Վերջապէս դատերը կը միանան

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց նախկին հրա­մանա­տար գնդա­պետ Ալի Էօզի եւ Ոս­տի­կան Զօ­րաց ու­թը պաշ­տօ­նեանե­րու Տրա­պիզո­նի մէջ շա­րու­նա­կուող դա­տավա­րու­թիւնը կը փո­խան­ցուի Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեան, ուր կը շա­րու­նա­կուի Հրանդ Տին­քի ոճի­րի դա­տավա­րու­թիւնը։ Ամ­բաստա­նեալ­նե­րու դա­տուած վեր­ջին նիս­տը կա­յացաւ 12 Սեպ­տեմբեր Երեք­շաբթի, Տրա­պիզո­նի Առա­ջին Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ։

Տինք ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան­նե­րէն Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու դա­տարա­նին ղրկած նա­մակով յի­շեցուց եր­կու դա­տերու միացուելուն մա­սին նախ­կին հա­կումնե­րը։ Այսպէս Տրա­պիզո­նի դա­տարա­նը որո­շում կա­յացուց գնդա­պետ Ալի Էօզի եւ իր ու­թը պաշ­տօ­նակից­նե­րուն դա­տավա­րու­թիւնը շա­րու­նա­կել Իս­թանպու­լի մէջ։

Գնդա­պետ Ալի Էօզի եւ Ոս­տի­կան Զօ­րաց պաշ­տօ­նեաներ հա­րիւ­րա­պետ Մե­թին Եըլ­տըզ, են­թասպա­ներ Հիւ­սէ­յին Եըլ­մազ, Օքան Շիմ­շէք եւ յիս­նա­պետ­ներ՝ Հա­ճը Էօմէր Իւ­նա­լըր, Վէյ­սել Շա­հին, Էօն­տէր Արաս նա­խապէս ալ դա­տուած էին այս մե­ղադ­րանքով եւ ստա­ցած էին վեց եւ չորս ամ­սու մի­ջեւ բան­տարկու­թեան պա­տիժ­ներ։ Դա­տարա­նը ան­բա­ւարար գտած էր ճշդուած պա­տիժ­նե­րը եւ այսպէ­սով դա­տավա­րու­թիւնը փո­խադ­րուած էր Եղեռ­նա­դատ Ատեան։

Իրա­կանու­թեան մէջ դա­տարա­նի այս որո­շու­մը ինը տա­րինե­րու յա­մառ պա­հան­ջարկի մը աւար­տումը կա­րելի է հա­մարել։ Տին­քի իրա­ւապաշտպան­նե­րը 25 Փետ­րուար 2008-ին կա­յացած առա­ջին դա­տավա­րու­թե­նէ ի վեր յա­մառօ­րէն կը պա­հան­ջեն Տրա­պիզո­նի դա­տավա­րու­թեան Իս­թանպու­լի թղթած­րա­րին հետ միացու­մը։ Սա­կայն փաս­տա­բան­նե­րու այս պա­հան­ջարկը ընդմիշտ մեր­ժուած էր դա­տարա­նի կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ