62տարիներ անցած են 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականէն այսօր։ Թուրքիոյ պատմութեան ամօթալի էջերէն մէկը հանդիսացող այդ թուականը եթէ ոչ երկրի հասարակութեան, բայց գոնէ որոշ մտաւորական զանգուածի մը համար վերջերս դարձած է յիշատակման արժանի օր։ Այսպէս ամէն տարի այդ թուականի նախօրեակին զանազան միջոցառումներ կը կազմակերպուին վերյիշելու համար կատարուածը։ Արդարեւ այս տարի ալ Թուրքիոյ Պատմութեան Հիմնարկը կազմակերպած է շահեկան ասուլիս մը 6-7 Սեպտեմբերին պատահածները մեկնաբանելու մտադրութեամբ։ Այս գիտաժողովին իրենց զեկոյցներով կը մասնակցին Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան, Ֆոթի Պենլիսոյ եւ Հաքան Եիւճէ։ Ասուլիսը առիթ համարելով զրուցեցինք Իսթանպուլի Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու Բաժնի դասախօս Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի հետ։ Կիւրքան այս մասին բաւական հետաքրքրական հաստատումներ ունի։ Ան համոզուած է որ դէպքերը ճակատագրական փուլ մը կը կազմեն մշակոյթի մայրաքաղաք Պոլսոյ պատմութեան մէջ։ Ազգային Պետութեան գործընթացին եթէ առաջին հանգրուանը քրիստոնեաներու երկրի տարածքէն ջնջուիլն էր, ապա երկրորդ կարեւոր գործօնը այդ զանգուածը ինքզինք համեմատաբար աւելի ապահով զգացած Պոլիսէն ալ հեռացնելն էր։ Ան այս համոզումէն մեկնելով կը պնդէ թէ սոյն գործողութեան շարունակութիւնը պէտք է համարուի 1964-ին յոյներու արտաքսումը։
Դասախօսը ունի շատ կարեւոր հաստատումներ նաեւ պատահածներու ուրացման գործընթացին համար։ Ան կ՚ըսէ թէ «էթնիկ մաքրագործում, ցեղասպանութիւն կամ կոտորածի նման յանցագործութիւններուն կը յաջորդէ ուրացումը։ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մէջ մեղաւորի դիրքով յայտնուողները խոր լռութեան մատնուած են, որ կարելի է ուրացում համարել։ Բացի այդ շրջանի Ներքին Գործոց Նախարար Նամըք Կետիքէ ոչ ոք հրաժարած է։ Պաշտօնանկ եղածներէ շատեր կարճ ժամանակ անց վերատիրացած են իրենց պաշտօններուն։ Թուրքիոյ մէջ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առնչութեամբ իրաւ առերեսում մը երբեք չէ եղած»։
Ան նոյնիսկ կը հաւատայ թէ պատահածներու անուանումը անգամ որպէս 6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր անընդունելի ուրացում մըն է։ «Առանց անունը ճիշդ կոչելու կարելի չէ առերեսումի մասին խօսիլ։ Բայց ընդհակառակը մեր երկրին մէջ առերեսումը սպառնալիք մը ըլլալով կը դիտուի եւ մարդիկ կ՚ուզեն միայն ու միայն իրենց արդարութեան մասին լսել»։
Հարցազրոյցի շարունակուող բաժիններուն մէջ, երբ թղթակիցը կը հարցնէ թէ արդեօք այս երկիրը այդ դէպքէն տուժածներուն կրցա՞ւ վստահեցնել թէ նման բաներ անգամ մը եւս չեն պատահիր, պատմաբանը այս հարցումին կը պատասխանէ բոլորին մտահոգութիւն պատճառելու արժանի կերպով՝։ «Յիշենք 1894-96-ի հայոց կոտորածները։ 1908-ին սահմանադրութիւն հրչակուեցաւ ու հայեր սկսան մտածել թէ այդ օրերը մնացած են հեռաւոր անցեալի մէջ։ Ապա եկաւ մեծ ցնցումը 1909-ին՝ Ատանայի կոտորածը։ Մարդիկ կարծեցին թէ այս կարեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին հաւանական պատահար մըն է կատարուածը։ Բայց շուտով վրայ հասաւ 1915-ը։ Յոյսեր կային որ հանրապետութեան հռչակումով նոր էջ մը կը բացուի երկրի մէջ։ Այդ միջոցին ալ գործադրուիլ սկսաւ բոլորիս ծանօթ թրքացնելու քաղաքականութիւնը։ Երկրի փոքրամասնութիւնները արտերկրի հետ գոյացած բոլոր ճգնաժամերուն իրենք զիրենք տեսան պատանդի դիրքին մէջ։ Մէկ կողմ դնենք –այսպէս բաներ անգամ մըն ալ չեն պատահիր- համոզումը, ի զօրու եղաւ –ամէն վայրկեան կրնայ պատահիլ- վախազդու սարսափը»։
Այս հարցազրոյցը իր ամբողջական բնագիրով կարելի է կարդալ թերթիս թրքերէն էջերուն մէջ։
Այս առթիւ շահեկան զրոյց մը ունեցանք նաեւ բռնցկամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի մենագրութիւնը համարուող «Ո՞ւր ես Կարօ» գիրքի հեղինակ Էմինա Թեմելի հետ։ Այս վերջինը հաստատեց թէ ինք առաջին անգամ այս գիրքի նախապատրաստութեան շրջանին լսած է 6-7 Սեպտեմբերի պատահարները։ «Թէ տարիքի բերմամբ եւ թէ պոլսեցի չըլլալուս հետեւանքով նախապէս պատկերացում մը չունէի այս դէպքերու մասին։ Զարհուրելով լսեցի Կարպիս Զաքարեանի եւ իր բարեկամներուն այդ դէպքերու մասին վկայութիւնները։ Այդ օր Զաքարեան պատահմամբ կը հանդիպի ոստիկանի մը զոր ինք ճանչնալով կը զգուշացնէ ժամ առաջ տուն երթալու մասին։ -Շուտով տուն գնայ- կը զգուշացնէ ոստիկանը։ Ապա լուռ կը մնայ։ Ոչ մէկ բացատրութիւն թէ ինչո՞ւ պէտք է շուտ տուն վերադառնայ։ Այդ հարցումին պատասխանը Զաքարեան կը տեսնէ իր տան փողոցին անկիւնը հասնելով։ Կը տեսնէ խորտակուած խանութները, տուները, բայց կը դժուարանայ այդ տեսածներուն իմաստ կը վերագրելու մէջ։ Ի՞նչ էր պատահածը, ի՞նչ եղած էր, որ մարդիկ այսպէս վայրագօրէն կը յարձակէին քրիստոնեաներուն սրբավայրերուն, տուներուն կամ խանութներուն վրայ։ Կը թալանէին ամէն ինչ, կը սրբապղծէին բոլոր սրբութիւնները»։