Սրբապղծուած է Միջին Արեւելքի հայկական մեծագոյն եկեղեցին

Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ հրա­­տարա­­կուող armenianweekly.com հա­­մացան­­ցի մա­­մու­­լը հրա­­պարա­­կեց Տի­­յար­­պէ­­­քիրի Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեց­­ւոյ այժմու իրա­­վիճա­­կը պար­­զող լու­­սանկար­­ներ։ Այս մա­­սին կա­­տարած լրա­­տուու­­թեան մէջ գոր­­ծա­­­կալու­­թիւնը կը նշէ թէ լու­­սանկար­­ներ գատ­­նա­­­բար առ­­նուած են Յու­­լիս ամ­­սուան մէջ։

Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեցին եր­­կար տա­­րիներ աւե­­րակ մնա­­լէ ետք թա­­ղական խոր­­հուրդի, նախ­­կին տիգ­­րա­­­նակերտցի­­ներու եւ Տի­­յար­­պէ­­­քիրի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ջան­­քե­­­րով վե­­րանո­­րոգուած եւ 22 Հոկ­­տեմբեր 2011-ին վե­­րաբա­­ցուած էր մեծ ոգե­­ւորու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռելով հա­­մայն հա­­յու­­թեան եւ տեղ­­ւոյն բնա­­կիչ­­նե­­­րուն։

Եկե­­ղեցիի վե­­րաբա­­ցու­­մով պա­­տահած էր շա­­հեկան անակնկալ մը եւ բազ­­մա­­­թիւ ծպտեալ հա­­յեր սկսած էին հրա­­պարակ իջ­­նել եւ հա­­մախմբուիլ եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն ներ­­քեւ։ Հայ հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան մէջ յա­­ճախ կը շեշ­­տուի «եկե­­ղեցին ժո­­ղովուրդ է» հաս­­տա­­­տու­­մը։ Այս շրջագ­­ծով Սուրբ Կի­­րակո­­սի այս նոր օծու­­մը եւ վե­­րաբա­­ցու­­մը հրաշ­­քի հա­­մազօր ապա­­ցոյց մը եղաւ սոյն հաս­­տա­­­տու­­մին հա­­մար։

Ափ­­սոս որ Թուրքիոյ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն որ­­դեգրած ռազ­­մա­­­տենջ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնով եկե­ղեց­ւոյ տա­րած­քը ան­հա­սանե­լի եղաւ բո­լորին հա­մար։ Նա­խապէս մա­մու­լի մէջ յայտնուած էին կարգ մը լու­սանկար­ներ, ուր կը տես­նուէին Յա­տուկ Ծա­ռայու­թեան ոս­տի­կան­նե­րը եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։

Ինչպէս ամե­­րիկա­­հայ պար­­բե­­­րակա­­նի հրա­­պարա­­կած լու­­սանկար­­նե­­­րով ալ յայտնի կը դառ­­նայ թէ գո­­յացած վնա­­սը շատ մեծ չէ եղած բաղ­­դատմամբ նոյն տա­­րած­­քի մէջ գտնուող այլ սրբա­­վայ­­րե­­­րու։ Մա­­նաւանդ նշենք որ Սուրբ Կի­­րակո­­սի ալ գտնուած եւ ՈՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի կող­­մէ մօտ ան­­ցեալին «հա­­մաշ­­խարհա­­յին մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռանգ» հա­­մարուած թա­­ղամա­­սը հիմ­­նա­­­յատակ կոր­­ծա­­­նուած է եւ եր­­կու հո­­գիի ուս ու­­սի քա­­լելուն ան­­գամ առիթ չըն­­ծա­­­յող նեղ­­լիկ փո­­ղոց­­նե­­­րը վե­­րածուած են ըն­­դարձակ տա­­րածքնե­­րու։ Ու­­րեմն կա­­րելի է մխի­­թարուիլ թէ Սուրբ Կիրակոս գոնէ առայժմ նուազագոյն վնասով դուրս եկած է այս բարբարոսական կործանումէն։ Իսկ եկեղեցւոյ հօտը յոյսով կը սպասէ պայմաններուն բարելաւման եւ եկեղեցիին վերստին պաշտամունքի բացուելուն օրերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ