Կարօ Փայլանին «Ազատութեան Մետայլ»

Հայ Ազգային Քոնկրէսի Արեւմտեան Շրջանը ազատութեան մրցանակ կը շնորհէ Կարօ Փայլանին։ Փայլան այս պարգեւը կը ստանայ 8 Հոկտեմբեր Ուրբաթ, Պեւերլի Հիլսի «Պեւերլի Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ։ Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նորա Յովսէփեան Կարօ Փայլանը կը նկարագրէ ամբողջ հայութեան համար արդարութիւն պահանջող ժամանակակից անվախ հայ հերոս մը ըլլալով։ «Մեր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ այս առթիւ իր ունենալիք ելոյթը եւ յուզումով կը սպասէ իր հետ ողջագուրուելու պահը» կ՚ըսէ Նորա Յովսէփեան։

Կազմակերպութիւնը նախապէս այս շքանշանով պատուած էր Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը, ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Էտըմ Շիֆը, Գերման Կանանչներ Կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրը եւ հանրածանօթ ռաք նուագախումբ «Սիստըմ Օֆ է Տաուն» խումբը։

Մրցանակատուուչութեան կայանալիք շաբաթի ընթացքին Կարօ Փայլան պիտի մասնակցի Հայ Ազգային Քոնկրէսի տարեկան ժողովրդական համագումարին եւ պիտի զեկուցէ զանազան նիւթերու շուրջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ