Դպրոցական տարեմուտի շեմին գրուած մեր նախորդ յօդուածով ծանրօրէն մեղադրած էինք պոլսահայ վարչական դասը։ Քաղաքի հայկական վարժարաններուն մատնուած ճգնաժամի պատասխանատուութիւնը բեռցուցած էինք իրենց ուսերուն։ Կ՚երեւի թէ ճիշդ էր մեր հաստատումը, քանի որ անցնող օրերուն ոչ մէկ առարկութիւն, ինքնապաշտպանութիւն կամ արդարանալու ճիգ լսեցինք այդ շրջանակէն։ Տեսնելով անոնց լռութիւնը, մենք դիմեցինք ինքնաքննադատման։ Միթէ քաւութեան նոխազի՞ վերածած էինք պոլսահայոց որոշ մէկ հատուածը, որոնք կամայ թէ ակամայ կը ներկայանային համայնքային վարիչի, յատկապէս ալ դպրոցի խնամակալի կոչումով։ Բայց ո՞վ էին անոնք։ Ուրիշ աշխարհներէ եկած էին մեր հաւաքականութիւնը կործանելո՞ւ։ Քանի որ այդպէս չէ, ուրեմն եկէք խնդիրը քննենք աւելի ընդարձակ տեսանկիւնէ։ Մենք միասնաբար հայ դպրոցը դրած ենք նման ճգնաժամի դիմաց։ Իր սանը դէպի օտար վարժարան առաջնորդող տնօրէնը մեղաւոր չէ՞։ Օտար վարժարաններու մուտքի քննութեան յաջողած երախաներու նկարներով այս կորուստը խրախուսող խմբագիրը մեղաւոր չէ՞։ Վերջապէս հայ վարժարանի հիմնական առաքելութեան՝ հայերէնի ուսուցման դէմ առարկող ծնողքը մեծագոյն մեղաւորէ չէ՞։ Պոլսահայութիւնը այն զանգուածն է որ մեծ ջանք կը վատնէ իր զաւակը օտար վարժարան ղրկելու համար։ Եթէ պատանին չյաջողի օտար վարժարաններու մտից քննութեան մէջ ու պարտադիր դիմէ հայ վարժարանին, այս անգամ ալ ազգային կրթօճախը ապազգայնացնելու համար նոյն ջանքը վատնողն է պոլսահայը։ Կը ճնշէ տնօրէնութեան վրայ, որպէս զի միայն լեզուի ու կրօնի դասը անցնի հայերէնով եւ մնացածը մատուցուի տեղական լեզուով։ Այս համայնապատկերին մէջ իսկապէս անարդար է միայն խնամակալները մեղադրել։ Հայ դպրոցի առաջնահերթ խնդիրը աշակերտութեան յարատեւ նուազումն է։ Դպրոցներու վարիչները չեն տեսներ օտար դպրոցներու գործօնը եւ իրար կը մեղադրեն ցրի արձանագրութիւնով աշակերտ քողնալով։ Քանի որ չունինք վիճակագրական յստակ տուեալներ, բնականաբար պիտի դիմենք համեմատագիտութեան։ Թուրքիոյ բնակչութիւնը հասած է 80 միլիոնի, որուն մէջ նախակրթարան եւ երկրորդական վարժարաններ յաճախողները կը հաշուին 17,5 միլիոն։ Պոլսահայութեան թիւը ենթադրաբար 80 հազար ընդունելով պէտք էր ունենայինք 17 հազարէ աւելի աշակերտ։ Կարելի է առարկել այս 80 հազարին, շատեր համոզուած են որ աւելի նուազ ենք։ Համակերպինք այս առարկութեան եւ բնակչութեան կարծեցեալ թիւը կրճատենք կիսով։ Դարձեալ պիտի ակնկալենք մօտ 9 հազարի աշակերտութիւն։ Նոյնիսկ մէկ-երկու հազարի զիջում մը ընդունինք ըսելով թէ Թուրքիոյ ընդհանուրին հետ բաղդատելով պոլսահայութիւնը աւելի տարեց հաւաքականութիւն մըն է։ Քաղքենի փառքերու հետեւանքով մտահոգիչ կերպով նուազած է ծննդաբերութիւնը պոլսահայոց մէջ։ Սակայն աշակերտութեան նուազումը կարելի չէ այս տուեալներով բացատրել։ Վերջին տարիներուն մեր 16 դպրոցներու աշակերտութիւնը հազիւ կը հասնի երեք հազարի։
Քսան տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ նախակրթարանի պարտադիր ուսումը հինգ տարիէն ութ տարուայ բարձրացաւ։ 1996-ին հինգ հազարէ աւելի հաշուող աշակերտութիւնը յաջորդ տարի կտրուկ կերպով իջաւ երեք հազարի։ Այսօր այդ սահմանն ալ պահելու կը դժուարանանք։
Այս յօդուածին մէջ նիւթ ունեցանք պոլսահայոց իրենց զաւակները հայ դպրոցէ եւ առհասարակ հայեցի դաստիարակութենէ զրկելու կամքը։ Պարտինք նշել թէ այս ապազգային հոսանքը սահմանուած չէ միայն Պոլիսով։ Սփիւռքեան մերօրեայ համատարած ախտի մասին որ կը խօսինք, հաւանաբար պոլսահայութիւնը բաղդատմամբ զանազան գաղութներու, իր ծանր հոգերով հանդերձ տակաւին կը շարունակէ օրինակելի մնալ։