս թրքերէն էջերուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ