«Կարտիըն» կը հրապարակէ պետական աւազակութիւնը

Անգլիական «Կարտիըն» թերթը հիմնուելով Դա­նիական «Պեռ­լինքսքէ» թեր­թին փո­խան­ցուած դրա­մատ­նա­յին գաղտնի ար­ձա­նագ­րութիւննե­րուն, հրա­պարա­կեց խիստ զգա­յացունց լրա­տուու­թիւն մը։ «Կար­տիըն» կը հրա­պարա­կէր թէ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը 2,9 մի­լիառ ար­ժո­ղու­թեամբ սեւ դրա­մը լուացած են եւ­րո­պական կարգ մը քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը եւ լրագ­րողնե­րը կա­շառե­լու մի­ջոցաւ։ Ատրպէյ­ճան այսպէս, թէ լո­պիական աշ­խա­տու­թիւններ ծա­ւալած է եւ թէ բա­ւակա­նին սուղ ու փար­թամ առեւ­տուրներ կա­տարած։ Եղա­ծը կը դի­տուի «Ատրպէյ­ճա­նական Լուացա­րան» (Azerbaijan Laundromat) հեգ­նա­կան բա­ցատ­րութիւ­նով։ Այս լրա­տուու­թեան հիմք հան­դի­սացող ու­սումնա­սիրու­թիւնը, կը կո­չուի «Կազ­մա­կեր­պեալ Յան­ցա­գոր­ծութիւն Եւ Կա­շառ­քի Յայտնա­բեր­ման Ծրա­գիր» (Organized Crime and Corruption Reporting Project)։ Այս ու­սումնա­սիրու­թիւնը կը ծա­ւալի դէ­պի Թուրքիոյ եւ էմի­րաթ­նե­րու կարգ մը ըն­կե­րու­թիւննե­րուն, որոնց դար­ձեալ մեծ քա­նակու­թեամբ գու­մար փո­խան­ցուած է։ Ու­սումնա­սիրու­թիւնը թէեւ չի յստա­կացներ խնդրոյ առար­կայ գու­մարնե­րու աղ­բիւրը, բայց պնդումնե­րը կը հաս­նին Ալիեւի ըն­տա­նիքին։ Կը պնդուի նաեւ թէ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու բռնա­բար­ման մա­սին լու­րե­րը ան­տե­սելու փո­խարէն կա­շառուած են եւ­րո­պացի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ եւ լրագ­րողներ։

Նաեւ կ՚ընդգծուի ու­րիշ վար­կած մը եւս, ըստ որու այս աղ­բիւրնե­րէն օգ­տուող­նե­րու մէկ մա­սը կրնան պատ­կե­րացում մը չու­նե­նալ եկող գու­մարնե­րու աղ­բիւրի մա­սին։ Սա­կայն յստակ է թէ Ատրպէյ­ճան եւ Ռու­սաստա­նէն փո­խան­ցուած այս գու­մարնե­րը Եւ­րո­պայի կա­րեւոր դրա­մատու­նե­րէն հա­մարուող «Տանսքէ»ի էս­տո­նական մաս­նա­ճիւ­ղի մի­ջոցաւ հա­սած են ուր որ պէտք է հաս­նէին։ Ար­դէն «Տանսքէ» պան­քի պա­տաս­խա­նատու­նե­րէն ալ խոս­տո­վանած են այս ուղղու­թիւնով կա­տարուած մե­ղադ­րանքնե­րը։ Վեր­լուծա­բան­ներ մեկ­նա­բանե­լով այս հրա­պարա­կու­մը հա­մոզում կը յայտնեն թէ 2013-ին Եւ­րո­պայի Խորհրդա­րանին մէջ Ատրպէյ­ճա­նէ ներս մար­դու իրա­ւունքնե­րու եւ խօս­քի ազա­տու­թեան բռնա­բար­ման նիւ­թով քննա­դատա­կան տե­ղեկագ­րի քուէար­կութեան ժա­մանակ յա­ջողած են իրենց նպա­տակին, քա­նի որ մեր­ժուած է տե­ղեկա­գիրը։

Այս գաղտնի աղ­բիւրը շա­հագոր­ծուած է նաեւ 9 մի­լիոն տո­լարի ար­ժո­ղու­թեամբ կարգ մը փար­թամ առեւ­տուրնե­րու եւ շատ սուղ ուսման վարձ ունեցող դպրոցներու համար։ Կ՚արժէ յիշել որ այս պնդումներուն նիւթ դարձած անգլիական ընկերութիւնները արդէն իսկ դադրեցուցած են իրենց աշխատութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ