ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Ընդհանրապէս, Սուրբ Խաչին նուիրուած տօներն են Սուրբ Խաչի երեւման, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչ, Ս. Խաչի գիւտ։ Այս տարի Սեպտեմբերի 17-ին Հայ Եկեղեցին կը յիշէ Խաչվերացը՝ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը։ Այն միշտ կը նշուի Սեպտեմբերի 11-17-ի միջեւ բաժին ընկած կիրակի օրը։
Խաչվերացի յաջորդ օրը մեռելոց է։ Նախ եկեղեցիներում Ս. Պատարագ կը մատուցուի, յետոյ հոգեհանգստեան կարգ կը կատարուի, որմէ ետքը ժողովուրդն արդէն գերեզմաններ կայցելէ։ Խաչվերացի նախորդ օրն իսկ, հիմա՝ այս տարի Սեպտեմբերի 16-ին, Սուրբ Խաչի Նաւակատիք է։ Այդ օրը եւ Խաչվերացին յաջորդող երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի օրերը Սուրբ Եկեղեցու տօնն է։
Իսկ Խաչվերացին նախորդող կիրակի օրը Բարեկենդան Սուրբ Խաչի կը կոչուի, զի այն պահքին նախորդող կիրակին է. Սուրբ Խաչին նուիրուած պահքը կը տեւէ երկուշաբթիէն մինչ շաբաթ։
Ժողովուրդը Խաչվերացին առհասարակ Սըրբխեչ կ՚ըսէ եւ կը տօնէ այն առաւել որպէս աշնանամուտի տօն՝ Խաչ, վերմակը առ, ներս փախիր, ասել կ՚ուզէ թէ օրերն այլեւս կը ցրտեն եւ դաշտ ու հանդի բացօթեայ գիշերներուն հրաժեշտ տալու ժամն է հասել։ Ժողովուրդը տօնը մեծ խնդութեամբ կը նշէ. շաբաթ օրը նախապէս ուլ կը մորթեն, գորովի կը պատրաստեն, անուշեղէն կը դնեն։
Ի դէպ՝ տօնը նուիրուած է Տիրոջ Խաչի՝ պարսից գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձի եւ Գողգոթայում վերացման՝ կանգնեցման յիշատակին, որմէ տօնի անունը՝ ԽաչՎերաց։
Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ պարսից մեծ արքայ Խոսրով Ամբարիշտը 610 թուին մեծ զօրք հաւաքեց եւ իր Խոռեմ զօրավարի առաջնորդութեամբ ուղարկեց այն դէպի Յունաստան։
614 թուականին Խոռեմ զօրավարը կը գրաւէ Երուսաղէմը եւ սրի կը քաշէ բնակչութեան մեծ մասին։ Այնուհետեւ պարսիկները կը մտնեն Ս. Յարութեան տաճար, որը Սուրբ Խաչի գիւտից յետոյ կառուցել էին տուել Հեղինէ թագուհին եւ Սուրբ Կոստանդիանոս Կայսրը՝ Գողգոթայի վրայ, եւ այնտեղ կանգնեցրել Սուրբ Խաչը։ Խոռեմը կը բռնագրաւէ տաճարի թանկարժէք զարդերն ու Աստուածընկալ Սուրբ Խաչը եւ այն կը տանի Պարսկաստան։ Քրիստոնեաները կը զրկուեն իրենց սրբութենէն։
Երբ Խոռեմ զօրավարը՝ իւր աւարով ու զօրքով, կը մօտենայ պարսից արքայանիստ քաղաք, Խոսրով թագաւորը ընդառաջ կ՚ելնէ՝ անձամբ դիմաւորելու Տերունական Խաչը։ Եւ այդպէս փառաւորելով Խաչը՝ այն մեծ պատուով կը պահէ իւր քաղաքում՝ Խաչի առջեւ մշտապէս վառ պահելով անշէջ կրակ մը։
Պարսիկները մեծ երկիւղածութեամբ կը վերաբերէին Խաչին՝ ասելով թէ՝ քրիստոնեաներու Աստուածն է իրենց մօտ եկել։ Անգամ խաչի վրայ եղած թանկարժէք զարդերին ձեռք չէին տալիս։ Նրանցմէ շատերը դարձի կու գային եւ կը մկրտուէին որպէս քրիստոնեայ։
Յունաց կայսեր Հերակլի՝ Խաչը ետ վերադարձնելու բոլոր փորձերն ապարդիւն կ՚անցնէին։ Օգուտ չտուեց անգամ ճենաց Խական թագաւորի օժանդակութիւնը. նրա զօրքը ճակատամարտի ընթացքին պարսից բանակի ճնշման ներքոյ անցաւ Խոսրով թագաւորի կողմը։
Ի դէպ՝ այդ պատերազմին որպէս Հերակլի դաշնակից հանդէս կու գային նաեւ հայերը՝ զօրավար Մժեժ Գնունու առաջնորդութեամբ։
Ինչեւէ՝ ճակատամարտը Հերակլը կը պարտուէ, որմէ յետոյ վայր կը դնէ իր շքեղ հանդերձանքը, թագն ու թագաւորական ծիրանին, կը հագնէ քուրձ մը եւ մոխրի վրայ ընկնելով՝ երեք օր կ՚աղօթէ։ Չորրորդ օրը տեսիլք կ՚ունենայ թէ այս անգամ մը պիտի ինքը յաղթէ։
Եւ իրաւ, ճակատամարտին Խոսրովը կը կնքէ իր մահկանացուն, Հերակլը մեծ զօրքով կու գայ արեւելք՝ պահանջելու Սուրբ Խաչը, որը եւ կը վերադարձուի իրեն։ Քրիստոնեաները կը վերագտնեն իրենց սրբութիւնը։
Նախ Խաչը կը բերուի հայոց Կարին քաղաք, յետոյ՝ Կ. Պոլիս, ետքը՝ Երուսաղէմ։ Ճանապարհին այն քանի մը անգամ հանդիսաւոր կերպով վեր կը կանգնեցուի եւ կը փառաւորուի։ Յայտնի է հրաշալի դէպքը Կարինում, սակայն այս մասին աւելի ուշ պատմենք։
Այսպէս վերջնականօրէն կը հաստատուէ Խաչվերացի տօնը։ Այն մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի։
Երեկոյան ափսէի վրայ կը դնեն Կենաց փայտի մասունք մը պարունակող խաչը, որը կը զարդարեն ռեհանով ու երփներանգ ծաղիկներով եւ վարդաջուր կը ցօղեն վրան։Ապա Խաչը կը բերեն եկեղեցու գաւիթ եւ դրանով կը տեառնագրեն աշխարհի չորս կողմերը։
Կը հաւատան, որ Խաչի չորս թեւերը տարբեր ուղղութիւններով կը ներգործեն աշխարհի վրայ. Խաչի ներքեւի պատուանդանը կ՚աւերէ դժոխքը, վերեւի գլուխը կը բանայ Դրախտի դռները, աջ թեւը շնորհներ կը բաշխէ մարդկանց, իսկ ձախը՝ կը սաստէ ու կը պատուհասէ դեւերուն։